Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժահիլիէի Մէջ. Մոհամետ Ապու Տիապի Նահատակութեան Քառասունքի Նշում

January 14, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ Ժահիլիէի մէջ տեղի ունեցաւ Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապի ընկերակից Մոհամետ Ապու Տիապի նահատակութեան քառասունքի նշումը, որուն ներկայ գտնուեցան հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի ներկայացուցիչ, նախարար Թարեք Խաթիպ, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչ Մոհամետ Տաղեր, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի ներկայացուցիչ, Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի փոխնախագահ Մահմուտ Քումաթի, Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Մարիօ Աուն եւ մեծ թիւով պատասխանատուներ ու հոգեւորականներ:

Այս առիթով Ուիամ Ուահապ շեշտեց, որ իրենք կը զօրակցին լիբանանեան պետութեան հիմնումին, սակայն իրենց սպասած պետութիւնը միլիսներու ձեռքերով ներկայացաւ եւ ժողովուրդին պետութիւնը ըլլալու փոխարէն վերածուեցաւ ժողովուրդին դէմ պետութեան: «Սակայն Ժահիլիէի մէջ այս պետութիւնը տապալեցաւ Մոհամետի թափած արիւնով», ըսաւ ան:

Ուահապ շեշտեց, որ այդ պետութիւնը, որուն հաւատացած է իրենց հանրապետութեան նախագահը` զօր. Միշել Աուն, այն պետութիւնն է, որ հաշուետուութեան պիտի կանչէ անխիղճ դատախազ մը, որ քաղաքական կարգ մը անձնաւորութիւններու պաշտօնեան է, «եւ այդ իրականութեան փաստը վկայեցինք Ժահիլիէի մէջ: Իսկ այն պետութիւնը, որ մենք կը ձգտինք ունենալ, այն պետութիւնն է, որ հաշուետուութեան պէտք է կանչէ դաւադիր ու անմիտ ապահովական պատասխանատու մը, որ կը կարծէ, թէ ապահովական կառոյցը իր հօր կը պատկանի», յայտնեց Ուահապ:

Իր կարգին, Թալալ Արսլան արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ շեշտեց, որ Շուէյֆաթի վրայ երկարած դասալքութեան ձեռքը հասած է նաեւ Ժահիլիէ: Ան հաստատեց, որ Շուէյֆաթի ու Ժահիլիէի մէջ տեսարանը նոյնն է եւ դահիճը նոյն կողմն է:

Արսլան ընդգծեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ եւ սէյիտ Նասրալլա յաղթական դուրս եկած են` զարմանք յայտնելով Լեռնալիբանանը արեւելեան հովերով շրջափակելու դաւադրութեան ակնարկող արտայայտութեան մասին:

 

Նախորդը

Ռայի Պատրիարքը Մարոնի Երեսփոխանները Հրաւիրեց Հանդիպումի Մը

Յաջորդը

Լիբանանի Տարբեր Շրջաններուն Մէջ Բողոքի Ցոյցեր` Ընդդէմ Փտածութեան Եւ Տիրող Տնտեսական Կացութեան

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.