 Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը 2019 տարին հռչակած է «Հայ մամուլի տարի»:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը 2019 տարին հռչակած է «Հայ մամուլի տարի»:
Իր պատգամին մէջ Արամ Ա. մանրամասնօրէն եւ ամենայն բծախնդրութեամբ կը ներկայացնէ հայ մամուլը` սկսելով անոր ծննդոցէն` հեռաւոր Մատրասէն (Հնդկաստան), յանձինս Յարութիւն քհնյ. Շմաւոնեանի, որ լոյս ընծայած է հասարակական, գիտական եւ գրական բնոյթ ունեցող «Ազդարար»-ը` 1794-ին: Ապա, զանազան գաղթօճախներու մէջ, կարճ տեւողութեամբ, հրատարակուած են պարբերաթերթեր:
Եթէ այս օրերուն Յարութիւն քհնյ. Շմաւոնեան ողջ ըլլար եւ հայ վաճառականներու ժամանումով հեռաւոր արեւելեան երկիրներու մէջ փոքր գաղութներ ստեղծուած ըլլային, ան երբեք պիտի չմրոտէր իր ձեռքը` ո՛չ կապարով, ո՛չ ալ մելանով, այլ առցանց միջոցներով կապ պիտի հաստատէր, եւ տեղւոյն ընթերցող հայորդիներն ալ իրարու հետ պիտի կարենային նամակցիլ: Քայլ մը անդին երթալով, անոնց համար մամուլի ներկայութիւնն ալ երկրորդական պիտի ըլլար` նկատի ունենալով առցանց միջոցներով ստեղծուած ելեկտրոնային տեղեկութիւններու դիւրութիւնները: Հաւանաբար Յարութիւն քհնյ. Շմաւոնեան պիտի չկարենար նոյնիսկ «Ազդարար»-ի ելեկտրոնային արդի հրատարակութիւն մը պատրաստել:
… Այսպէս, ամուլ է մամուլը: Կարկինը աւելի նեղցնելով` ամուլ է հայ մամուլը:
Այո՛, հիւանդ, ապարդիւն ու անպտուղ է այս քարոզչական գործօնը:
Պատճառը թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին է:
Այսինքն թէ՛ մենք բոլորս յանցաւորը ենք… եւ միեւնոյն ժամանակ ալ մենք չենք:
Աւելի յստակացնելու համար, յատկապէս այս «մենք չենք»-ը յառաջացած ու կատարելագործուած քարոզչական բնագաւառն է, որ կ՛ընդգրկէ առցանցային անծայրածիր դաշտեր` Ֆէյսպուք, Թուիթըր, Ինսթակրամ եւ այլն: Դաշտեր, որոնք դժբախտաբար կ՛ողողուին մարախներով եւ ցեցերով:
Աւելի կարեւոր է խօսիլ յանցաւորը «մենք ենք»-ի մասին, որովհետեւ ի վերջոյ մենք ենք, որ ճիշդ կերպով գործելով այս «մենք չենք»-ի վիթխարի ալիքին դէմ` կրնանք եւ կարելիութիւնը ունինք ստեղծելու իւրայատուկ բնագաւառ մը` նորօրեայ արդի հայ մշակոյթ, արուեստ, գրականութիւն, լուրեր սփռող քարոզչական մեքենայ մը: Առ այդ, Արամ Ա. Կաթողիկոսը իր պատգամին մէջ կը նշէ. «Տեղեկատուական արհեստագիտութիւնը, հակառակ շարք մը վարչակարգերու կողմէ հաստատուած սահմանափակումներուն ու բանեցուող հակակշիռին, դարձած է աշխարհի ամէնէն հզօր ուժերէն մէկը, նոյնիսկ` յեղափոխութիւններ յառաջացնող, ատելութիւն հրահրող, իշխանութիւններ տապալող, կառոյցներ քանդող, դէպքեր այլափոխող, անձեր վարկաբեկող կամ հակառակը: Փաստերը պերճախօս են: Նշանները ցոյց կու տան, որ ներկայ ընթացքը կրնայ աւելի ուժեղ թափով շարունակուիլ` տեղեկատուական մարզը դարձնելով աւելի՛ տիրական ընկերութեան կեանքէն ներս»:
Սակայն այս իրավիճակը ստեղծած է առցանց եւ ելեկտրոնային անիշխանութիւն մը, ուր յօդուածագիրը, կամ, աւելի ճիշդը, կայքէջի ետին կանգնող անձը կրնայ մեծ իրարանցում ու փոթորիկ ստեղծել:
Այսպէս, արդի մամուլին եւ տեղեկատուական միջոցներուն անդրադառնալով` շատ կը խօսուի թափանցիկութեան մասին, սակայն` ո՛չ բոլորովին մերկ քարոզչական ոճին մասին, ուր ոեւէ անհատ իր «ես»-ը կը պարտադրէ` անտեսելով սահմաններն ու լսատեսողական բնագաւառի անգիր օրէնքները:
Մէկ խօսքով, ոսպը պէտք է զանազանել քարի կտորներէն: Թէեւ այս օրերուն կրնայ ըլլալ, որ ոսպն է քիչը, եւ քարն է շատը, երեւոյթ մը, որ նոյնիսկ անակնկալի պիտի մատնէր ոսպ մաքրելու գծով իւրայատուկ կարճ բանաստեղծութեան մը տէր Զահրատը: Ի դէպ, աւելի զարմացնելով պոլսահայ գրողը, այլեւս ոսպին եւ քարին հասկացողութիւնն ալ հարցադրումի տակ առնուած է: Ոմանց համար քարն է, որ ոսպի դեր ունի, իսկ ուրիշներուն համար` հակառակը:
Արամ Ա. կաթողիկոս իր հռչակած «Հայ մամուլի տարի» կոնդակին մէջ մանրամասնօրէն կը նկարագրէ հայ մամուլին դիմագրաւած մարտահրաւէրները:
Տեղին է շեշտել կոնդակին եզրակացութիւնը, որուն մէջ տարբեր կոչեր կ՛ուղղուին Արամ Ա.ին կողմէ, անոնց կարգին` «Մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն, հեռու մնալու կայքէջերու ճամբով հրամցուող ընդհանրապէս անորակ ու անդիմագիծ մամուլէն, եւ իրենց ամուր կապուածութիւնը գործնապէս արտայայտելու տպագիր հայ մամուլին նկատմամբ, բաժանորդագրուելով եւ հաղորդ դառնալով անոր բովանդակութեան»:
Այլապէս, ամուլ վիճակի մէջ է մեր մամուլը եւ առհասարակ տեղեկատուական բնագաւառը:
 
			

