Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պատիւը Բոլորիս Է

February 8, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Տպաւորութիւնս այնպիսին է, որ մեր  ժողովուրդը  աւելի հակամէտ է  քննադատելու, քան` գնահատելու: Մեր բծախնդիր (ծայրայեղութեան հասնող) մօտեցումը այլազան խնդիրներու պարագային գնահատելի է անշուշտ, սակայն մեր չափազանց  ժլատ ըլլալը գնահատանքի մէջ` կարծեմ տեղին չէ, չըսելու համար` անընդունելի:

Պէ՞տք է սպասել, որ ուրիշը գնահատէ, կամ ենթական մահանայ, որ զինք արժանի նկատենք գնահատանքի:

Հարազատներէս մէկը` կատակասէր Ողջոյն պապուկը, կատակելով կ՛ըսէր, որ` «Մարդիկ բարի չեն. երբ հիւանդանաս եւ անկողինին մէջ պատերազմ մղես հիւանդութեան դէմ, այցելութեան կու գան` համով ուտելիքներ եւ պտուղներ բերելով. գիտեն, որ չես կրնար այդ վիճակին մէջ հաճոյքով վայելել զանոնք…»:

Ճիշդ նոյն իրավիճակն է, երբ  ենթակայ մը  մահացած է, եւ մենք եկած ենք զինք գնահատելու:

Եթէ նոյնիսկ ինծի հետ համամիտ չէ ընթերցողը, կ՛ենթադրեմ, թէ ինքն ալ աւելի յարմար կը նկատէ, որ մէկը գնահատենք, երբ ենթական աշխատանքի վրայ է:

Հիմա գանք մեր  նիւթին:

Շաբաթ օրուան «Ազդակ»-ի երկրորդ էջին վրայ կը կարդանք.

«Հինգշաբթի, 31 յունուարին, Լիբանանի Տնտեսական եւ ընկերային խորհուրդի կեդրոնին մէջ սկիզբ առաւ գիտութեան, արհեստագիտութեան եւ չափանիշներու յանձնախումբին պատրաստած իննամսեայ ծրագրի գործադրութիւնը:

Ծրագիրը, որ կը կոչուի «Յարատեւ բարգաւաճման նպատակով գիտութեան, արհեստագիտութեան եւ նորարարութեան ազգային ռազմավարական ծրագիր», կը բաղկանայ երեք փուլերէ:

Գործադրութեան առաջին փուլը անոր ներկայացումն էր, որ տեղի ունեցաւ հինգշաբթի ներկայութեամբ 15 համալսարաններու կողմէ նշանակուած շուրջ 40 դասախօսներու, տնօրէններու կամ ղեկավարներու:

Հանդիպումը  վարեց  գիտութեան, արհեստագիտութեան եւ չափանիշներու յանձնախումբի նախագահ դոկտ. Նորա Պայրագտարեան-Գապաքեանը»:

Ժողովո՛ւրդ, Լիբանանի  զարգացման ազգային ռազմավարական ծրագիր մշակող յանձնախումբը կը ղեկավարէ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին  կողմէ առաջադրուած  մեր` այսինքն լիբանանահայ գաղութին կարող անդամներէն մէկը: Երկրի զարգացման ռազմավարութիւնը մշակող յանձնախումբի անդամները մեզի վստահած են յանձնախումբին նախագահութիւնը:

Հպարտ պէտք է զգալ դոկտ. Նորա Պայրագտարեան-Գապաքեանով,  որ կը ղեկավարէ երկրին զարգացման ռազմավարական ծրագիր մշակող պետական յանձնախումբը:

Պատիւը բոլորիս է:

3 փետրուար 2019                                   
Մուսա Լեռ – Այնճար

Նախորդը

Տարեդարձները Գործով Իմաստաւորելու Մտասեւեռումով

Յաջորդը

Արագ Եւ Կտրուկ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Համազգային Համախմբում

November 6, 2026
Ապրուած Օրեր. ԺԲ.- Քոպանիէն Երեւան
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. ԺԲ.- Քոպանիէն Երեւան

November 6, 2026
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

«Եւ Ինչպէ՞ս Չհպարտանալ…» 67 Տարիներու Հաւատքի, Ծառայութեան Եւ Նուիրումի Լուսաւոր Ճամբայ

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.