Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ընդգծեց, որ կառավարութիւնը իր վստահութեան քուէն ստանալէն ետք, պիտի սկսի աշխատանքի եւ գործնականօրէն պիտի թարգմանէ այդ վստահութիւնը, որ ստացած է:
Պըրրի նշեց, որ տագնապի սեղանին վրայ դրուած բոլոր թղթածրարները առաջնահերթութիւն են, ուրեմն կառավարութիւնը ինչպէս որ սկսի իր աշխատանքը, լաւ կ՛ըլլայ, կարեւորը սկսիլն է:
Անդրադառնալով փտածութեան դէմ պայքարին` Պըրրի նշեց, որ երեսփոխանները բոլորն ալ շեշտեցին, որ փտածութիւնը իրենց թշնամին է: Պըրրի յայտնեց, որ փտածութիւնը ո՛չ կրօն ունի, ո՛չ համայնք, աւելի՛ն` անիկա կրօնի դէմ է եւ ամբողջ երկրին: Ան աւելցուց, որ կը պահանջուի պատասխանատուութեան ենթարկել փտածը, ով որ ալ ըլլայ, որպէսզի ուրիշները այդ քայլին չդիմեն:
Պըրրի դիտել տուաւ, որ կառավարական աշխատանքի լրջութիւնը փաստող դրական նշաններէն մէկը այն է, որ կ՛արագացուի օրէնքներու գործադրումը: «Եթէ անոնք գործադրուին, չեմ ըսեր, որ անոնք 100 տոկոսով կամ 90 տոկոսով պիտի ջնջեն փտածութիւնը, բայց պիտի ոչնչացնեն այս փտածութեան մեծ մասը, եւ պիտի կասեցնեն բոլոր անոնց, որոնք կը համարձակին այդպիսի բան մը ընել», ընդգծեց Պըրրի: