Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանը 25 յունուարին ընդունած է ՀՅԴ Բիւրոյի նորընտիր ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը եւ Բիւրոյի անդամ Արմէն Ռուստամեանը:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ Արցախի նախագահի պաշտօնական կայքը` նախագահ Սահակեանը շնորհաւորած է Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը` ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ եւ Արմէն Ռուստամեանը` Բիւրոյի անդամ ընտրուելու համար, նաեւ մաղթած է արդիւնաւէտ աշխատանք ու ամենայն բարիք:
Բակօ Սահակեանը յոյս յայտնած է, որ Դաշնակցութիւնը ասկէ ետք եւս իր ուշադրութեան յատուկ առարկան շարունակէ պահել Արցախը` գործօն մասնակցութիւն ունենալով հանրապետութեան զարգացմանն ու զօրացման աշխատանքներուն մէջ:
Հանդիպումին ներկայ եղած է ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանը:



