«Հիւսիսային Սուրիան Պէտք Է Ըլլայ Սուրիական Վարչակարգի Վերահսկողութեան Տակ» Կ՛ըսէ Լաւրով
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ Մոսկուան հետաքրքրուած է Իտլիպի շուրջ ռուս-թրքական համաձայնութեան գործադրումով` աւելցնելով. «Իտլիպի վերաբերեալ բոլոր մանրամասնութիւնները պիտի քննարկուին Փութինի եւ Էրտողանի միջեւ յառաջիկայ հանդիպումին ընթացքին»:
Ինչ կը վերաբերի սուրիացի գաղթականներու թղթածրարին, Լաւրով ՄԱԿ-ը նկատեց Ռաքպան գաղթակայանի գաղթականներուն շուրջ ստեղծուած կացութեան ամբողջական պատասխանատուն:
«Կը պնդենք այդտեղ մարդասիրական օժանդակութիւններու մատակարարման ամբողջական թափանցիկութիւնը ապահովելու անհրաժեշտութեան վրայ, որպէսզի այդ օժանդակութիւնները ահաբեկիչներուն ձեռքը չ՛անցնին», աւելցուց ան:
Ռուսական դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ Ռուսիան ներկայիս կը զօրակցի քիւրտերուն եւ սուրիական իշխանութիւններուն միջեւ հաղորդակցութիւններուն:
«Այն հողերը, որոնցմէ հեռացած են ամերիկացիները, պէտք է յանձնել սուրիական կառավարութեան», նշեց ան` յայտարարելով, որ Սուրիոյ բանակը պէտք է ստանձնէ հիւսիսային Սուրիոյ վերահսկողութիւնը:
«Մենք ունինք այն համոզումը, թէ միակ եւ լաւագոյն լուծումը այդ շրջանները սուրիական կառավարութեան, սուրիական ապահովական ուժերուն եւ վարչական կառոյցներուն վերահսկողութեան փոխանցելն է», նշեց Լաւրով:
Քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու բարձրաստիճան պատասխանատուներէն Պետրան Չիյա Քուրտ յայտարարեց, թէ Սուրիոյ քիւրտերը դէմ են Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ միացեալ ջանքերով հիւսիսային Սուրիոյ մէջ անվտանգութեան գօտի ստեղծելու գաղափարին:
Ըստ քրտական կողմին, այդպիսի քայլ մը կը նշանակէ թրքական բռնագրաւումին յանձնել այդ տարածքները:
Ան նշած է, որ իրենք պիտի ընդունին միայն ՄԱԿ-ի վերահսկողութեան տակ գտնուող միջազգային ուժերը: Իբրեւ այլընտրանքային տարբերակ` քիւրտերը չեն բացառեր սուրիական բանակին կից զինուորական որոշ միաւորումներու հետ համագործակցութիւնը:
Քիւրտ ղեկավար Էլտար Խալիլ իր կարգին ԱՖՓ-ին յայտնեց. «Սուրիոյ քիւրտերը կը մերժեն երկու երկիրներու սահմանին սուրիական կողմի երկայնքին թրքական վերահսկողութեան տակ անվտանգութեան գօտիի ստեղծման առաջարկը»:
«Կարելի է Թուրքիոյ եւ հիւսիսային Սուրիոյ միջեւ անջատման գիծ մը ստեղծել ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժեր բերելով կամ Թուրքիոյ վրայ ճնշում բանեցնելով, որպէսզի մեր շրջաններուն դէմ յարձակում չգործէ: Մնացեալ ընտրանքները կարելի չէ ընդունիլ, որովհետեւ կ՛ոտնահարեն Սուրիոյ գերիշխանութիւնն ու մեր ինքնակառավարման գերիշխանութիւնը», նշեց ան:
Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ սպառնացած էր Թուրքիան տնտեսապէս քանդել, եթէ Սուրիոյ քիւրտերուն դէմ յարձակում գործէ: Երեքշաբթի օր, սակայն, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան` մեկնաբանելով այդ սպառնալիքն ու ատոր հետեւած իրենց հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը, նշած էր, որ պատմական կարեւորութիւն ունեցող փոխըմբռնում գոյացուցած են:
Ըստ Էրտողանի, Միացեալ Նահանգներն ու Թուրքիան կրնան համաձայնութիւն գոյացնել հիւսիսային Սուրիոյ մէջ անվտանգութեան գօտի ստեղծելու շուրջ: