«Ասպարէզ» կը հաղորդէ, որ 28-29 յունուարի լուսցող գիշերուան ընթացքին, Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Ֆերահեան երկրորդական վարժարանը եւ Քանոկա Փարքի ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանը թիրախ դարձած են ոստիկանութեան բնութագրումով` «ատելութեան միջադէպ» յարձակումի մը, որուն ընթացքին թրքական դրօշակներ կախուած են վարժարաններու տարածքին:
Մինչ Ֆերահեան վարժարանին մէջ դրուած են 11 թրքական դրօշակներ, Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանին բաժին ինկած է երկու թրքական դրօշակ:
Ֆերահեան վարժարանին մէջ տեղադրուած ապահովական սարքաւորումներէն տեսանիւթերը դիտելէ ետք կարելի եղած է եզրակացնել, թէ դէպքը տեղի ունեցած է երեքշաբթի օր, առաւօտեան ժամը 4:00-ի մօտերը, երբ դիմակաւոր անձ մը սկսած է դրօշակներ զետեղել նախ Ուայթ Օքս պողոտային յարող ցանկապատին վրայ, ապա այլ վայրերու մէջ:
Ոստիկանութիւնը կը քննէ երկու վարժարաններուն վրայ կատարուած յարձակումները:
Ծնողներուն յղուած նամակին մէջ, Ֆերահեան վարժարանի տնօրէն Սօսի Շանլեան կը գրէ, թէ անհրաժեշտ քայլերը առնուած են աշակերտութեան ապահովութիւնը երաշխաւորելու համար, մինչ օրուան ընթացքին աշակերտները սկսած են Հայաստանի յաւելեալ դրօշակներ կախել վարժարանի տարածքին:
Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի տնօրէնութիւնը եւս նման նամակ մը յղած է վարժարանի ծնողներուն:



