Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնած է, որ կարգ մը երկիրներ հայ ահաբեկիչներ օգտագործած են Թուրքիոյ դէմ: Ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ 25 յունուարին այս մասին հաղորդած են թրքական լրատուամիջոցները:
«Այսօր այդ ուժերն ու երկիրները նաեւ կ՛ուզեն վնաս պատճառել Թուրքիոյ եւ թուրք ժողովուրդին», աւելցուցած է ան:
«Թրքական սահմանին վրայ ներկայ զարգացումները, ինչպէս նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ արձանագրուած զարգացումները ընդհանուր առմամբ ուղղուած են թրքացեղ ժողովուրդներուն դէմ», ըսած է Թուրքիոյ նախագահը: