Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յայտարարութիւններ (9 Փետրուար 2019)

Փետրուար 9, 2019
| Յայտարարութիւններ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՀԱԶԴ

Տիկին Շաքէ Ածիլածեան
Տէր եւ տիկին Յովիկ եւ Հուրի Քէլէքեան եւ զաւակը
Տէր եւ տիկին Վիգէն եւ Քրիստին Ածիլածեան եւ զաւակունք
Տիկին Սաթենիկ Մղտեսեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Վարուժ Ածիլածեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Պօղոս Յովակիմեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Սեպուհ Ածիլածեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Վազգէն Չաբութեան
Տիար Դանիէլ Ածիլածեան
Ածիլածեան եւ Ներսէսեան ընտանիքներ
Մղտեսեան եւ Տէր Կարապետեան ընտանիքներ
Մարտիկեան եւ Գոճայեան ընտանիքներ
Կորտեան եւ Խտրեան ընտանիքներ
Քէլէքեան եւ Գասարճեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, եղբօր, հօրեղբօր, մօրեղբօր եւ հարազատին`

ՅԱԿՈԲ ԱԾԻԼԱԾԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 8 փետրուար 2019-ին:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` շաբաթ, 9 փետրուարին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Նոր Հաճընի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, եկեղեցւոյ սրահին մէջ, ինչպէս նաեւ կիրակի, 10 փետրուարին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, նոյն վայրին մէջ:

—————————————

ՄԱՀԱԶԴ

Վարդիվառ Ագըլեան
Ճորճ Ագըլեան եւ ընտանիք
Ժոզեֆ Ագըլեան եւ ընտանիք
Ֆրիտա Ագըլեան
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր եւ հարազատին`

ՍԻՐԱՆ ԱԳԸԼԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ՔԷՇԻՇԵԱՆ, Մարաշ)

մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 6 յունուար 2019-ին, Մոնրէալ:

Յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնը կատարուեցաւ Մոնրէալի մէջ, Քանատա:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Հանգուցեալին մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 17 փետրուար 2019-ին, կէսօրուան ժամը 12:30-ին, Մոնրէալի Տիրամայր Նարեկի Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:

Ցաւակցութիւններուն համար կարելի է կապ պահել հանգուցեալին ընտանիքին հետ.

e-mail. siran.aklian.family@outlook.com  կամ հեռաձայնել 001 514-334-3442 թիւին:

Ագըլեան ընտանիքը շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլոր անոնց, որոնք անձամբ, ծաղկեպսակով, նուիրատուութեամբ, հեռաձայնով, ե-նամակով կամ այլապէս մասնակից եղան իրենց սուգին:

—————————————

ՀՄԸՄ-Ի ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ
100-ԱՄԵԱԿԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ

Բարձր հովանաւորութեամբ`|
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Հովանաւորութեամբ`
ՀՄԸՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ

Նախագահութեամբ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՆԱՐԵԿ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻՆ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց Թեմին

Կազմակերպութեամբ`
ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ

Տեղի կ՛ունենայ կիրակի, 10 փետրուար 2019-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» սրահին մէջ, Պուրճ Համուտ:

—————————————

ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋԻ ՆԱԽԱՏՕՆԱԿ ԵՒ ՀՐԱՎԱՌՈՒԹԻՒՆ`
ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Չորեքշաբթի, 13 փետրուար 2019-ին, երեկոյեան ժամը 4:00-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ տեղի պիտի ունենայ Տեառնընդառաջի նախատօնակին հանդիսաւոր ժամերգութիւնը:

Արարողութեան պիտի հանդիսապետէ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Նախատօնակի ընթացքին տեղի պիտի ունենայ նորածին երեխաներու խորան բարձրացման արարողութիւնը` Յիսուսի տաճար ընծայման օրինակով: Յետ եկեղեցական արարողութեանց, մայրավանքի շրջափակին մէջ պիտի վառուի աւանդական խարոյկը:

Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը, յատկապէս երիտասարդ մայրերը, ներկայ գտնուելու Տեառնընդառաջի հոգեպարար արարողութեան, Աստուծոյ ընծայելու իրենց նորածինները եւ հայցելու Անոր շնորհներն ու պաշտպանութիւնը իրենց մանուկներուն համար:

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔ

—————————————

ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը կը հրապարակէ ելեկտրածին շարժակներու յունուար ամսուան հաշուեցուցակը` հիմնուելով ուժանիւթի նախարարութեան սակացոյցին վրայ:

Ժամական իւրաքանչիւր քիլովաթի համար 363 լիբանանեան ոսկի, որուն վրայ կ՛աւելնան մնայուն բաժնեգիները.

15.000 լիբ. ոսկի` 5 ամփեր
23.000 լիբ. ոսկի` 10 ամփեր
30.000 լիբ. ոսկի` 15 ամփեր
եւ 15 ամփերէն վեր 5000 լիբ. ոսկի իւրաքանչիւր 5 ամփերին համար:

Իսկ առանց հաշուեցոյցի սարքերու բաժանորդներուն պարագային վճարումները կ՛ըլլան համաձայնաբար բաժանորդին եւ ելեկտրածին շարժակի տիրոջ միջեւ:

—————————————

ԳԷՈՐԳ ՄԵԼԻՏԻՆԵՑԻ ԳՐԱԿԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿ

ԳՄԳՄ-ի դատակազմը կը յայտնէ, թէ բացուած է 2019-ի նոր գործեր ներկայացնելու շրջանը:

Մրցանակը կ՛ընդունի գրական թէ ուսումնասիրական որեւէ նոր, անտիպ կամ գիրքի ձեւին տակ ցարդ լոյս չտեսած գործեր` առ ի գնահատում եւ հրատարակութիւն:

Գրական, իմաստասիրական, պատմական, եկեղեցագիտական, բանասիրական եւ հայ մշակոյթի այլ կալուածներուն վերաբերող գործերը, հայերէն կամ օտար լեզուներով գրուած, պէտք է դատակազմին ամէնէն ուշը հասած ըլլան մինչեւ 30 ապրիլ 2019:

Առաքուած գործերը պէտք է ըլլան ա) մեքենագրուած, բ) երեք օրինակով, գ) խտասալիկի վրայ արձանագրուած: Անոնք պէտք է ներկայացուին A4 թուղթի չափով եւ բաղկանան նուազագոյնը 9 պրակէ (144 էջ):

Դատակազմին կողմէ գնահատուած գործերը կ՛արժանանան հրատարակութեան:

Վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ դատակազմին մաս կը կազմեն` տեարք Ժիրայր Դանիէլեան (ատենապետ), Կարօ Յովհաննէսեան, Յակոբ Պալեան, Նազարէթ Պէրպէրեան եւ տոքթ. Յովհաննէս Թասլաքեան:

ԴԻՒԱՆ ԳՄԳՄ-Ի ԴԱՏԱԿԱԶՄԻ

Հասցէ`
Armenian Catholicosate of Cilicia
P.O.Box 70317
Antelias – Lebanon
E-Mail: chancellor@armenianorthodoxchurch.org

Ծանօթ.- Դատակազմին ղրկուած գործերը հեղինակներուն չեն վերադարձուիր:

Դիմողներէն կը խնդրուի յատուկ ուշադրութիւն ցուցաբերել բնագիրի լեզուին եւ ուղղագրութեան:

Խնդրանք.- Կը խնդրուի սփիւռքահայ թերթերէն արտատպել:

—————————————

ՌԻՉԸՐՏ ԵՒ ԹԻՆԱ ԳԱՐՕԼԱՆ
ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ

Ռիչըրտ եւ Թինա Գարօլան հրատարակչական հիմնադրամի դատակազմը կը յայտնէ, թէ բացուած է 2019-ի համար նոր գործեր ներկայացնելու շրջանը:

Հիմնադրամը կ՛ընդունի սփիւռքահայ երիտասարդ գրողներու գրական թէ ուսումնասիրական որեւէ նոր, անտիպ կամ գիրքի ձեւին տակ ցարդ չհրատարակուած գործեր` դատակազմին կողմէ գնահատուելու եւ ըստ այնմ հրատարակուելու համար:

Գրական, պատմական, բանասիրական, եկեղեցագիտական եւ հայ մշակոյթի այլ կալուածները շօշափող հայերէն թէ օտար լեզուներով գրուած գործերը պէտք է դատակազմին ներկայացուած ըլլան ամէնէն ուշը մինչեւ 31 մայիս 2019:

Առաքուած գործերը պէտք է ըլլան ա) մեքենագրուած, բ) երեք օրինակով, գ) խտասալիկի վրայ արձանագրուած: Անոնք պէտք է ներկայացուին A4 թուղթի չափով եւ բաղկանան նուազագոյնը 9 պրակէ (144 էջ):

Դատակազմին կողմէ գնահատուած գործերը կ՛արժանանան հրատարակութեան:

Ռիչըրտ եւ Թինա Գարօլան հրատարակչական հիմնադրամի նախագահն է ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ: Դատակազմի անդամներն են` դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան (ատենապետ), դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան, տեարք Համբիկ Պիլալեան, Սարգիս Նաճարեան, Յակոբ Լատոյեան եւ օրդ. Գեղանի Էթիեմէզեան:

ԴԻՒԱՆ` Ռ. ԵՒ Թ. ԳԱՐՕԼԱՆ
ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ԴԱՏԱԿԱԶՄԻ

Դատակազմի հասցէն.-
Armenian Catholicosate of Cilicia
P. O. Box 70317
Antelias – Lebanon
E-mail: chancellor@armenianorthodoxchurch.org

ԾԱՆՕԹ.- Դատակազմին ղրկուած գործերը հեղինակին չեն վերադարձուիր:

Դիմողներէն կը խնդրուի յատուկ ուշադրութիւն ցուցաբերել բնագիրի լեզուին եւ ուղղագրութեան:

Խնդրանք: Կը խնդրուի սփիւռքահայ թերթերէն արտատպել:

—————————————

ՍՐԲՈՑ ՀՌԻՓՍԻՄԵԱՆՑ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Սրբոց Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանը կարիքը ունի լիաժամ պաշտօնեայի մը, որ պիտի ստանձնէ տեղեկատուական եւ հաղորդակցութեան գրասենեակի պատասխանատուութիւնը:

Թեկնածուները պարտին լրացնել հետեւեալ պայմանները`

ա) Ունենան տեղեկատուութեան եւ հաղորդակցութեան համալսարանական վկայական (BS in Communication arts) եւ վերոյիշեալ մարզին մէջ 3-էն 5 տարուան փորձառութիւն:

բ) Տիրապետեն հայերէն, ֆրանսերէն եւ արաբերէն լեզուներուն:

գ) Ունենան ստեղծագործական եւ նախաձեռնութեան ոգի, ինչպէս նաեւ բազմազան աշխատանքի կարողականութիւն:

Հետաքրքրուողներէն կը խնդրուի իրենց դիմումնագիրները եւ անձնական տուեալները ուղարկել հետեւեալ հասցէին` recrutement@collegehripsimiantz.com որուն կցուած ըլլայ իրենց «Սի. Վի.»-ն, առաւելագոյնը մինչեւ 15 փետրուար 2019:

Յաւելեալ տեղեկութեանց համար հեռաձայնել վարժարանիս թիւերուն` 01/891068-01/891099, առաւօտեան ժամը 8:00-էն մինչեւ կէսօրուան ժամը 12:00:

ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ

—————————————

ՎԱՐՁՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ

  • Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին կից, 5-րդ յարկ:
  • Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի շէնքեր, 4-րդ յարկ:
    Դիմել` հեռ. 03-557007:

—————————————

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ
ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ

2 ՄԱՐՏ 2019

—————————————

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ԼՕԽ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
ՅԱՐԱԲԵՐԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

7 ՄԱՐՏ 2019

—————————————

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՀՅԴ «Հ. ՄԱՐՈՒԽԵԱՆ» ԿՈՄԻՏԷ

11 ՄԱՐՏ 2019

—————————————

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ՔՆԱՐ» ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԻ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՕԺԱՆԴԱԿ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ

14 ՄԱՐՏ 2019-ԻՆ

—————————————

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՀՅԴ «ՆԻԿՈԼ ԱՂԲԱԼԵԱՆ» ԿՈՄԻՏԷ

ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ -ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ

23 ՄԱՐՏ 2019

—————————————

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՀԲԸՄ-ԼԻԲԱՆԱՆ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԵՐՈՒ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ

ՄԻՋԻՆՔԻ ՃԱՇ

ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ, 27 ՄԱՐՏ 2019

—————————————

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՆ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՕԺԱՆԴԱԿ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

ՈՒՐԲԱԹ, 3 ՄԱՅԻՍ 2019

—————————————

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

«ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ»-Ի ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ

ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐ

8 ՄԱՅԻՍ 2019

ԿԸ ԽՆԴՐՈՒԻ ՉԽԱՉԱՁԵՒԵԼ

—————————————

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՊԵՐԵՃԻԿԻ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՏԻԿՆԱՆՑ
ՕԺԱՆԴԱԿ ՄԱՐՄԻՆ

BRUNCH

9 ՄԱՅԻՍ 2019

 

Նախորդը

Պասքեթպոլ. Տուպայի Միջազգային Մրցաշարք. Այսօր Զուտ Լիբանանեան Աւարտական` Պէյրութի Եւ Ռիատիի Միջեւ

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Յայտարարութիւններ

Յայտարարութիւններ (28 Հոկտեմբեր 2025)

Հոկտեմբեր 28, 2025
Յայտարարութիւններ

Յայտարարութիւններ (23 Հոկտեմբեր 2025)

Հոկտեմբեր 23, 2025
Յայտարարութիւններ

Յայտարարութիւններ (22 Հոկտեմբեր 2025)

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?