Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տարեդարձները Գործով Իմաստաւորելու Մտասեւեռումով

February 8, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԶԱՐՄԻԿ ՊՕՂԻԿԵԱՆ

2018-ն յղի էր սուրիական եւ հայաստանեան քաղաքական կեանքի այնպիսի զարգացումներով, որոնք իրավիճակներու փոփոխութիւն երեւան բերին:

Սուրիական տագնապի քաղաքական լուծումը տիրական դարձաւ: Անգամ մը եւս փաստուեցաւ, որ որեւէ երկրի զարգացման համար անհրաժեշտ է ապահովել ընկերային արդարութիւն, հասարակական համերաշխութիւն եւ ժողովրդավարութեան կիրարկութիւն: Փաստուեցաւ, որ զարգացման այս հոլովոյթը կ՛իրականանայ ժողովուրդին մասնակցութեամբ, անոր պահանջներուն իրականացումով: Արտաքին ուժերու զինուորական միջամտութիւնը ի վնաս տուեալ երկրին պիտի ըլլայ բնականաբար, եթէ ժողովուրդն ու քաղաքական ուժերը երկրի յառաջընթացին նպաստող քաղաքական մշակոյթին չեն տիրապետած, չունին երկխօսութեան տրամադրութիւն կամ տրամաբանութիւն, չունին իրավիճակէ մը այլ իրավիճակ անցում կատարելու քաղաքական հասունութիւն եւ պատրաստակամութիւն:

Հայաստանեան իրականութեան մէջ ժողովուրդին դժգոհութեան պատճառով հասունցած «թաւշեայ յեղափոխութիւն»-ը եւս նոր էջ բացաւ հայաստանեան քաղաքական կեանքին մէջ:

Ժողովուրդին ակնկալութիւնը, սակայն, միայն իշխանափոխութեամբ իրականութիւն չի դառնար: Անհրաժեշտ է, որ Հայաստանի նոր ղեկավարները արդիւնաւէտ աշխատանք տանին` երկրին տնտեսութիւնը շահագործող մենաշնորհեալները արմատախիլ ընելու, ընկերային արդարութիւն հաստատելու, ազգային հարստութեան արդար բաշխումը երաշխաւորելու, քաղաքական դաշտի մէջ առողջ մրցակցութեան մշակոյթը պահպանելու, Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւնը փոխադարձ օժանդակութիւններու նեղ հասկացողութենէն դուրս բերելով` փոխազդեցիկ ռազմավարական գործօնի վերածելու, յատկապէս սփիւռք-հայրենիք միասնակամութիւնը պահպանելով: Ոմանց համար միասնակամութիւնը կրնայ քարոզչական լոզունգ թուիլ պարզապէս, իրականութեան մէջ, սակայն, ազգային շահերուն շուրջ համախմբումն է, որ Հայաստանի եւ սփիւռքի հայութիւնը ժողովուրդ հասկացողութենէն դուրս կը բերէ ու ազգի կը վերածէ:

Այս բոլորը ակնթարթի մը մէջ չեն իրականանար, բնականաբար: Այս բոլորին համար յստակ ծրագիր ու այդ ծրագիրին վրայ հիմնուած թափանցիկ աշխատանք պէտք է ունենան հայրենի իշխանութիւնն ու սփիւռքը:

Իրավիճակի վերոյիշեալ փոփոխութիւններուն պէտք է համապատասխանեցնել նաեւ սփիւռքը: Գործելաոճի փոփոխութիւն պէտք է կիրարկել նաեւ սփիւռքի մէջ: Դասական աշխատելաձեւերէն դուրս գալով` մեր կառոյցներն ու հաստատութիւնները քայլ մը առաջ ուղղելու, զանոնք նոր ու արդիւնաւէտ գործելաոճով օժտելու, որովհետեւ տեղքայլը, սրընթաց զարգացում ապրող մեր ժամանակաշրջանին մէջ, ոչ թէ եղածը պահպանել կը նշանակէ, այլ` ճահճանալ: Ուստի պէտք չէ բաւարարուիլ այլազան ոլորտներու մէջ տասնամեակներէ ի վեր տիրող իրավիճակներով, օգտագործուող միջոցներով ու կրկնուող ծրագիրներով:

