Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութիւնը պատժամիջոցներ հաստատած է Երեւանի մէջ գործող «Ֆլայթ Թրավըլ» ընկերութեան դէմ, որ ընդհանուր վաճառքի գործակալի կարգավիճակով ծառայութիւններ կը մատուցէ արդէն ամերիկեան պատժամիջոցներու ցանկին վրայ գտնուող իրանեան մէկ այլ ընկերութեան` «Մահան էր»-ին:
Ըստ ամերիկեան կողմին, «Ֆլայթ Թրավըլ» ընկերութիւնը Հայաստանի մէջ կը ներկայացնէ «Մահան Էր»-ի շահերը եւ կը գործէ յանուն այդ ընկերութեան:
Բացի ատկէ, Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութիւնը պատժամիջոցներու ենթարկած է Իրանի աջակցութեամբ Սուրիոյ մէջ մարտնչող օտարերկրացիներէ կազմուած երկու խմբաւորումներու եւ իրանեան մէկ այլ օդանաւային ընկերութեան` «Քեշմ Ֆարս Էր»-ի դէմ:
Ելեւմուտքի նախարարութեան համաձայն, պատժամիջոցներու ենթարկուած բոլոր չորս նոր միաւորները կապ ունին Իրանի Յեղափոխական պահակագունդին մաս կազմող «Քուտս» ջոկատին հետ համագործակցող «Մահան Էր» օդանաւային ընկերութեան հետ: