Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԹՈՒՐՔԻԱ ՍՈՒՐԻՈՅ ՆԵՐՔԻՆ ՀԱՐՑԵՐՈՒՆ Չ՛ՈՒԶԵՐ ՄԻՋԱՄՏԵԼ» Կ՛ԸՍԷ ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒ

December 10, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու երէկ յայտարարեց, որ «չենք ուզեր Սուրիոյ ներքին հարցերուն միջամտել», սակայն ընդգծեց, որ «ձեռնածալ պիտի չմնանք, եթէ շրջանային ապահովութիւնը վտանգի ենթարկուի»: ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Անգարա Ասատին կոչ կ՛ուղղէ` իր հաւաստիութիւնը փաստելու համար ցուցարարներ սպաննողները պատժելու:

Թրքական «Զաման» օրաթերթը հաղորդեց, որ Անգարա Սուրիոյ դէմ իր հաստատած պատժամիջոցներուն ծիրին մէջ իր դրամատուներուն մօտ պահ դրուած 120 միլիոն տոլար արժողութեամբ սուրիական գումարներ սառեցուցած է: Թրքական աղբիւրներ օրաթերթին նշած են, որ պահ դրուած գումարները կը պատկանին Սուրիոյ Կեդրոնական դրամատան եւ Սուրիոյ Առեւտրական դրամատան:

Մինչ Սուրիոյ պետական «Սանա» լրատու գործակալութիւնը երեքշաբթի օր հաղորդած էր, որ Սուրիոյ սահմանապահ ուժերը ձախողութեան մատնած են Իտլիպ նահանգի Այն Պայտա գիւղին մօտ գտնուող վայրէ մը 35 անձերէ բաղկացած զինեալ խումբի մը Սուրիա ներթափանցելու փորձը` վիրաւորելով անոնցմէ շատեր եւ դէպի Թուրքիա փախուստի մատնելով խումբը, «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը երէկ դէպքին մէկ այլ տարբերակը հաղորդեց: Ըստ «Արապիա»-ի, սուրիական բանակը կրակ բացած է թրքական բանակի դիրքերուն ուղղութեամբ, ինչ որ Թուրքիա-Սուրիա սահմանին վրայ լարուածութիւն յառաջացուցած է: «Արապիա» նաեւ կը հաղորդէ, որ սուրիական բանակը Գամիշլիի մէջ հրասայլեր տեղակայած է` առ ի պատրաստութիւն արտաքին զինուորական միջամտութեան մը դիմակայման:

Դիւանագիտական գետնի վրայ` Ռուսիայէն, Չինաստանէն, Հնդկաստանէն, Պրազիլէն եւ Հարաւային Ափրիկէէն բաղկացած «Պրիքս» համախմբումը վերահաստատեց «Սուրիոյ ներքին հարցերուն արտաքին միջամտութեան իր կտրուկ մերժումը»: ՄԱԿ-ի մօտ Ռուսիոյ մնայուն պատուիրակը այս իմաստով նամակ մը յղեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունին:

Նամակը կը նշէ, որ «Պրիքս» երկիրներու համախմբումը կը պահանջէ արգիլել ՄԱԿ-ի ուխտին չհամապատասխանող որեւէ միջամտութիւն, եւ սուրիական ներքին տագնապի լուծման միակ ընտրանքը, ինչպէս Արաբական լիկայի նախաձեռնութիւնը կը յանձնարարէր, առնչակից կողմերուն միջեւ անմիջապէս երկխօսութեան սկսիլն է` նկատի առնելով սուրիացի ժողովուրդին ձգտումները:

Նամակը կ՛ընդգծէ, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը «նախ եւ առաջ համաշխարհային խաղաղութեան եւ ապահովութեան զօրավիգ կանգնելու պատասխանատուութիւնը կը կրէ»:

Մինչ այդ, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ժիհատ Մաքտիսի նշեց, որ նախարարութիւնը ստացած է արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմի` Սուրիա դէտեր ուղարկելու արձանագրութեան ստորագրութեան առնչուող նամակին վերաբերեալ Արաբական լիկայի պատասխան նամակը: Ան նշեց, որ Արաբական լիկայի պատասխանը սուրիական ղեկավարութեան կողմէ տակաւին կը սերտուի:

Նշենք, որ ըստ մամլոյ տեղեկութեանց, Սուրիոյ հարցով արաբական նախարարական յանձնախումբը այսօր Տոհայի մէջ ժողով մը պիտի գումարէ` քննարկելու համար արձանագրութեան ստորագրութեան համար Սուրիոյ ճշդած պայմանները:

Նախորդը

ԻՐԱՆ ՔԻ ՄՈՒՆԷՆ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ ԻՐ ՕԴԱՅԻՆ ՏԱՐԱԾՔԻ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԽԶՈՒՄԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԵԼ

Յաջորդը

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.