Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը մարոնի երեսփոխանները հրաւիրեց հանդիպումի մը, որ պիտի գումարուի չորեքշաբթի, 16 յունուար 2019-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Պքերքէի մէջ:
Ռայի պատրիարքին հրաւէրով մարոնի երեսփոխանները պիտի խորհրդակցին երկրին եւ շրջանին մէջ տիրող ներկայ կացութեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանի քաղաքական, տնտեսական ու ընկերային հարցերուն եւ զանոնք լուծելու հաւանական նախաձեռնութիւններուն մասին:
Նշենք, որ Ռայի պատրիարքը երէկ անհանգստութեան պատճառով չկրցաւ նախագահել Պքերքէի մէջ մատուցուած կիրակի օրուան պատարագին: Ան փոխադրուեցաւ հիւանդանոց, ուր քանի մը ժամ մնալէ ետք, վերադարձաւ Պքերքէ` հաստատելով, որ իր առողջութիւնը լաւ է եւ չորեքշաբթի օրուան հանդիպումը առկայ է: