ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Պիտի դիւրանան ձեր հանդիպումները եւ հաշտութիւնները: Պիտի անդամագրուիք մարզական ակումբի մը, ուր պիտի աշխատիք ձերբազատիլ ձեր բացասական զգացումներէն: Հաճելի ժամանակ պիտի անցընէք ձեր ընկերներուն հետ:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Անձնական եւ ընտանեկան հարցերը քննարկելու համար ժամանակ պէտք է: Հակառակութիւններ եւ ճնշումներ պիտի ծագին: Ձեզմէ պիտի պահանջուի բծախնդիր ըլլալ ձեր գործին մէջ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Հանդարտութեամբ եւ առարկայականօրէն զրուցեցէք: Հարցերը պիտի ազդեն ձեր կարողութեան վրայ: Ձեր պարտականութիւնները պիտի շատնան: Հետեւեցէք ձեր առողջութեան:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Համարձակութեամբ պիտի կատարէք քննարկումներ կամ պիտի մասնակցիք խորհրդաժողովի մը: Դրական եւ խոստմնալից շրջան մըն է. ուրախ եղէք:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Կարեւոր հարց մը պիտի յաջողիք լուծել եւ կարեւոր պատասխան մը պիտի ստանաք: Նոր հորիզոններ պիտի ճեղքէք: Դուք առաջատար էք ձեր շրջապատին մէջ:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Պիտի գանգատիք ձեր գործերու դանդաղ ընթացքէն, բայց աւելի լաւ է` չաճապարէք: Սեւ միտքերու զոհ մի՛ երթաք: Պայմանագիր մի՛ ստորագրէք եւ նոր գործի մի՛ սկսիք:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Աճապարեցէք սրբագրել ձեր սխալները: Ապերախտ մի՛ գտնուիք ձեր ընկերներուն եւ սիրելիներուն հանդէպ: Մինակ մի՛ մնաք, շաղուեցէք ձեր միջավայրին հետ: Ձեր նիւթական հաւասարակշռութիւնը պահեցէք:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Արդիւնքի մը հասնելու համար փորձերը կրկնեցէք եւ մի՛ յանձնուիք ճնշումներուն: Աշխատեցէք բարելաւել ձեր նիւթական վիճակը: Մի՛ տկարանաք, յաջող շրջան մը պիտի ունենաք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Յարմար շրջան է` մասնակցելու ընկերային գործունէութիւններու կամ անդամակցելու մշակութային ակումբի մը: Պիտի ուրախանաք ձեր ընկերներու կողքին: Հաճելի պտոյտ մը պիտի կատարէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Գործի մէջ ձեր պատասխանատուները մի անհանգստացնէք: Ճկուն եւ դիւանագէտ եղէք ուրիշներուն հետ յարաբերութեան մէջ, թերեւս ձեր հարցերուն լուծումներ գտնէք:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Ձեր տրամադրութիւնը պիտի բարձրանայ: Յարմար շրջան է` քննարկումներ կատարելու եւ զրոյցներու մասնակցելու: Բախտաւոր շրջան մըն է, ձեռնածալ մի՛ մնաք: Վիպային պահեր պիտի ապրիք ձեր կողակիցին հետ:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Ձեր առաջնահերթութիւններուն ժամանակ տրամադրեցէք եւ մէկդի ձգեցէք երկրորդական հարցերը: Անծանօթներու հետ գործ մի՛ ունենաք: Կանուխ գացէք աշխատանքի եւ ուշադրութիւն դարձուցէք բոլոր մանրամասնութիւններուն: