Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ծառերը «Վերանորոգող» Պանկլատէշցին

Փետրուար 16, 2019
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Պանկլատէշի մէջ Օհիտ Սարտըրը կը փորձէ իր երկրին ծառերը պահպանել` անոնց կոճղերուն վրայէն հանելով ծանուցումներն ու գամերը:

Պանկլատէշի մէջ ծառերը յաճախ գործածուած են իբրեւ ձրի ծանուցումի ցուցատախտակներ: Անոնք նոյնիսկ երբեմն ամբողջովին ծածկուած են ծանուցումներով: Այս ծանուցումները կը փճանան ու կ՛անհետանան ժամանակի ընթացքին, սակայն զանոնք ամրացնող գամերը կը մնան մխրճուած ծառին կոճղին մէջ:

53 տարեկան Օհիտ Սարտըրը ինքնիրեն պաշտօն տուած է այդ գամերը հանել ծառերուն վրայէն: Այս ձեւով, յուլիս ամիսէն ի վեր ան կը շրջի երկրին մէջ հեծիկով: «Մեզի նման` անոնք կ՛ապրին եւ ցաւ կը զգան», կ՛ըսէ ան: «Ես տեսայ ծառեր, որոնք գամերուն պատճառով կը մեռնին, տեսայ, թէ որքա՛ն կը տառապին այս պատճառով»:

Այս որմնադիրը մեծցած է` հետեւելով պանկլատէշցի յայտնի բուսագէտ Ժակտիշ Շանտրա Պոսէի, որ 20-րդ դարու առաջին տասնամեակներուն գրած է բոյսերու զգացումներուն մասին: Անոր գործերէն ներշնչուելով` Օհիտը սկսած է իր պարտէզին մէջ ծառեր տնկելու: Սակայն ասիկա անոր համար բաւարար չէ եղած. ան ուզած է աւելին ընել, պահպանել նաեւ արդէն գոյութիւն ունեցող բոյսերը:

Իր հեծիկով, հետը` դոյլ եւ երկար գաւազան մը, ան կը շրջի Պանկլատէշի գէշ վիճակի մէջ գտնուող փողոցներուն մէջ: Այս ձեւով, յուլիս 2018-էն ի վեր ան հաւաքած է 80 քիլօ գամ: Այս աշխատանքը դիւրին կրնայ թուիլ, սակայն տարիներէ ի վեր փայտին մէջ մխրճուած ժանգոտած գամ մը հանելը մեծ ճիգի կը կարօտի: Այս ձեւով, Սարտըրը երկար ժամեր կ՛անցընէ այս կամաւոր աշխատանքով զբաղելով, բան մը, որ շատ գոհունակութիւն չի պատճառեր կնոջ… Ան պիտի նախընտրէր, որ իր ամուսինը երկար ժամանակ անցընէ իր որմնադիրի աշխատանքով եւ մտածէ ապրուստը ապահովելու մասին:

Յաճախ Սարտըրը կը վերադառնայ այն վայրերը, ուր ան մաքրած է եւ կը նշմարէ, որ ծառերը դարձեալ ծանուցումներով ծածկուած են: Ան ա՛լ աւելի կը տխրի, երբ կը տեսնէ, որ այդ ծանուցումները կը պատկանին բժիշկներու, փաստաբաններու, ուսուցիչներու: Ան չի հասկնար, թէ ինչպէ՛ս նման ուսում ունեցող անձեր  չեն կրնար հրաժարիլ ծառերուն վնաս հասցնելէ:

160 միլիոն բնակիչ ունեցող Պանկլատէշ աղքատ երկիր մըն է: Հոն ողողումները յաճախակի են: Ըստ մասնագէտներուն, ծառերը կրնան նուազեցնել ամէն տարի այդ ողողումներուն յառաջացուցած աղէտները. անոնք կը ծծեն ջուրը եւ արգելք կ՛ըլլան  հողի քայքայումին:

«Մարդիկ չեն հասկցած, որ բնութեան հաւասարակշռութիւնը պահելու համար մենք աւելի ծառերու պէտք ունինք», կ՛ըսէ Սարտըրը:

Ի՞նչ Կը Պատահի, Եթէ Երկրագունդը
Շարժելէ Դադրի

… Կարծէք Ֆորմիւլա 1-ի ինքնաշարժ մը յանկարծակիօրէն արգելակները աշխատցնէ… Բոլորս զօրաւոր կերպով երկինք պիտի արձակուինք:

Աշխարհի մակերեսին վրայ գտնուող ամէն ինչ` սեղան, ինքնաշարժ, անասուն, ծաղկաման, նաւ եւ, անշուշտ, մարդիկ գետնէն պիտի բարձրանան ամէն կողմ դառնալով, եւ հաւանաբար վերջաւորութեան դիմացը ելած լերան մը զարնուիլ…

Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ

– Սաֆրանը աշխարհի ամէնէն սուղ համեմն է. անիկա կը հաւաքուի ծաղիկի մը վրայէն: 454 կրամ սաֆրան ստանալու համար պէտք է հաւաքել 75 հազար ծաղիկ:

– 17-րդ դարու կէսերուն կակաչները այնքան սուղ էին Հոլանտայի մէջ, որ անոնց սոխերը իբրեւ դրամ կը գործածուէին:

– Անգլիոյ Չարլզ իշխանը ըսած է, որ ինք սովորութիւն ունի ծաղիկներուն հետ  խօսելու, եւ որ` անոնք իրեն կը պատասխանեն:

– Մասնագէտները կը մտածեն, որ գոյութիւն ունին սուրճի մեզի ծանօթ աւելի քան հարիւր բոյսի տեսակներ:

– Աշխարհի սուրճին քառասուն առ հարիւրը կ՛արտադրուի Պրազիլի եւ Քոլոմպիոյ մէջ:

– Կարգ մը սուրճի ծառեր կրնան ապրիլ աւելի քան 200 տարի:

– Մենք երբ կը մտածենք անապատի մասին, մեզի համար անիկա միշտ տաք վայր մը կը թուի: Սակայն գիտէի՞ր, որ գոյութիւն ունին նաեւ ցուրտ անապատներ: Անապատը վայր մըն է, ուր շատ քիչ կամ բնաւ չ՛անձրեւեր:

– Աշխարհի ամէնէն մեծ անապատը Անթարքթիքան է: Անիկա բեւեռային անապատ մըն է, որ կը ծածկէ 14 միլիոն քառակուսի քմ տարածք: Հոն ամէն տարի հազիւ 51 մմ կ՛անձրեւէ:

– Գոյութիւն ունի պէյսպոլ բոյսի անունով ճանչցուած քաքթիւսի տեսակ մը: Անիկա կորսուելու վտանգին տակ է եւ կը գտնուի միայն հարաւային Ափրիկէի անապատներուն մէջ:

– Անապատներուն մէջ ապրող բոյսերը կրնան ջուր ամբարել, ունին երկար արմատներ, որոնք կրնան հասնիլ խորերը գտնուող ջուրի աղբիւրներուն կամ տարիներ ապրիլ առանց ջուրի:

– Նկատուած է, որ գորտերը աւելի բարձր կը կռկռան, երբ անձրեւը կը մօտենայ:

– Ձիւնի փաթիլները աւելի փոքր կ՛ըլլան, երբ ջերմաստիճանը կը նուազի:

– Ձիւնին մօտաւորապէս 90 առ հարիւրը օդ է:

– Անթարքթիքան միակ ցամաքամասն է, ուր արեւադարձային անտառ գոյութիւն չունի:

– Երկրագունդին ընդհանուր ջերմաստիճանը թեթեւօրէն կը բարձրանայ լիալուսնի ընթացքին:

– Սառցալերան մը մէջ բանտարկուած օդը կրնայ հազարաւոր տարիներու օդ ըլլալ:

– Անասունները գոյութիւն ունին շնորհիւ բոյսերու, որոնք արեւուն ուժանիւթը կը վերածեն ուտելիքի եւ թթուածինը դուրս կ՛արձակեն մթնոլորտին մէջ:

– Ձիթենիները բազմաթիւ երկիրներու մէջ խաղաղութեան խորհրդանիշ են:

– Պամպուն աշխարհի ամէնէն մեծ խոտն է:

– 2004-ին գիտնականները գտած են նորվեկիական շոճիի ծառ մը, որուն արմատները 9550 տարուան են:

Ժամանց
Կրնա՞ս գտնել կերպարին հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու կերպարները:
Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող վեց զոյգ տուփիկները:

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (16 Փետրուար 1969)

Յաջորդը

Արամ Պաչեանի «Ցտեսութիւն, Ծիտ»-ը*

RelatedPosts

Աշնան Փառատօներ.  Լուսնի Լոյս Եւ Անուշեղէն, Չինական Աշնանային Փառատօնը
Մանկապատանեկան

Աշնան Փառատօներ. Լուսնի Լոյս Եւ Անուշեղէն, Չինական Աշնանային Փառատօնը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Այժմէական.  Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը
Մանկապատանեկան

Այժմէական. Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ
Մանկապատանեկան

Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ

Հոկտեմբեր 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?