Արամ Ա. կաթողիկոս 2019 տարին «Մամուլի տարի» հռչակեց: Հաճելի զուգադիպութեամբ մը 2018-ի աւարտին «Գանձասար»-ը բոլորեց իր հիմնադրութեան 25-ամեակը:

Այս առիթը, սակայն, պիտի չօգտագործենք, ընկալեալ սովորութեան համաձայն, յոբելենական ձեռնարկներ կազմակերպելով կամ պարգեւատրումներ կատարելով: Տարեդարձները գործով իմաստաւորելու մտասեւեռումով կը դիմաւորենք Նոր տարին:

Այս իմաստով, կը նախատեսենք նոր սիւնակ մը հաստատել «Գանձասար»-ին մէջ` նուիրուած հայ մամուլին, այնտեղ անկեղծօրէն արծարծելու հայ մամուլին կարեւորութիւնը, անոր կտրած ճամբան ու բացթողումները, յարգելով խօսքի ազատութիւնն ու կարծիքներու այլազանութիւնը: Կը նախատեսենք թերթը հարստացնել նոր բաժիններով, հնարաւորինս կատարելագործել թերթի ուղղագրութիւնն ու լեզուն, նախաձեռնել լրագրական շարունակական դասընթացքի մը կազմակերպումին ոչ միայն Հալէպի, այլեւ` Սուրիոյ տարբեր հայաբնակ քաղաքներուն մէջ, ընդարձակելով թղթակիցներու եւ աշխատակիցներու առկայ ցանցը: Ապա նաեւ ««Գանձասար»-ի «Բարեկամներ»-ու «Աշակերտական» խմբակներուն առցանց հանդիպումներն ու աշխատանքը առաւել արդիւնաւէտ գործընթացի վերածել ու թերթը մշտական ներկայութիւն դարձնել դպրոցներուն եւ ակումբներուն մէջ` գործակցելով կրթական մշակներու, դաստիարակներու եւ Հայագիտական հիմնարկին հետ:

Կը հաւատանք, որ վերականգնումը նման ծրագիրներով ալ անհրաժեշտ է համալրել, որպէսզի վերստին կանգնինք, նորէն կերտենք, նորը կերտենք ու երիտասարդութեան ձայնը լսենք նաեւ մամուլով: Այսպիսի փոքր քայլերով կարելի է իրականացնել նաեւ այնքան հոլովուած` գէթ լրագրական մարդուժի պատրաստութիւնը: Էականը մամուլին հանդէպ հաւատք ունենալն ու զայն ժամանակի պարունակին մէջ պահելու հաստատակամութիւնն է` ձերբազատելով ամէն տեսակի կաշկանդումներէ:

Պատերազմի պայմաններուն մէջ «Գանձասար»-ի երկրորդ տարեկան բացառիկն է, որ լոյս կ՛ընծայենք: Հատորին մէջ կ՛արտացոլան համայնքի վերականգնումին աշխատանքները, Ազգային իշխանութեան եւ միութիւններու տարեկան գործունէութիւնը, ապա հատորը կ՛ամբողջանայ կարճ ուսումնասիրութիւններով, հրապարակագրական եւ գեղարուեստական գրութիւններով: Այս առիթով շնորհակալութիւն կը յայտնենք բոլոր անոնց, որոնք իրենց մասնակցութեամբ թարմ շունչ ու աւիւն տուին «Գանձասար-Բացառիկ»-ին` վերահաստատելով իրենց հաւատքը հայ մամուլի առաջնորդող ու լուսաբանող դերին նկատմամբ:

«Գանձասար» բացառիկ 2019

Նախորդը

Իրան-Հայաստան «Ճանապարհային Նոր Քարտէսի» Ուրուագիծ

Յաջորդը

Պատիւը Բոլորիս Է

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.