Միացեալ Նահանգներու ազգային հետախուզական ծառայութեան ղեկավար Տանիէլ Քոութս Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան հետախուզութեան հարցերով յանձնախումբի աշխարհի վրայ զինուորական տագնապներու սպառնալիքներու վտանգներու գնահատման վերաբերեալ ուղերձին մէջ անդրադարձած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին:
Ան նշած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ շրջանային լարուածութիւնը կը շարունակէ Ռուսիոյ մասնակցութեամբ լայնածաւալ զինուորական տագնապի հաւանական աղբիւր հանդիսանալ:
Յիշեցնենք, որ փետրուար 2018-ին Քոութս նոյնպիսի յայտարարութիւն մը կատարած էր: Ան նշած էր, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրին շուրջ լարուածութիւնը 2018-ին կրնայ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ լայնածաւալ զինուորական տագնապի վերածուիլ:
Նախորդ տարի եւս Քոութս նշած էր, որ Ռուսիոյ ներգրաւումը շատ հաւանական է, որովհետեւ այդ երկիրը պիտի ուզէ աջակցիլ իր շրջանային դաշնակիցին` Հայաստանին:



