Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը միշտ ալ անհրաժեշտ նկատած է Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ ռազմաքաղաքական դաշինքի մասին համաձայնագիրի ստորագրումը: Այս մասին «Թերթ»-ին հետ (լրագրող Տիգրանուհի Մարտիրոսեան) զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի նորընտիր անդամ Արսէն Համբարձումեան:
Ան նշեց, որ ասիկա նոր օրակարգ չէ, ՀՅԴ-ն միշտ կարեւոր նկատած է Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ իրաւական հիմք ստեղծելու անհրաժեշտութիւնը:
«Պարբերաբար հարցը բարձրացուած է տարբեր ձեւաչափերով, բայց, դժբախտաբար, հարցը վերջնական լուծում չէ ստացած: Ներկայ քաղաքական իրավիճակին մէջ հարցը պէտք է դառնայ քննարկման առարկայ», ըսաւ Ա. Համբարձումեան:
Անդրադառնալով այն դիտարկման, թէ ՀՅԴ-ն տարբեր տարիներու համաձայնական կառավարութիւններու մաս կազմած է, իշխանութիւն ձեւաւորած, ինչո՞ւ այդ ժամանակ նման փաստաթուղթ չէ մշակուած, ան ըսաւ. «Տեսակէտներու տարբերութիւն եղած է: Նոր չէ, որ անոր մասին կ՛ըսենք: Նախապէս ալ մենք մեր մօտեցումները կ՛արտայայտէինք: ՀՅԴ-ի հրապարակած 7 կէտնոց օրակարգին մէջ ալ, եթէ կը յիշէք, ասիկա եղած է: Ապրիլեան դէպքերէն ետք արտաքին գործոց նախարարը ըսած էր, որ նախագիծը մշակուած է, բայց ինչ ինչ պատճառներով հարցը չքննարկուեցաւ: Այնպէս չէ, որ համաձայնական կառավարութեան մէջ եղած ժամանակահատուածին անխտիր բոլոր հարցերու հետ կապուած եղած է միանման մօտեցում»:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ՀՅԴ-ն ընդդիմութիւն է, դժուար չէ՞ իշխանութիւնները համոզել, Համբարձումեան ըսաւ, թէ հարցը յառաջ մղելու համար եղանակներ կարելի է գտնել, պարտադիր չէ խորհրդարանին մէջ ներկայացուած ըլլալը:



