Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԻՐԱՆ ՔԻ ՄՈՒՆԷՆ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ ԻՐ ՕԴԱՅԻՆ ՏԱՐԱԾՔԻ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԽԶՈՒՄԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԵԼ

December 10, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ամերիկեան անօդաչու թռչող սարքը

Իրանի արտաքին գործոց նախարարը ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունին եւ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի նախագահին յղեց բողոքագիր մը, որուն մէջ Միացեալ Նահանգները ամբաստանեց Իրանի դէմ գրգռիչ եւ գաղտնի արարքներ գործելու յանցանքով` նշելով, որ ամերիկեան ուժերու` իրանեան օդային տարածքը խզելով եւ 250 քիլոմեթր յառաջանալով հիւսիսային Թապաք շրջան հասնիլը իրանեան ուժերը մղած է արագ միջոցառումի դիմելու:

Իրան ըսաւ, որ այս անարդարանալի ոտնձգութիւնը իր դէմ թշնամական արարքի համարժէք է, այսինքն` միջազգային օրէնքի յստակ խախտում մը: Թեհրան միջազգային ընտանիքէն պահանջեց դատապարտել այդ արարքը եւ վտանգաւոր արարքներուն վերջ տալու համար յստակ միջոցառումներ եւ անոր նկատմամբ կեցուածք որդեգրել:

Մինչ այդ, իրանեան պետական պատկերասփիւռը ցուցադրեց վերջերս Իրանի կողմէ վար առնուած ամերիկեան «Առ.Քիու.-170 Սենթինել» անօդաչու թռչող սարքը:

«Նասիմ օնլայն» լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Իրանի արտաքին քաղաքականութեան եւ ազգային անվտանգութեան կոմիտէի նախագահ Ալատտին Պորուճերտի յայտարարած է, որ Իրանի կողմէ ամերիկեան նորագոյն թռչող անօդաչու եւ ռատարներէ անտեսանելի եղող սարքը հանրութեան ներկայացնելու նպատակը իրանեան վարչակարգի ուժը ցուցադրելն է:

Ըստ Պորուճերտիի, վար առնուած ամերիկեան անօդաչու թռչող սարքը պարզ պատգամ մըն է արեւմտեան երկիրներուն, որոնք պէտք է հասկնան Իրանի հզօրութիւնն ու այլեւս նման սխալներ չգործեն: «Ամերիկեան անօդաչու թռչող սարքի վար առնուիլը ամբողջ աշխարհի զանգուածային լրատուամիջոցներուն կողմէ բուռն արձագանգ յառաջացուցած է: Նոյնիսկ Չինաստանն ու Ռուսիան զարմացած են մեր զինուորական մեծ ուժին»:

Իրանեան կողմը արդէն յայտարարած է, որ մտադիր է օգտագործել այդ սարքի  նորագոյն ճարտարագիտութիւնը, եթէ կը գերազանցէ Իրանի բանակին մէջ գոյութիւն ունեցող ճարտարագիտութեան: Աւելի՛ն. Իրան պատրաստ է դէպքերու զարգացման նմանատիպ դիպաշարերու պարագային արտադրել ամերիկեան «Առ.Քիու-170 Սենթինել» տիպի անօդաչու թռչող սարքեր: Ըստ ամերիկեան տեղեկատուութեան, «Քանտակարի հրէշ» անունով ծանօթ նշեալ սարքը զննողական առաքելութեան ընթացքին ինկած է Իրանի տարածքին մէջ:

«Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներ Իրան ուղարկած են մասնայատուկ ուժերու գաղտնի խումբ մը, որուն պարտականութիւնն է գտնել եւ գրաւել կամ ամբողջութեամբ ոչնչացնել ռատարներէ անտեսանելի այդ թռչող սարքը` հետագայ օդային հարուածի համար փոխանցելով անոր գտնուած ճշգրիտ վայրը:

«Թեհրան Թայմզ» օրաթերթը իրանեան լաւատեղեակ զինուորական աղբիւրներ վկայակոչելով հինգշաբթի օր հաղորդած էր, որ ռուս եւ չինացի փորձագէտներ այդ սարքը քննելու դիմում ներկայացուցած են: Օրաթերթը նաեւ նշած էր, որ բացառուած չէ, որ նշեալ սարքը հասարակութեան ցուցադրուի:

Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներ կը հերքեն թռչող անօդաչու սարքին Իրանի կողմէ վար առնուելուն լուրը:

 

Նախորդը

ԸՍՏ ԹՐՔԱԿԱՆ ԼՐԱՏՈՒԱՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒՆ ՔԱՅԻՏԱ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԷՐ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՇԷՆՔԸ ՊԱՅԹԵՑՆԵԼՈՒ

Յաջորդը

«ԹՈՒՐՔԻԱ ՍՈՒՐԻՈՅ ՆԵՐՔԻՆ ՀԱՐՑԵՐՈՒՆ Չ՛ՈՒԶԵՐ ՄԻՋԱՄՏԵԼ» Կ՛ԸՍԷ ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.