Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սիպերիոյ Մէջ Կեանքը` – 50 Աստիճան Ցուրտին

Փետրուար 9, 2019
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Սիպերիոյ Եամալ թերակղզիին մէջ 14 տարեկան Քարոլինա տարուան ընթացքին  բազմաթիւ ամիսներ կ՛անցընէ իր ընտանիքին հետ` եղջերուի հօտերը դէպի  հիւսիսի արօտավայրերը տանելով:

Քարոլինա չենեթ ցեղախումբին մաս կը կազմէ իր լեզուով «չենեթ» կը նշանակէ «մարդ արարած»: Ան ծնած է ցուրտ Թունտրայի բնութեան մէջ. ան եղջերուներ բուծանողի մը առջինեկ աղջիկն է: Տարուան ընթացքին ան նահանգի մայրաքաղաք Եար-Սալի մէջ գիշերօթիկ է: Սակայն մայիս ամիսէն մինչեւ օգոստոս, ինչպէս նաեւ արձակուրդներուն եւ Կաղանդի շրջանին ան թափառաշրջիկ կ՛ապրի:

Այդ շրջանին ան կ՛ապրի չումի մը` եղջերուի մորթով ծածկուած մեծ վրանին տակ, իր ծնողքին, եղբօր, հօրեղբօր, անոր կնոջ եւ իր զարմիկներուն հետ: Ամէն օր անոնք այդ հսկայ վրանը կը քակեն, զայն կը դնեն եղջերուներուն կողմէ քաշուած սահնակներուն վրայ, կը կտրեն 10-30 քմ եւ դարձեալ զայն կը լարեն, երբեմն` ուշ գիշերին: Եղջերուն անհրաժեշտ է անոնց կեանքին եւ ապրելակերպին: Անոնք եղջերուները կը գործածեն տեղափոխուելու համար, սնանելու անոր միսով եւ անոր մորթով շինելու իրենց հագուստներն ու ծածկելու չումը:

* * *

Ինչպէս իւրաքանչիւր չենեթ, Քարոլինան ունի նաեւ իրեն կապուած եղջերու մը, որ պէտք չէ սահնակի կապել, ոչ ալ սպաննել, երբ տակաւին ան քալելու կարողութիւնը ունի: Կարգ մը ձագեր` աքվաները, որոնք գեղեցիկ մորթ կամ կապոյտ աչքեր ունին, կ՛առնուին հօտին մէջէն եւ կը դառնան ընտանիքի մէկ անդամին ընտրեալը: Քարոլինայինը էգ ձագ մըն է, զոր ան անուանած է Քափթիքա: Երբ ան տակաւին ձագուկ էր, Քարոլինա անձամբ կերակրած է քարաքոսի բոյսով եւ ձուկով պատրաստուած խաշոցով` փոխարինելու համար անոր մօր կաթը:

Թունտրա` քարաքոսի բոյսով եւ մամուռով ծածկուած սիպերիական անտառը նենեթներուն բնակավայրն է, եղջերուները` անոնց ապագան, սակայն հոն կեանքը դժուար է: Օդը շատ ցուրտ է, եւ անոնց ապրելակերպը հանգստաւէտ չէ: Ձմեռը ջերմաստիճանը երբեմն մինչեւ – 50 կ՛իջնէ, իսկ ամրան սկիզբը մժեղները թունտրան կը նուաճեն:

* * *

Քարոլինա բնաւ չ՛երեւակայեր ապագային շարունակել ապրիլ նման թշնամական միջավայրի մը մէջ: Եօթը տարիներէ ի վեր ան գիշերօթիկ է Եար-Սալի մէջ իր փոքր եղբօր` Ալեքսանտրի հետ: Ան հոն կը սորվի` ռուսերէն, անգլերէն եւ ուրիշ նիւթեր: Ան հետագային կը փափաքի ուսուցչուհի կամ բժշկուհի դառնալ` ուրիշներով զբաղելու եւ մեծ քաղաքի մը մէջ աշխատելու համար. ճիշդ է, որ ան շատ կը սիրէ իր ընտանիքը եւ եղջերուները, սակայն պիտի նախընտրէր ապրիլ տաքուկ տան մը մէջ` ցուրտ վրանի մը փոխարէն: Նենեթներուն համար յատկապէս` մանչերու պարագային, թունտրան մեծ ձգողականութիւն ունի, մինչ աղջիկները կը նախընտրեն աւելի արդիական կեանքը:

Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ

– Անթարթիքայի կարգ մը շրջաններուն մէջ սառոյցի խաւին հաստութիւնը 5 քմ.-ի կը հասնի:

– Երեխաները տարեկան մօտաւորապէս 8 անգամ հարբուխ կ՛ըլլան:

– Ռուսիոյ Ս. Փեթերսպուրկ քաղաքին մէջ շինուած է 200 տարի առաջուան Աննա Իվանովա կայսրուհիին պալատին  սառոյցէ նմանակը:

– Աշխարհի ամէնէն մեծ իկլուիին մէջ կրնան բաւել աւելի քան  200 անձեր:

– Շուէտի մէջ գոյութիւն ունի ձիւնէ եւ սառոյցէ շինուած պանդոկ մը, որ ամէն տարի կը վերաշինուի: Հոն նոյնիսկ աթոռները, սեղանները եւ անկողինները շինուած են սառոյցէ:

Հարցարան

1.- Ո՞ր երկիրը ունի ամէնէն ընդարձակ տարածքը:
ա.- Չինաստան, բ.- Ռուսիա, գ.- Պրազիլ:

2.- Ի՞նչ կը կոչուի Ափրիկէի ամէնէն բարձր գագաթը:
ա.- Մոն Պլան, բ.- Քիլիմանճարօ, գ.- Շեւլինկ:

3.- Ո՞ր ծովու ջուրին մէջ ոչ մէկ դժուարութեամբ կարելի է ծփալ:
ա.- Կարմիր ծով, բ.- Մեռեալ ծով, գ.- Հնդկաց ովկիանոս:

4.- Ո՞ր ցամաքամասը ամէնէն շատ բնակիչ ունի:
ա.- Ամերիկա, բ.- Եւրոպա, գ.- Ասիա:

5.- Ո՞ր քաղաքը կ՛անուանեն նաեւ «Պիկ Ափըլ» կամ «Մեծ Խնձորը»:
ա.- Նիւ Եորք, բ.- Լոնտոն, գ.- Փարիզ:

6.- Ո՞րն է Եւրոպայի ամէնէն մեծ կղզին:
ա.- Իսլանտա, բ.- Մեծն Բրիտանիա, գ.- Իտալիա:

7.- Ո՞ր եւրոպական քաղաքը ժամանակին պատով մը երկուքի բաժնուած էր:
ա.- Լոնտոն, բ.- Պերլին, գ.- Փարիզ:

8.- Ո՞ր ցամաքամասին վրայ կրնաք դառնալ` առանց բնաւ սառոյց տեսնելու:
ա.- Ամերիկա, բ.- Աւստրալիա, գ.- Ասիա:

9.- Ո՞րն է աշխարհի ամէնէն մեծ կղզին:
ա.- Իսլանտա, բ.- Կրինլենտ, գ.- Ճափոն:

10.- Ո՞ւր կրնաք գտնել ովասիսները:
ա.- Ովկիանոսներուն մէջ, բ.- Լեռնաշղթաներուն մէջ, գ.- Անապատներուն մէջ:

11.- Ի՞նչ իւրայատուկ երեւոյթ կը պատահի ձմրան Լափոնիի մէջ:
ա.- Առանց լոյսի օրեր, բ.- Յաւիտենական ձիւներ, գ.- Հրաբխային ժայթքումներ:

12.- Ո՞ր երկրին մէջ կը գտնենք ամէնէն մեծ թիւով ոսկիի հանքեր:
ա.- Հարաւային Ափրիկէ, բ.- Պրազիլ, գ.- Քոնկօ:

13.- Հետեւեալ երեք երկիրներէն ո՞ր երկրին մէջ գոյութիւն ունին անուշ ջուրի ամէնէն մեծ պահեստները:
ա.- Չիլի, բ.- Ֆրանսա, գ.- Հարաւային Ափրիկէ:

14.- Յատկապէս ո՞ր երկրին մէջ կը հոսի Ամազոն գետը:
ա.- Միացեալ Նահանգներ, բ.- Պրազիլ, գ.- Չիլի:

15.- Ո՞ր կարեւոր հացահատիկը կը բուսնի ջուրին մէջ:
ա.- Ցորենը, բ.- Բրինձը, գ.- Մանիոքը:

16.- Ինչո՞ւ անապատներուն մէջ աճող կարգ մը բոյսեր շատ երկար արմատներ ունին:
ա.- Հասնելու համար ջուրի խաւերուն, բ.- Չսառելու համար, գ.- Լաւ կառչած մնալու համար զօրաւոր հովերու ժամանակ:

17.- Քանի՞ գոյն կայ ծիածանին մէջ:
ա.- 4, բ.- 6, գ.- 7:

18.- Երկրագունդին մակերեսէն որքա՞նը ծածկուած է ծովերով եւ ովկիանոսներով:
ա.- 30 առ հարիւրը, բ.- 50 առ հարիւրը, գ.- 70 առ հարիւրը:

19.- Ես փոքրիկ կարմիր բոյս մըն եմ, որ ցուրտին կը տոկայ: Ես շատ Սէ. կենսանիւթ կը պարունակեմ, հանքային աղեր եւ կազմուած եմ 90 առ հարիւր ջուրէ: Ո՞վ եմ ես:
ա.- Բողկը, բ.- Ելակը, գ.- Կարմիր ճակնդեղը:

20.- Որքա՞ն խորութեան հասած է Հարաւային Ափրիկէի Օրիկսթատ շրջանին մօտ գտնուած թզենիի մը ամէնէն երկար արմատը:
ա.- 25 մեթր, բ.- 75 մեթր, գ.- 120 մեթր:

Պատասխանները վերջաւորութեան

Ժամանց

 

Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող ութ տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել իւրաքանչիւր աշակերտի հասցնող թիւը:

 

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու կերպարները:

 

Հարցարանին պատասխանները

1.- Ռուսիան աշխարհի ամէնէն ընդարձակ երկիրն է. անոր տարածքը 17.075.200 քառակուսի քմ է: 2.- Ափրիկէի ամէնէն բարձր գագաթը Քիլիմանճարոն է. ան կը գտնուի Թանզանիոյ եւ Քենիոյ սահմանին մօտ, եւ անոր բարձրութիւնը կը հասնի 5898 մեթրի: 3.- Մեռեալ ծովին մէջ կարելի է ծփալ առանց լողալու, որովհետեւ այս ներքին ծովը վեց անգամ աւելի աղ կը պարունակէ, քան` ովկիանոսը, եւ ճիշդ այս պատճառով ոչ մէկ կենդանի էակ կամ բոյս կրնայ ապրիլ եւ աճիլ այդ միջավայրին մէջ: 4.- Ասիան աշխարհի ամէնէն շատ բնակիչ ունեցող ցամաքամասն է: Աշխարհի ամէնէն շատ բնակիչ ունեցող երկու երկիրները` Չինաստան եւ Հնդկաստան հոն կը գտնուին: 5.- Նիւ Եորք, սակայն ոչ մէկը գիտէ, թէ ինչո՞ւ ան այդպէս կը կոչուի: 6.- Անգլիան, Սկովտիան եւ Ուելսի երկիրը կը կազմեն Մեծն Բրիտանիան, Եւրոպայի ամէնէն մեծ կղզին: 7.- 1961-1989 Գերմանիոյ մայրաքաղաք Պերլին մեծ պատով մը բաժնուած էր երկուքի, Արեւելեան Պերլին եւ Արեւմտեան Պերլին. ոչ մէկը կրնար անցնիլ արեւելքէն արեւմուտք: 8.- Աւստրալիա կը գտնուի հարաւային կիսագունդին մէջ, կարելի է հոն շրջիլ առանց հանդիպելու սառոյցի նուազագոյն կէտին: 9.- Իր 2 միլիոն քառակուսի քմ տարածքով Կրինլենտը աշխարհի ամէնէն մեծ կղզին է: 10.- Ովասիսները բուսականութիւն ունեցող վայրեր են անապատներուն մէջ. կարաւանները կրնան հոն դադար առնել` վերանորոգելու համար ջուրի իրենց պահեստը: 11.- Եւրոպայի հիւսիսը Լափոնին բեւեռային շրջագիծին այնքան մօտ է, որ հոն ձմեռները շատ երկար կ՛ըլլան եւ շատ ցուրտ: Ձմեռնային ամիսներուն  արեւը բնաւ չի ծագիր: 12.- Ոսկիի մեծ քանակներ կը գտնուին Հարաւային Ափրիկէի մէջ, ուր անոնք գտնուած են 1880-ական թուականներուն: Ուրիշ ոսկիի մեծ հանքեր կը գտնուին նաեւ Միացեալ Նահանգներու Նեւատա եւ Հարաւային Տաքոթա նահանգներուն մէջ: 13.- Չիլիի մէջ, եւ յատկապէս` երկրին հարաւը, ուր կը գտնուին սառոյցի ընդարձակ տարածքներ, Անթարքթիքի կողքին: 14.- Պրազիլի մէջ Ամազոնը աշխարհի երկրորդ ամէնէն մեծ գետն է, եւ անոր փոխադրած ջուրի քանակը` ամէնէն շատը: 15.- Բրինձը շատ մեծ քանակութեամբ ջուրի կը կարօտի եւ ընդհանրապէս կը ցանուի ողողուած դաշտերու մէջ: 16.- Որպէսզի անոնք հասնին գետնին խորերը գտնուող անուշ ջուրի բնական պահեստներուն: 17.- Եօթը գոյն` կարմիր, նարնջագոյն, դեղին, կանաչ, կապոյտ, ինտիկօ եւ մանիշակագոյն: 18.- Երկրագունդի մակերեսին 70 առ հարիւրը: 19.- Ելակը. անիկա նոյնիսկ նարինջէն աւելի Սէ. կենսանիւթ կը պարունակէ: 20.- Ըստ «Կինես»-ի մրցանիշներու գիրքին Օրիկաթատ քաղաքին մօտ գոյութիւն ունի թզենի մը, որուն արմատներէն մէկը 120 մեթր մխրճուած է հողին մէջ:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (9 Փետրուար 1969)

Յաջորդը

Եռագոյն Փետրուար

RelatedPosts

Այժմէական.  Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը
Մանկապատանեկան

Այժմէական. Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ
Մանկապատանեկան

Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ

Հոկտեմբեր 11, 2025
Կրակներու Խաղեր Աշունը Տօնելու Համար
Մանկապատանեկան

Կրակներու Խաղեր Աշունը Տօնելու Համար

Հոկտեմբեր 4, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?