ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Պիտի հանգստանաք ձեր ընկերներու եւ հարազատներու ներկայութեամբ` ձեր կեանքին մէջ: Աստիճանաբար պիտի բարձրանայ ձեր տրամադրութիւնը, որովհետեւ ձեր ընկերներէն մէկը պիտի կանգնի ձեր կողքին:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Նոր աշխատանքի առաջարկ մը պիտի ստանաք: Ժամանակ տրամադրեցէք որոշում տալու համար: Թշնամական կեցուածքներէ հեռու մնացէք: Վիճաբանութեան մէջ մի՛ մտնէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Եթէ պէտք ունիք յաւելեալ փորձառութեան եւ վարպետութեան, ձեր փորձը կրկնեցէք: Աշխատանքի նոր պայմաններ պիտի ունենաք եւ ուրախանաք: Դրական շրջան մըն է, ձեռնածալ մի՛ մնաք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Եթէ կ՛ուզէք յաջողիլ, իրապաշտ եղէք եւ տրամաբանական քայլեր առէք: Հանդարտութեամբ քննարկեցէք: Լուսարձակները ձեր վրայ պիտի չկեդրոնանան` հակառակ ձեր ուսերուն դրուած մեծ պատասխանատուութեան:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Մի՛ զայրանաք եւ օրէնքները յարգեցէք: Հակադրական քայլերէն ուշադիր եղէք: Ամսուան դժուար օրերէն մէկն է, հետեւաբար արթուն եղէք եւ զգուշ, մանաւանդ` ձեր խօսածին:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Գաղտնի մի՛ պահէք այն տեղեկութիւնները, որոնք կ՛օգնեն ձեր գործի դիւրացման եւ յաջողութեան: Կեդրոնացէք ձեր պարտականութեան եւ պատասխանատուութեան վրայ եւ առիթ մի՛ տաք, որ ճնշումները ձեր ուշադրութիւնը ցրուեն:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Ձեր գաղտնիքները երեւան պիտի ելլեն, եւ դուք ուրախ պահեր պիտի ապրիք: Դրական շրջան մըն է` ձեր միտքերը առաջարկելու, հետեւաբար մի՛ վարանիք: Ամսուան բախտաւոր օրերէն մէկն է:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Մի՛ աճապարէք դիտողութիւններ ընելու ձեր շուրջիններուն: Ընտանեկան հարցով մը պիտի զբաղիք: Ձեր հարազատներուն հետ հակադրութիւն մի՛ ունենաք: Բացասական զգացումները թող չազդեն ձեր ընկերական յարաբերութիւններուն վրայ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Մտային մեծ կարողութիւններ ունիք: Պայմանները առիթ պիտի տան ձեզի` դուրս գալու ձեր դիրքէն եւ համարձակութեամբ մասնակցութիւն բերելու պաշտօնական առիթի մը: Ընկերային հարց մը պիտի լուծէք եւ այցելութիւն մը պիտի տաք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Նոր շրջանի մը կը պատրաստուիք: Ձեր առաջնահերթութիւնները նկատի կ՛առնէք: Նուէր մը պիտի ստանաք: Տնային անակնկալ ծախսեր երեւան պիտի գան:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Ամէնէն ուրախ պահերը պիտի ապրիք ձեր սիրելիներուն հետ: Ուրախ լուր մը պիտի ստանաք, եւ ձեր տրամադրութիւնը պիտի բարձրանայ: Նոր էջ մը պիտի բանաք: Ամսուան լաւ օրերէն մէկն է, ձեռնածալ մի՛ մնաք:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Ձեր գործերը տեղքայլի մէջ պիտի ըլլան, եւ դուք պատճառով մը յուսախաբ պիտի ըլլաք: Ոչ մէկ պայմանագիր կնքեցէք: Բախտէ եւ ուժէ զուրկ շրջան մըն է: