Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը կը յայտարարէ, թէ դեկտեմբեր 2018-ի համար ելեկտրածին շարժակներէ ելեկտրականութիւն ստանալու սակը` համագործակցութեամբ Լեռնալիբանանի մէջ ելեկտրածին շարժակներու հսկիչ Տանի Օտիշոյի, ժամական մէկ քիլոուաթի համար ճշդուած է 351 լ. ո.:
Այս գինին վրայ կ՛աւելնան`
– Իւրաքանչիւր 5 ամփերի համար 15.000 լ. ո.:
– Իւրաքանչիւր 10 ամփերի համար 23.000 լ. ո.:
– Իւրաքանչիւր 15 ամփերի համար 30.000 լ. ո.:
– Իսկ 15 ամփերին վրայ աւելցող իւրաքանչիւր 5 ամփերի վրայ կ՛աւելնայ 5.000 լ. ո.:
Ինչ կը վերաբերի ելեկտրածին շարժակի սեփականատիրոջ եւ մասնակցողին միջեւ համաձայնութեան հիմամբ տիժանքթէօր ունեցողներուն, քաղաքապետութեան ամբողջ տարածքին իւրաքանչիւր 5 ամփերի համար սակը 40.000 լ. ո. է:
Յաւելեալ մանրամասնութիւններու կամ բողոքներու համար կարելի է դիմել`
– Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, հեռ. 01/266995:
– Լեռնալիբանանի նահանգին մէջ ելեկտրածին շարժակներու հսկիչ Տանի Օտիշոյին, հեռ. 03/550570:
ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ
ՔԱՂԱՔԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ
——————————–
ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Ժոզեֆ եւ Սիլվա Ռաատ եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Րաֆֆի եւ Ռոզալին Գալուստեան եւ զաւակը
Տէր եւ տիկին Պեռնար եւ Քարոլին Գալուստեան եւ զաւակը
Տիկին Ալիս Գալուստեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Պօղոս եւ Ժոզեֆին Կատեմեան եւ զաւակունք
Գալուստեան եւ Հաւունճեան ընտանիքներ
Ռաատ եւ Անսուրեան ընտանիքներ
Օսմանեան եւ Այվազեան ընտանիքներ
Կատեմեան եւ Գարակէօզեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց հօր, մեծ հօր, եղբօր, հօրեղբօր, քեռիին եւ հարազատին`
ՄԱՆՈՒԷԼ ՊԵՌՆԱՐ ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 9 յունուար 2019-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի ուրբաթ, 11 յունուարին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Պուրճ Համուտի Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Հայ կաթողիկէ գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ, իսկ շաբաթ, 12 յունուարին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ:
——————————–
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
128-ԱՄԵԱԿԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ
Կազմակերպութեամբ` ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէին
Խօսք կ՛առնէ`
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ`
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ՅԱԿՈԲ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ
Գեղարուեստական յայտագիր` մասնակցութեամբ
Հայրենի երգիչ` ԱՐՍԷՆ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆի (Մրրօ)
եւ Համազգայինի «Տաւիղ» նուագախումբին
Շաբաթ, 12 յունուար 2019-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ:
ՀՅԴ «ԿԱՐՄԻՐ ԼԵՌ» ԿՈՄԻՏԷԻ
ՔԱՐՈԶՉԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
——————————–
Ս. ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ-ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑԻ
ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԻՒՆ
Կիրակի, 13 յունուար 2019-ին, Հայաշէնի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան առիթով պիտի մատուցուի հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ պատարագ եւ պիտի կատարուի մատաղօրհնէք:
Այն ուխտաւորները, որոնք կը փափաքին մատաղցու ոչխար կամ փոխան ոչխարի նուիրատուութիւն կատարել, թող բարեհաճին կապ պահել թաղականութեան հետեւեալ թիւերուն. 01-328474 կամ 04-960118:
ԾԱՆՕԹ.- Ոչխարները եկեղեցի պէտք է հասած ըլլան ուրբաթ, 11 յունուար 2019-ին, առաւելագոյնը ժամը 12:00-ին:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Ս. ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
——————————–
ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ
ՄԵՐ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ
ԼՕԽ-Ի 26 ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԵՐՈՒ ՊԱՏՄԱԿԱՆԸ
ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՂ ԳՐՔՈՅԿԸ
Հրատարակութեամբ` Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանին:
——————————–
ՎԱՐՁՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Պուրճ Համուտ, Պօղոս Արիսի շրջան, Ա. յարկ, ննջասենեակ, նստասենեակ, յարակից մասեր, լման կահաւորուած եւ վերանորոգուած: Դիմել` հեռ. 79-147850:
——————————–
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԲԱՐԵՍԷՐ ՏԻԿՆԱՆՑ
ՄԻՈՒԹԻՒՆ-ԶԱԼՔԱ
BRUNCH
ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ,
7 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2019
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ
ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ
2 ՄԱՐՏ 2019
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ՔՆԱՐ» ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԻ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՕԺԱՆԴԱԿ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ
14 ՄԱՐՏ 2019-ԻՆ
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՅԴ «ՆԻԿՈԼ ԱՂԲԱԼԵԱՆ» ԿՈՄԻՏԷ