Ուրբաթ, 25 յունուար 2019-ի յետմիջօրէին, ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վահէ Անտոնեան եւ Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի Արեւմտեան Շրջանի ատենապետ Յակոբ Տէր Յակոբեան աշխատանքային հանդիպում մը ունեցան Քանատայի Պրիթիշ Քոլոմպիա նահանգի առողջապահութեան նախարար Ատրիան Տիքսի հետ` նախարարին Վանքուվըրի գրասենեակին մէջ:
Հանդիպման ընթացքին նախարարին ներկայացուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան եւ ժողովուրդին ներկայ իրավիճակը, արձանագրուած յաջողութիւններն ու մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ անդրադարձ կատարուեցաւ զանազան երկիրներու եւ նահանգներու կողմէ Արցախի նկատմամբ ցուցաբերուած զօրակցութեանց ու աջակցութեանց:
Հայ դատի յանձնախումբի անդամները հրաւիրեցին նախարարը, որ այցելէ Արցախ եւ Հայաստան: Նախարարը ընդունեց հրաւէրը եւ վստահեցուց, որ ամէնէն յարմար առիթին պիտի իրականացնէ սոյն այցելութիւնը: Ան խոստացաւ նաեւ Արցախն ու հայութիւնը յուզող զանազան հարցերու քննարկման համար յատուկ հանդիպում մը նախաձեռնել Քանատայի վարչապետին հետ:



