ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Շատ հպարտ մի՛ ըլլաք եւ ընդունեցէք ձեզի առաջարկուած օգնութիւնները, որոնք սրտանց են: Ձեր շուրջը ազնիւ անձեր կը գտնուին, ուրախ եղէք:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Ձեր ասպարէզին մէջ շատ մեծ յաջողութիւն մը պիտի արձանագրէք, որ յաճախ չի պատահիր: Առիթը օգտագործեցէք եւ լաւագոյն ձեւով ձեր դիրքը ամրապնդեցէք ձեր գործին մէջ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Խաղաղ եւ հանգիստ օր մը կը սպասէ ձեզ, սակայն անակնկալ մը ձեր տրամադրութիւնը աւելիով պիտի բարձրացնէ: Կարճ ճամբորդութիւն մը պիտի կատարէք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Երկար մտածումներէ ետք վերջապէս կարեւոր գումար մը պիտի տրամադրէք ծրագիրի մը գործադրութեան համար: Անհոգ եղէք, յաջողութիւն մը պիտի ունենաք:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Պիտի ունենաք նոր գործակիցներ, որոնք շատ վստահելի անձեր են եւ մեծապէս օգտակար պիտի ըլլան ձեզի: Ինչ որ ծրագրէք, յաջողութեամբ պիտի պսակուի, եւ նախանձելի դիրքի պիտի հասնիք:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Թէեւ դուք ձեզ պարտադրել չէք սիրեր, սակայն կարողութիւն ունիք ճիշդ ուղղութիւններ տալու եւ ձեզի դիմողները յաջողութեան առաջնորդելու:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Եթէ ամուրի էք, սիրային նոր արկածախնդրութիւն մը պիտի ունենաք: Ուշադրութիւն ըրէք, որպէսզի չիյնաք ծուղակը: Ձեր շուրջինները պիտի բախտաւորուին նիւթական գնահատանքով մը:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Անցեալին վերաբերեալ պրպտումներ պիտի ընէք եւ ձեզի համար նորութիւններ պիտի յայտնաբերէք, որոնցմով ձեր կեանքը դէպի լաւը պիտի փոխուի:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Շատ վերապահ էք եւ ձեր գիտութիւնը չէք արտայայտեր: Նոր գործի պիտի ձեռնարկէք եւ յաջողութիւն պիտի գտնէք, ինչ որ ձեր շուրջինները պիտի զարմացնէ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Ընդհանրապէս շատ շուտ կը ձանձրանաք եւ միշտ կ՛ուզէք նորութիւններ ունենալ. փոփոխութիւնները լաւ են անշուշտ, սակայն պէտք է հաստատ քայլեր առնել:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Համեստութիւնն ալ սահման ունի: Երբեմն ընդունեցէք ձեզի ուղղուած գնահատականները, որոնք շատ արդարացի են, եւ դուք արժանի էք այդ գնահատականներուն:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Հետաքրքիր էք եւ միշտ նորութիւններ կը հետապնդէք, ինչ որ ձեզ յաջողութեան կ՛առաջնորդէ: Ձեր աշխատավայրին մէջ պիտի գնահատուիք եւ պաշտօնի բարձրացում պիտի ունենաք:
