ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Այս օրերուն ձեր այցելութիւնները եւ պտոյտները պիտի շատնան: Ձեր ընկերներէն մէկուն օգտակար պիտի դառնաք: Ժամանակ տրամադրեցէք ձեր ընտանիքին:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Յաջողութիւն մը պիտի արձանագրէք եւ պայմանագիր մը պիտի ստորագրէք: Լրջօրէն կատարեցէք ձեզի վստահուած գործերը: Ապօրինի գործերու մէջ մի՛ մտնէք: Օրէնքները յարգեցէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Պատրաստ էք ամէն ուղղութիւններով շարժելու: Լուսարձակները պիտի կեդրոնանան ձեր գործերուն վրայ: Դրական շրջան մըն է: Պիտի աշխատիք փոփոխութիւն մտցնել ձեր առօրեային մէջ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Պիտի ամրապնդուին ձեր յարաբերութիւնները: Աշխուժ շրջանի մը սկիզբն է: Ձեզի ուրախ անակնկալ մը եւ բարի լուր մը կը սպասեն: Ամսուան լաւ օրերէն մէկն է:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Կարիք ունիք աշխատելու խմբակի մը մէջ, մինակ մի՛ մնաք: Կարգաւորեցէք ձեր աշխատանքի ցուցակը, որպէսզի ուշացում կամ թերացում չարձանագրէք:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Մի՛ աղաւաղէք ձեր անունը: Թէեւ պայմանները ճնշող են, բայց գործի կարեւոր առաջարկ մը պիտի ստանաք: Ուշադիր հետեւեցէք բոլոր մանրամասնութիւններուն, որպէսզի սխալներ չպատահին ձեր գործին մէջ:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Պիտի ճամբորդէք կամ պայմանագիր մը պիտի ստորագրէք: Համարձակ եղէք: Իրար մի՛ անցնիք նեղութեան պարագային, այլ փաստեցէք ձեր կարողութիւնը` լուծելու տարբեր հարցեր:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Անցեալ օրերուն պատահած սխալները սրբագրեցէք, ապա անցէք նոր ծրագիրներու գործադրութեան: Առիթ մի՛ տաք, որ կասկածին ձեր կարողութիւններուն վրայ: Վարչական գործով մը պիտի տարուիք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Ամսուան ամէնէն վատ օրերէն մէկն է: Ձեր տեսակէտը պիտի պարտադրէք ձեր շուրջիններուն: Պիտի մտահոգուիք ձեր ընկերներէն մէկուն հարցով: Աշխատեցէք լուծումներ գտնել` առանց իրար անցնելու:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Առտուան կանուխ ժամերէն գործի պիտի սկսիք: Դասաւորեցէք ձեր ժամանակը, որպէսզի ուշացում չարձանագրէք: Ձեր առողջութեան հոգ տարէք եւ ժամանակ տրամադրեցէք ձեր հարազատներուն:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Այս օրերուն շուտով կը զայրանաք: Վիճաբանութենէ հեռու մնացէք եւ մի՛ մեղադրէք ձեր սիրելիները: Տնային աշխատանքներով պիտի զբաղիք:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Ձեր առողջական վիճակին հոգ տարէք: Կալուածի մը հարցով պիտի զբաղիք եւ դիմէք դատարան: Փոփոխական տրամադրութիւն մը պիտի ունենաք:
