Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակը առաջարկած է Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպանի պաշտօնական նստավայրի փողոցը վերանուանել յայտնի իրաւապաշտպան, Օսմանեան կայսրութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու վերջին դեսպան, Հայոց ցեղասպանութեան ականատես Հենրի Մորկընթաուի անունով:
Յիշեցնենք, որ 2017-ին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի Ուաշինկթըն այցելութեան ընթացքին, անոր թիկնապահները այդ փողոցին մէջ դաժանաբար ծեծած էին անոր այցելութեան դէմ բողոքող խաղաղ ցուցարարները: