Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Արցախեան Հիմնախնդիրին Վերաբերեալ Իրանի Բազմիցս Արտայայտած Հաւասարակշռուած Դիրքորոշումը Որեւէ Փոփոխութեան Չէ Ենթարկուած» Կ՛ըսէ Վեճտանի

January 19, 2019
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան Դիմատետրի վրայ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը` յայտնելով, որ նախարարութեան պաշտպանական քաղաքականութեան վարչութեան պետ Լեւոն Այվազեան ընդունած է Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպանատան զինուորական կցորդ Մահտի Վեճտանին:

«Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են պաշտպանութեան ոլորտին մէջ երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման ընթացիկ խնդիրներն ու յառաջիկայ ընելիքները: Կողմերը անդրադարձած են նաեւ 16 յունուարին Իրանի իսլամական հանրապետութեան զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետ զօր. Մոհամետ Պաղերիի` Ազրպէյճան կատարած այցելութեան եւ վերջինիս` Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցին շուրջ արտայայտած դիրքորոշման վերաբերեալ ազրպէյճանական մամուլին մէջ շրջանառուող տեղեկատուութեան: Իրանի իսլամական հանրապետութեան զինուորական կցորդը վերահաստատած է բազմիցս արտայայտուած Իրանի հաւասարակշռուած դիրքորոշումը արցախեան հիմնախնդիրին վերաբերեալ, ընդգծած է, որ անիկա որեւէ փոփոխութեան չէ ենթարկուած, եւ մամուլին մէջ ներկայացուող տեղեկատուութիւնն ու ատոր զանազան մեկնաբանութիւնները կ՛աղաւաղեն զայն», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

«Շեշտելով երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող քաղաքական բարձր մակարդակի յարաբերութիւնները, կողմերը վստահութիւն յայտնած են, որ յառաջիկային բարձրաստիճան փոխադարձ այցելութիւններու եւ անոնց ընթացքին տարբեր հարցերու շուրջ պաշտօնական դիրքորոշումներ արտայայտելու բազմաթիւ առիթներ պիտի ըլլան: Այս առումով Լեւոն Այվազեանն ու Մահտի Վեճտանին կարեւոր նկատած են պաշտպանութեան ոլորտին մէջ յարաբերութիւններու զարգացումը` ի նպաստ շրջանային կայունութեան, խաղաղութեան եւ անվտանգութեան ամրապնդման», կը հաղորդէ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան բանբերը:

Իրանեան ԻՐՆԱ պետական լրատու գործակալութիւնը, վկայակոչելով ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութեան հաղորդագրութիւնը, հաղորդած էր, որ Պաղերի չորեքշաբթի օր Պաքուի մէջ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպումի ընթացքին յայտարարած է, թէ Իրան ղարաբաղեան հողերը կը նկատէ ազրպէյճանական, կը զօրակցի եւ այսուհետեւ ալ պիտի զօրակցի Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան:

«Սահմաններու բռնի միջոցներով փոփոխութիւնը» անընդունելի նկատելէ ետք Պաղերի աւելցուցած է. «Իրան այդ հարցին մէջ միշտ Ազրպէյճանի կողքին է»:

Ալիեւ իր կարգին Իրանի ղեկավարութեան յայտնած է իր երախտագիտութիւնը «եղբայրական այդ դիրքորոշումին համար» եւ ընդգծած, որ Ազրպէյճան բարձր կը գնահատէ «այդ արդարացի դիրքորոշումը»:

 

Նախորդը

Ամերիկայի Հայ Դատի Գրասենեակի Սուր Արձագանգը` Արցախի Հարցով Ձեռք Բերուած «Համաձայնութեան»

Յաջորդը

Քանատայի Խորհրդարանի Անդամը Հայ Դատի Յանձնախումբին Հետ Խորհրդակցած Է Արցախեան Տագնապին Մասին

RelatedPosts

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը

February 3, 2026
«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել»  Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ
Գլխաւոր լուրեր

«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել» Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ

February 3, 2026
Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.