Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարցազրոյց Սոփրանօ Շողիկ Թորոսեանին Եւ Աշոտ Բագրատունիին Հետ` «Երազ» Երգի Հրապարակման Առիթով

Փետրուար 4, 2019
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարցազրոյցը վարեց` ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ

Երեքշաբթի, 5 փետրուար 2019-ին, «Վանայ ձայն»-էն, առաջին անգամ ըլլալով, պիտի սփռուի սոփրանօ Շողիկ Թորոսեանի «Երազ» երգը, որուն խօսքերը կը պատկանին Աշոտ Բագրատունիին, իսկ երաժշտութիւնը` Էտկար Գեանջումեանին: Այս մասին «Ազդակ» հարցազրոց մը ունեցաւ սոփրանօ Շողիկ Թորոսեանին եւ Աշոտ Բագրատունիին հետ` իմանալու անոնց ունեցած գործակցութեան եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին:

«ԱԶԴԱԿ».- Ինչպէ՞ս սկսաւ ձեր գործակցութիւնը իրարու հետ:

ԱՇՈՏ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ.- Գրած բանաստեղծութիւններու հաւաքածոյիս մէջ կար կտոր մը, զոր կ՛ուզէի` անպայման երգի վերածուի: Երբ Շողիկին ձայնը լսեցի, փափաքեցայ, որ ան ըլլայ այդ երգը մեկնաբանողը: «Կաթիլ մը արցունք»-ը, որ բաւական երկար բանաստեղծութիւն մըն է, նորէն Շողիկին տուի: Բանաստեղծութիւնը երկու մասի բաժնեցինք: Եւ այսպէս, երբ տեսայ, որ գործակցութիւնը պիտի շարունակուի մեր միջեւ, ես անոր տրամադրութեան տակ դրի մնացեալ բանաստեղծութիւններս ալ, որոնց մէջէն Շողիկը զատեց իրեն սրտին խօսողները: Բայց երբ «Երազ»-ը տեսաւ ու կարդաց, դէմքին վրայ տեսայ այն բոլոր զգացումները, զորս ես ապրած եմ, երբ գրած եմ այդ բանաստեղծութիւնը: Այսպէս, որոշուեցաւ, որ  «Երազ»-ը մեր գործակցութեան առաջին երգը ըլլայ:

ՇՈՂԻԿ ԹՈՐՈՍԵԱՆ.- Որպէս դասական երգչուհի` լրջօրէն չէի մտածած անձնական երգեր ունենալ, մինչեւ այն ատեն, երբ լսեցի, որ պատրաստ երգեր կան Աշոտին քով: Երբ Աշոտին հանդիպեցայ եւ գրած երգերը  կարդացի, իսկապէս մէջս արթնցաւ այն փափաքը, որ մենք ալ ունենանք արեւմտահայերէն ռոմանսներ, որոնք կրնան նորութիւն ըլլալ սփիւռքահայ կեանքին մէջ: Արեւելահայերէն գրուած եւ արեւելահայ երգիչներու կողմէ մեկնաբանուած բազմաթիւ սիրային երգեր կան, ուրեմն` ինչո՞ւ չըլլայ նաեւ արեւմտահայերէն ռոմանս: Երբ կարդացի Աշոտին «Վարդ մը գետինը» բանաստեղծութիւնը, համաձայնութիւնս տուի զայն մեկնաբանելու: Պատահեցաւ, որ այդ շրջանին ես համերգ ունէի Հայաստան: Հոն երաժիշտ Գէորգ Մանասեանին տուի բանաստեղծութիւնը: Ան շատ արագ տեղեկացուց, որ երգին երաժշտութիւնը պատրաստած է արդէն: Ես ու ամուսինս միասնաբար մտիկ ըրինք: Շատ խանդավառուեցայ, որովհետեւ շատ անուշ հնչեց երգը, եւ ուրախ էի, որ առաջին արեւմտահայերէն անձնական երգս պիտի ունենամ` յօրինուած հայրենի երաժիշտի մը կողմէ: Կարծես ինքնաբերաբար գործակցութիւն հաստատուեցաւ` հայրենի երաժիշտ, սփիւռքահայ գրող եւ սփիւռքահայ երգչուհի: Երաժիշտին համար ալ մեծ ուրախութիւն էր, որովհետեւ շատ կը փափաքէր աշխատիլ արեւմտահայ կտորի մը վրայ: Այսպիսով, մեր առաջին երգը պատրաստուեցաւ, անկէ ետք կարգը եկաւ «Երազ» երգին: Իսկապէս շատ ազդուեցայ, երբ առաջին անգամ կարդացի այդ երգը: Երբ կարդաս, աչքերուդ դիմաց գրութեան պատկերները կ՛ուրուագծուին եւ ներաշխարհդ տարբեր զգացումներով կը պատուի:

Առիթով մը, երբ նորէն Հայաստան գացած էի, այս անգամ ինծի առաջարկեցին տեսակցիլ Էդկար Գեանջումեանին հետ, որ հայրենի նշանաւոր երաժիշտ է: Գացի քովը եւ  ցոյց տուի երգը: Ան քիչ մը ժամանակ պահանջեց, որպէսզի կարենայ ներշնչուիլ: Համաձայնեցանք, եւ երգը իրեն յանձնեցի: Քանի մը օր ետք հեռաձայնեց եւ ըսաւ, որ երթամ` երգը ունկնդրեմ: Երբ լսեցի երաժշտութիւնը, շատ սիրեցի: Բառերը եւ երաժշտութիւնը շատ համընկնած էին իրարու: Գեղեցիկ ներդաշնակութիւն մը ստեղծուած էր երկուքին միջեւ: Բաւական մտածեցինք, թէ ինչպէ՛ս կրնանք այս երգը արձանագրել: Սկիզբը յարմար նկատեցինք, որ երգին ձայնագրութիւնը կատարուի Հայաստան, բայց նկատի ունենալով, որ երկար ատեն չէի կրնար մնալ հոն, որոշեցի Պէյրութի մէջ ձայնագրել երգը` կենդանի նուագակցութեամբ: Այս երգին անդրանիկ կատարումը տեղի ունեցաւ Հայաստան` անցեալ տարուան համերգիս ընթացքին, Հայաստանի պետական սիմֆոնիք նուագախումբին հետ, որուն համար գործիքաւորումը կատարեց լիբանանահայ երաժիշտ Սեպուհ Յովակիմեանը, որուն կը յայտնեմ իմ շնորհակալութիւնս: Մեծ ճաշակով աշխատած էր ան: Պէյրութ վերադառնալով` սկսանք ձայնագրութեան աշխատանքներուն, որոնք իրենց լրումին հասան անցեալ տարուան աւարտին : Հիմա ալ երգին` «Երազ»-ին առաջին սփռումը պիտի լսենք «Վանայ ձայն»-էն, երեքշաբթի, 5 փետրուարին: Մենք իսկապէս շատ սիրեցինք այս երգը, երաժշտութիւնը, բառերը, այլ խօսքով` ամբողջութիւնը, մեծապէս կը յուսանք, որ ժողովուրդն ալ շատ սիրէ եւ դիւրաւ ընկալէ զայն: Իրապէս շատ գեղեցիկ ռոմանս մըն է, գեղեցիկ զգացումներ արտայայտող երգ մը:

Պէտք է յիշեմ, որ «Վարդ մը գետինը» երգին անդրանիկ կատարումը եւս տեղի ունեցաւ Հայաստանի մէջ` իմ անդրանիկ համերգիս ժամանակ` Աշոտ Բագրատունիին ներկայութեամբ եւ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին առաջին օրը, Ազգային նուագարաններու պետական նուագախումբին ընկերակցութեամբ: Նոյն երգը, բայց` սիմֆոնիք նուագախումբի հետ, կատարեցի  Հայաստանի մէջ ունեցած երկրորդ համերգիս, որուն ընթացքին ալ կատարեցի «Երազ» երգին առաջին կատարումը:

«Ա.».- Խօսինք ձեր ստեղծագործական աշխատանքին մասին, ե՞րբ սկսած էք գրել:

Ա.Բ.-Իրականութեան մէջ ես գրելու սկսած եմ եօթը տարեկանէս: Հիմա, երբ սկզբնական շրջանի գրութիւններս կը կարդամ, կը ժպտիմ, որովհետեւ սոսկ մանկական գրութիւններ են: Ժամանակի ընթացքին, երբ տարբեր զգացումներ մէջս զարգացան, սկսայ գրել թէ՛ ազգային, թէ՛քնարական ու սիրային բանաստեղծութիւններ: Գրելու տաղանդս երեւան եկած է դպրոցին մէջ, նախ շարադրութիւններով, ապա` երբ շարադրութիւն գրել կը պահանջէր հայերէնի դասատուն, ես բանաստեղծութիւն կը գրէի: Ժամանակի ընթացքին այլ դասապահերու ալ կը գրէի կամ նոյնիսկ` զբօսանքին: Յետոյ այդ բոլոր գրութիւններս հաւաքելը բաւական դժուար եղաւ, որովհետեւ ստիպուած էի երկրորդականի տարիներու բոլոր տետրակներս էջ-էջ դարձնել ու գրածներս մէկտեղել: Օր մըն ալ լուսահոգի Պօղոս Սնապեանին այցելեցի եւ գրածներուս մեծամասնութիւնը ցոյց տուի անոր, որպէսզի իմանամ, թէ գրածներս արժէք մը կը ներկայացնե՞ն: Այն ատեն, կը յիշեմ, Պօղոս Սնապեանը ըսաւ, որ գրածներս մանկապատանեկան են եւ պարտուողական: Ան ըսաւ, որ անգամ մըն ալ մտածեմ գրածներուս մասին, որովհետեւ ես պարտուողական նկարագիրի տէր անձ մը չեմ: Հոն հասկցայ, որ գրելը միայն տաղանդ չէ, այլ նաեւ աշխատանք է: Գրելը ոչ միայն գրողին զգացումները պէտք է արտայայտէ, այլ նաեւ ուրիշին մէջ ալ զգացումներ պէտք է արթնցնէ: Այսպէս ալ, նոր թափ ստանալով, շարունակեցի գրել:

Ես եւ Շողիկը զիրար գտանք նոյն նպատակով: Այսօր արեւելահայ գրականութիւնը աւելի զարգացում կ՛ապրի, քան` արեւմտահայ գրականութիւնը: Մեր մշակոյթը, մեր զգացումները, մեր պատմութիւնը դէպի ապագայ տանելու ամէնէն լաւ ձեւը երգն ու երաժշտութիւնն են: Որպէսզի այս մէկը իրականութիւն դառնայ, պէտք է Շողիկին պէս երգչուհիներ այդ երգերու կատարումները ընեն:

Ինչ կը վերաբերի երգերու բառամթերքին, ես չեմ սիրեր զգացումները մեծ ու ծանր բառերով արտայայտել: Մարդոց վրայ ազդելու համար պէտք չէ դժուար ու անհասկնալի բառեր գործածենք: Ես միշտ կողմ եմ պարզ բառամթերք գործածելուն, որպէսզի ժողովուրդի մեծամասնութեան հասնինք եւ հասկցնենք մեր ըսել ուզածը, այլապէս, ի՞նչ է նպատակը որեւէ գրութեան, եթէ պիտի չկրնայ հասնիլ սովորական մարդուն:

Ըսեմ նաեւ, որ ես վարդի հանդէպ գերազանց սէր ունիմ: Վարդը մարդու մը բոլոր զգացումները կրնայ արտայայտել` ուրախութիւն, տխրութիւն, սէր, ատելութիւն, ամէն բան կարելի է գտնել վարդին մէջ:

«Շ. Թ.».- Աշոտին բանաստեղծութիւնները դիւրաւ ընկալելի են, պարզ են: Կը պատահի, որ երբեմն երաժշտութեան ճիշդ համընկնումին համար պէտք ըլլայ բառերու տեղափոխում կատարել: Աշոտին հետ խորհրդակցաբար կը կատարենք այդ բոլորը: Ըսեմ նաեւ, որ Աշոտին «Կաթիլ մը արցունք» բանաստեղծութեան երաժշտութիւնը յօրինած է Սասուն Պասկեւիչեանը, որ հանրածանօթ երաժիշտ է: Ան երբ կարդաց բանաստեղծութիւնը, շատ խանդավառուեցաւ: Այս երգը պիտի ձայնագրուի Հայաստան, որովհետեւ հոն ուրիշ գոյն եւ որակ ունի երգի ձայնագրութիւնը: Հոն երաժիշտը ներկայ կ՛ըլլայ երգի մշակման գործընթացին եւ իր տեսակէտն ու խորհուրդները կու տայ, իր ներդրումը կը բերէ:

Ըսեմ նաեւ, որ նպատակ ունիմ ազգային-երգերու շարքիս աւելցնել նաեւ Աշոտին գրած ազգային հայրենասիրական կտորներէն մէկը: «Նորօրեայ հերոսին երգ»-ը մեկնաբանելէս ետք հրապարակագիր եւ լրագրող Միքայէլ Հաճեանը առաջարկեց, որ ես մեկնաբանեմ իր զոհուած զաւկին ու ընկերոջ համար գրած երգը` «Թալիշի դիրքերում»-ը: Ազգային երգ մըն ալ ունիմ` «Դիրքերում», որուն երաժշտութիւնը կը պատկանի Վահրամ Էմմիեանին: Եւ այսպէս, ազգային երգերու շարք մը կը փափաքիմ պատրաստել, որոնք կրնան երկար տարիներու վրայ ազգային ապրումներ արթնցնել ժողովուրդին մէջ:

«Ա. Բ.».- Ես ալ անպայման կ՛ուզեմ այս ծրագիրին մաս կազմել: Յիշեմ, երբ առաջին անգամ իմ բանաստեղծութիւններէս մէկը երգի վերածուեցաւ  եւ հասաւ ժողովուրդին: Այն ատեն «Վանայ ձայն»-ը կազմակերպած էր մրցոյթ մը, որուն մասնակցեցան շատ բանաստեղծներ եւ գրողներ: Քուէարկութիւն եղաւ, եւ իմ գրած երգերէս  մէկը զատուեցաւ` «Մարկատա»-ն, զոր գրած էի, երբ դպրոցով գացած էինք Տէր Զօր: Երգը մեկնաբանեց Վիգէն Տիշչեքենեանը: Ունիմ Ռուբէն Տէր Մինասեանին նուիրուած երգ մը, որ դարձեալ Վիգէն Տիշչեքենեանը մեկնաբանած է: Անգլերէնով Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած երգ մըն ալ ունիմ Սէրուժ Պաղտասարեանին հետ` «Winds of The North», եւ ասոնց կողքին, նաեւ Շողիկին մեկնաբանած քանի մը երգը:

«Շ. Թ.».- Ըսեմ նաեւ, որ հիմա առանձին-առանձին կը հրապարակուին մեր երգերը, յուսամ` մօտիկ ապագային կը հրապարակենք Աշոտին եւ իմ գործունէութեան ամբողջական ալպոմը, որուն մէջ կը տեղադրենք բոլոր երգերուն բառերն ալ:

«Ա.».- Դուք, որ մեծ երաժիշտներու եւ յօրինողներու գործեր կատարած էք, մեծ բեմերու վրայ ելոյթներ ունեցած էք, ինչպէ՞ս կը գնահատէք նոր սերունդին հետ աշխատանքը:

Շ. Թ.- Ամէն բան սկիզբ մը ունի: Ես երաժշտութեան մէջ բաւական ճամբայ կտրած եմ, տարբեր բեմերու վրայ ելոյթներ ունեցած եմ, որոնց համար միշտ ալ Աստուծոյ շնորհակալ եմ: Բնական է, որ ես ալ սկիզբ մը ունեցած եմ: Կ՛ուզեմ իրենց ճամբան նոր սկսած երիտասարդները սերունդը քաջալերել եւ գնահատել: Ինծի համար մեծ ուրախութիւն է աշխատիլ ու գործակցիլ նոր սերունդին հետ: Մեծապէս կը քաջալերեմ Աշոտը` որպէս երիտասարդ գրող: Անոր գործերը հայրենի երաժիշտներն ալ սիրեցին ու բարձր գնահատեցին: Ձայնամարզութեան մէջ ալ կը քաջալերեմ աշակերտներս, որպէսզի համարձակ բեմ բարձրանան. իրենց միշտ կ՛ըսեմ, որ  առաջին անգամ մը կայ կեանքին մէջ, զոր պէտք է յաղթահարել. կ՛աշխատիմ իրենց մէջէն վախը վանել: Ինչո՞ւ չէ, եթէ առիթ ըլլայ, ես ալ իրենց հետ կ՛երգեմ` որպէս քաջալերանք: Ընդհանրապէս նոր սերունդը հեռու է դասական երաժշտութենէն կամ հայկական ռոմանսներէն: Կը նախընտրեմ տարբեր ձեւեր գտնել երիտասարդները սիրաշահելու, որ իրենք ալ ունկնդրեն դասական երաժշտութիւն:

Միշտ ուղղութիւն կու տամ աշակերտներուս` ըսելով, որ նախ պէտք է սորվին ճիշդը երգել, ապա դասականի արժէքները պահելով` բարձր մակարդակի հայկական երգ մեկնաբնեն: Մենք պիտի աշխատինք մեր ժողովուրդի երաժշտական ճաշակը զարգացնել: Ես ինչ որ կ՛ընեմ, ազգիս եւ ժողովուրդիս համար կ՛ընեմ: Երաժշտութիւնը գործարարութեան չեմ վերածած: Գոհ եմ, որ կը պահեմ դասական երաժշտութիւնը եւ կ՛աշխատիմ երաժշտական լաւ անուն մը ձգել յառաջիկայ սերունդներուն:

«Ա. Բ.».- Այսօր նոր թափ մը կայ երիտասարդութեան մէջ: Հայ երաժշտութիւնը պէտք է դիւրահաս դարձնել:  «Երգեր» ափ-ին կ՛ուզեմ անդրադառնալ, թէ ինչպէ՛ս երեք երիտասարդներ բաւական տքնաջան աշխատանքով յաջողեցան հայ հասարակութեան տրամադրել երգի եւ երաժշտութեան ընդարձակ աշխարհ մը, որուն մէջ նաեւ կան Շողիկին երգերը. վստահ ենք` շուտով «Երազ»-ն ալ կը տեղադրուի այդ ծրագիրին մէջ:

 

Երազ

Երազ էիր, երազ մնաս,
Թէ միայն երազով կը զգաս,
Ես յետ այսու չեմ քնանար,
Դու էլ մնաս անմխիթար:

Թէ երազիս ինձ պիտ՛ սիրես
Շրթունքներէս համբոյր քաղես,
Աչքերս իմ, ալ չփակեմ…
Շրթներդ անոյշ անբիծ պահեմ:

Թէ երազիս ինձ պիտ՛ յիշես,
Աչքերուդ փայլքով ինձ գրկես,
Անքուն արթուն արցունք թափեն:

Թէ երազով դու միայն իմն ես
Ու չես բաժնուիր իմ սրտէս,
Աչքերս բաց սիրտս փակեմ
Ու քեզ բնաւ չվայելեմ:

ԱՇՈՏ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

 Վարդ Մը Գետինը

Վարդ մը գետինը գեղեցիկ,
Անկիւն մը անհոգ շպրտուած,
Կարմրութիւնը ցնդած, թոշնած,
Հովին հետ պարող մերկ թերթիկ:

Ա՜խ, ո՞վ էր տէրը այս վարդին,
Որո՞ւ սիրտը անտէր, սառած
Կը փնտռէ վարդը, շուարած,
Տանջուած յուշերով սիրածին:

Քմծիծաղով մերժուած վարդ մը,
Ցաւ ու տանջանք, մերժուած սէր,
Հովին տրուած թաց արցունքներ,
Փոշով խոցուած անբոյժ սիրտ մը:

Ահա անեղանակ պար մը,
Արցունքոտ հով ու մերկ թերթիկ,
Իրար գրկելով գեղեցիկ
Կը պարեն սիրոյ դրուագ մը:

ԱՇՈՏ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ 

 

 

Նախորդը

«Մեր Նպատակն Է Դիւանագիտական Աւելի Հաստատ Ներկայութիւն Դառնալ Հայաստանի Մէջ». Քանատայի Արտաքին Գործոց Նախարար Քրիստիա Ֆրիլանտ

Յաջորդը

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի Յայտարարութիւնը` Հայկական Դպրոցներուն Դէմ Կատարուած Անարգ Յարձակումին Առիթով

RelatedPosts

Հոգեկան Սլացք Եւ Աննկարագրելի Ապրում Է Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի Սրբադասումը». Մաշտոց Թ. Ծ. Վրդ. Զահթէրեան
Հարցազրոյց

Հոգեկան Սլացք Եւ Աննկարագրելի Ապրում Է Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի Սրբադասումը». Մաշտոց Թ. Ծ. Վրդ. Զահթէրեան

Հոկտեմբեր 16, 2025
Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբ.  «Մարդը Աթլանթիսէն» Թատերախաղին Մասին Հեղինակ Վաչէ Ատրունիի Եւ Բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի Հետ Յատուկ Հարցազրոյց
Հարցազրոյց

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբ. «Մարդը Աթլանթիսէն» Թատերախաղին Մասին Հեղինակ Վաչէ Ատրունիի Եւ Բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի Հետ Յատուկ Հարցազրոյց

Հոկտեմբեր 6, 2025
Զրոյց` Իրաքահայ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Կարապետ Գալուստեանի Հետ
Հարցազրոյց

Զրոյց` Իրաքահայ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Կարապետ Գալուստեանի Հետ

Սեպտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?