ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները 16 յունուարին Փարիզի մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումէն ետք հրապարակած էին յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կ՛ըսուէր. «Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւններու ղեկավարները քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման առնչուած բազմաթիւ հարցեր ու համաձայնութիւն գոյացուցած այն հարցին շուրջ, թէ պէտք է յստակ քայլերու ձեռնարկել` երկու ժողովուրդները խաղաղութեան նախապատրաստելու համար»:
Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան իր Դիմատետրի էջին վրայ գրած է. «Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները «համաձայնած են այն հարցին շուրջ, որ պէտք է յստակ քայլերու ձեռնարկել` երկու ժողովուրդները խաղաղութեան նախապատրաստելու համար»:
«Իւրաքանչիւրն ալ «խաղաղութիւն» կ՛ուզէ, ատիկա յստակ է, սակայն «սատանան» մանրամասնութիւններուն մէջ է, որոնք կ՛արժէ ուսումնասիրել ՀԻՄԱ, քանի տակաւին Արցախի կորուստին դանդաղօրէն յանգեցուցած լաւ մտադրութիւններու եւ քաղաքավարի դիւանագիտութեան պատճառով դառն ափսոսանքով ետ չենք նայած:
«Սեղանին վրայ դրուած համաձայնութիւնը յայտնի է իբրեւ «Մատրիտեան սկզբունքներ»: Անոնք Արցախին կոչ կ՛ուղղեն` նախնական, ռազմավարական, տարածքային եւ անդառնալի զիջումներ կատարելու Ազրպէյճանի յետաձգուած, անորոշ եւ շրջելի խոստումներուն դիմաց, այսինքն` հող` փաստաթուղթի դիմաց:
«Յանուն «խաղաղութեան»` այս գործարքին աջակցիլը հայերէն պիտի պահանջէ հրաժարիլ ո՛չ միայն գիտակցութենէն, այլ նաեւ ինքնապահպանական բնազդէն`
«1) հաւատալով, թէ Արցախի այս հսկայական տարածքներու յանձնումը ձեւով մը Արցախը պիտի դարձնէ աւելի ապահով կամ Ազրպէյճանը նուազ յարձակողապաշտ:
2) հաւատալով, թէ Արցախի կողմէ տարածքներու յանձնումին պիտի յաջորդէ այն քայլը, որ Ազրպէյճան պիտի հրաժարի Արցախի գերիշխանութեան դէմ իր նկրտումներէն,
3) հաւատալով, որ եթէ Ազրպէյճան վերականգնէ Արցախի «ինքնավարութիւն»-ը (խորհրդային շրջանի ոճով), ատիկա պիտի յանգեցնէ խաղաղ եւ կայուն համակեցութեան,
4) հաւատալով, թէ Արցախի շուրջ տեղակայուած միջազգային խաղաղապահները իսկապէս պիտի վտանգեն իրենց կեանքը` արգելակելու համար ազրպէյճանական նոր յարձակումները:
5) հաւատալով, որ արդարացի պիտի ըլլայ հարուած հասցնել Արցախի զինուորական զիջումներուն, այն պարագային, երբ Ազրպէյճան կը յետաձգէ իր անորոշ (յաճախ փոխուող) խոստումներու իրականացումը,
6) հաւատալով, թէ Արցախը պէտք է միջազգային համաձայնագիրի առարկայ ըլլայ` առանց անոր լիիրաւ մասնակցութեան»:



