Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիպիա Պոյքոթի Կ՛ենթարկէ Արաբական Տնտեսական Վեհաժողովին Իր Մասնակցութիւնը

Յունուար 14, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիպիոյ արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Սայյալա երէկ կէս գիշերին հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիպիա Պէյրութի մէջ տեղի ունենալիք Արաբական տնտեսական վեհաժողովին իր մասնակցութիւնը պոյքոթի պիտի ենթարկէ` Պէյրութի միջազգային օդակայանի ապահովութեան կողմէ լիպիացի գործարարներու Լիբանան մուտքը արգիլելու պատճառով, ինչպէս նաեւ բողոքելով իր երկրի դրօշակը անարգելու արարքին դէմ:

Արաբական Տնտեսական Վեհաժողովին Լիպիոյ Մասնակցութեան Հարցը Կը Բռնկեցնէ Ամալ Շարժումին Եւ Ազգային Ազատ Հոսանքին Միջեւ Սուր Բանավէճ Մը   

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շաբաթավերջին կատարեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ հաստատեց, որ Լիպիան Արաբական տնտեսական վեհաժողովին հրաւիրելը կատակ չէ` աւելցնելով, որ իրենք Լիպիոյ ժողովուրդին հետ հարցեր չունին, սակայն իմամ Մուսա Սատըրի եւ անոր երկու ընկերակիցներուն անյայտ կորսուելու թղթածրարը իրենց համար հիմնական է եւ սկզբունքային:

«Իմամ Սատըր Լիպիա չէր ուղղուած քաղաքական այցելութեան մը նպատակով, այլ` Լիբանանը պաշտպանելու նպատակով», ըսաւ ան:

Պըրրիի յայտարարութիւնները արձանագրեցին նաեւ մագլցում մը, որուն լոյսին տակ շեշտուեցաւ, որ եթէ ոմանք այն տպաւորութիւնը ձգած են, թէ իրենք քաղաքական 6 փետրուար մը պիտի կատարեն, «ապա կը հաստատենք, որ քաղաքական եւ ոչ քաղաքական 6 փետրուար մը պիտի գործադրենք», շեշտեց ան:

Անդրադառնալով Սուրիոյ հետ իր յարաբերութիւններուն` Պըրրի ընդգծեց, որ այդ յարաբերութիւնները կը մնան հաստատ եւ անփոփոխ:

Միւս կողմէ, Պըրրի շաբաթավերջին ենթարկուեցաւ վիրահատութեան մը եւ երեք ժամ հիւանդանոց մնալէ ետք վերադարձաւ Այն Թինէ:

Պասիլի Եւ Խրէյսի Միջեւ Սուր Բանավէճ

6 փետրուարի մասին Պըրրիի կատարած յայտարարութեան իբրեւ պատասխան, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ, նախագահելէ ետք Մոն Լա Սալի մէջ տեղի ունեցած Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան յատուկ խորհրդաժողովի մը,  երէկ երեկոյեան յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանքը լիբանանեան բանակին նման Լիբանանի հաւատարմութեան դպրոց մըն է:

Ան շեշտեց, որ իրենք պատմութեան մէջ կը ճանչնան 2006-ի փետրուար 6-ը, որուն ընթացքին Մար Մըխայէլ եկեղեցւոյ մէջ ստորագրուեցաւ Ազգային ազատ հոսանքին եւ Հըզպալլայի միջեւ փոխըմբռնումի համաձայնագիրը, որուն շնորհիւ լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը ամրապնդուեցաւ:

«Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի մօտ միայն 6 փետրուար 2006-ը եւ Մար Մըխայէլի համաձայնութիւնը գոյութիւն ունին, որպէսզի լիբանանցիներուն միջեւ միայն փոխըմբռնում ըլլայ», ըսաւ ան:

Պասիլ շեշտեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան իշխանութեան օրերուն չէ, որ պատնէշներ, նիւթական պարտաւորութիւններ եւ փտածութիւն գոյացած է, «ընդհակառակն` Ազգային ազատ հոսանքը ամէն ջանք ի գործ դրած է այդ պատնէշները վերացնելու, փոխըմբռնումը տարածելու եւ փտածութեան դէմ պայքարելու», աւելցուց Պասիլ:

Պասիլի կատարած այս յայտարարութեան պատասխանեց Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Խրէյս` ընդգծելով, թէ յստակ է, որ  նախարար Պասիլ 6 փետրուար 1984-ին մասին բան չի գիտեր: «Այդ թուականին է, որ Լիբանանը մուտք գործեց դէպի Դիմադրութեան եւ ազատագրումի, ինչպէս նաեւ դէպի զօրութեան, արժանապատուութեան ու փառքի դար: Մենք չենք մեղադրեր նախարար Պասիլը, որ Դիմադրութեան դպրոցին չի պատկանիր: Դիմադրութեան դպրոցը նուիրումի ու զոհողութեան դպրոցն է, որ հիմնուած է իմամ Մուսա Սատըրի կողմէ եւ անոր գոյութիւնը կ՛երաշխաւորէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի», հաստատեց Խրէյս:

Ամալ Շարժումի Համակիրներ Բողոքի Հաւաքներով Կը Մերժեն Լիպիական Պատուիրակութեան Մասնակցութիւնը Եւ Վար Կ՛առնեն Լիպիոյ Դրօշակը

Հակառակ անոր որ «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը երէկ հաղորդեց, որ Լիպիա կ՛ուղղուի Պէյրութի մէջ տեղի ունենալիք Արաբական տնտեսական վեհաժողովին իր մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկելու, երէկ կէսօրէ ետք Ամալ շարժումի հետեւորդ երիտասարդներ Պէյրութի ծովային ճամբուն վրայ վեհաժողովին մասնակցող երկիրներուն զետեղուած դրօշակներուն շարքին Լիպիոյ դրօշակը վար առին եւ անոր տեղ բարձրացուցին Ամալ շարժումի դրօշակը: Իսկ երեկոյեան Ամալ շարժումի հետեւորդներ ու համակիրներ բողոքի հաւաքներ կատարեցին Մշարրաֆիէի կամուրջին տակ, ինչպէս նաեւ Սայտայի հրապարակին վրայ:

Արաբական Տնտեսական Վեհաժողովին Մասնակիցներու Փորձ-Ընդունելութիւն

Նշենք նաեւ, որ Արաբական տնտեսական վեհաժողովի կազմակերպումին պատասխանատու խորհուրդը շաբաթ օր կատարեց փորձ-ընդունելութիւն մը` դիւրացնելու համար այդ վեհաժողովին մասնակցող տարբեր երկիրներու պատուիրակութիւններուն դիմաւորումն ու զանոնք դէպի Պիել` վեհաժողովին վայրը, փոխադրութիւնը:

Վեհաժողովի տեղեկատուական խորհուրդին պաշտօնական բանբեր Ռաֆիք Շլալա հաստատեց, որ յառաջիկայ 48 ժամուան ընթացքին վեհաժողովը կայացման իմաստով լիբանանեան բոլոր կառոյցները պատրաստ պիտի ըլլան:

Նախորդը

Պաապտայի Մէջ. Նախագահ Աուն Նախագահեց Ելեւմտական Բնոյթի Նիստի Մը

Յաջորդը

«Էն.Պի.Էյ.». Ճէյմս Հարտեն Կրկնեց Քոպի Պրայընթի Մրցանիշը

RelatedPosts

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?