Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Բիւրոյի նորընտիր ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը եւ Բիւրոյի անդամները:
«Կ՛ողջունեմ յարգելի՛ գործընկերներ: Յարգելի՛ պարոն Տէր Խաչատուրեան, ուրախ եմ մեր ծանօթութեան համար, կ՛ուզեմ շնորհաւորել անձամբ ձեզ եւ Բիւրոյի միւս ընտրուած անդամները, մաղթել ամենայն յաջողութիւն` ի բարօրութիւն Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի Հանրապետութեան, եւ ընդհանրապէս մեր ժողովուրդի: Վստահաբար, ես միշտ ըսած եմ, որ շատ բարձր կը գնահատեմ ՀՅԴ-ի գործունէութիւնը եւ կարեւոր կը նկատեմ հետագայ գործունէութիւնը: Մեր կառավարութիւնը միտուած եւ հակուած է լայն ու արդիւնաւէտ համագործակցութիւն ունենալու Դաշնակցութեան հետ, որովհետեւ հասկնալի է, որ մենք շատ հարցերու մէջ նոյն տեսակէտը չունինք, բայց պակաս չեն հարցերը, որոնց վերաբերեալ առնուազն մեր ընկալման ուղղութիւնները կը համընկնին: Այնպէս որ, ուրախ եմ այս առիթին համար, նաեւ համոզուած եմ, որ ընթացիկ հարցեր քննարկելու առիթ պիտի ունենանք: Կրկին կը շնորհաւորեմ անձամբ ձեզ եւ Բիւրոյի միւս անդամները ընտրութեան առիթով», նշած է վարչապետ Փաշինեան:
«Շնորհակալութիւն պարոն վարչապետ: Նախ կ՛ուզեմ անձամբ շնորհաւորել ձեզ` վարչապետի պաշտօնին վերընտրուելու առիթով, նաեւ շնորհակալութիւն յայտնել տակաւին մեր ժողովէն առաջ հրաւէր ուղղելու համար, որպէսզի հանդիպիք Բիւրոյի նոր անդամներուն: Ուրախ եմ, որ կարելիութիւն կայ բաց զրոյց ունենալու: Ինչպէս առհասարակ կը նշենք մեր կարգախօսներուն մէջ` մեր նպատակն է ունենալ հզօր հայրենիք եւ սփիւռք, վստահ եմ, որ այդ ուղղութեամբ կան բաւական ոլորտներ, ուր պիտի կարենանք համագործակցիլ` ի շահ մեր ազգային առաջնահերթութիւններուն: Մենք միշտ պետութեան կողքին ենք` Հայաստանի, Արցախի, ինչպէս նաեւ մեր հայապատկան հողերուն մէջ ապրող հայերու իրաւունքներու ջերմ պաշտպանն ենք», իր կարգին նշած է ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան:
Հանդիպումի ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամները վարչապետին պատմած են օրերս Արցախի մէջ աւարտած ՀՅ Դաշնակցութեան Ընդհանուր ժողովի, կուսակցութեան առաջնահերթ խնդիրներուն եւ հետագայ ծրագիրներուն մասին:




