ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Տարբեր մարզերու մէջ ճնշումներ պիտի ունենաք: Օրերը տագնապալից պիտի ըլլան: Պիտի ունենաք դիմադրութիւն մը, որուն պատճառով նեղութիւն պիտի զգաք: Յամառութիւն մի՛ ընէք:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Յաջողութեան տոկոսը պիտի բարձրանայ: Օրհնուած քայլեր պիտի առնէք: Դրական նշան մը պիտի ստանաք: Համարձակութեամբ քալելու յարմար շրջան է: Ամսուան ամէնէն ուրախ եւ բախտաւոր օրերէն մէկն է:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Յամառութիւն մի՛ ընէք եւ աշխատեցէք հանգիստ պահել ձեր աշխատանքային յարաբերութիւնները ձեր միջավայրին հետ: Նիւթական փոքր դժուարութիւն մը պիտի ունենաք: Ձեր բոլոր լսածներն ու տեսածները պիտի չհաւնիք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Մի՛ ջղայնանաք եւ առիթ մի՛ տաք, որ ձեզ նեղացնեն: Ձեր անունը բարձր պահեցէք եւ զայն մի՛ աղաւաղէք: Մթնոլորտը ծանր է: Օրէնքները յարգեցէք: Դժուար շրջան մըն է:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Յստակ եղէք ձեր առաջնահերթութիւններուն մէջ: Լաւ դասաւորեցէք ձեր ժամանակը: Ճշդապահ եղէք ձեր պարտականութիւններուն մէջ: Կարեւոր դերակատարութիւն մը պիտի ստանձնէք:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Ուրախ լուր մը պիտի ստանաք: Ամսուան ամէնէն գեղեցիկ օրերէն մէկն է: Ոսկի առիթ մը պիտի տրուի ձեզի: Մի՛ յանձնուիք, կրկին փորձեցէք: Յարմար շրջան է զգացական հանդիպումներու:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Մի՛ պարտադրէք ձեր տեսակէտը եւ վիճաբանութեան մէջ մի՛ մտնէք: Ձեր ընտանիքի անդամներուն մէկուն հարցով պիտի զբաղիք: Փոփոխութիւններ տեղի պիտի ունենան ձեր անձնական կեանքին մէջ:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Ճկունութեամբ եւ դիւանագիտութեամբ պաշտպանեցէք ձեր սկզբունքները: Զգուշ եղէք ձեր խօսքին մէջ եւ ետդարձի ճամբան պահեցէք: Պիտի ունենաք կարեւոր գործեր, որոնց ընթացքին կարեւոր որոշումներ պիտի տաք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Նիւթական կամ բարոյական աջակցութիւն պիտի ստանաք: Դասաւորեցէք ձեր պարտքերը եւ տալիք դրամները, որ իրար չանցնին: Ուշադիր եղէք աւելորդ ծախսերէ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Աշխուժ պիտի ըլլաք այս օրերուն: Անցեալին տուած ձեր որոշումները վերատեսութեան ենթարկեցէք: Ձեր կարծիքը պիտի փոխուի կարգ մը մարդոց եւ հարցերու նկատմամբ: Ամսուան ամէնէն բախտաւոր օրերէն մէկն է:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Պիտի գանգատիք եւ նեղանաք կարգ մը հարցերէն: Նոր գործի մի՛ սկսիք: Ժամադրութիւն մը չեղեալ պիտի նկատէք: Ձեր առողջութեան հոգ տարէք: Ամսուան վատ օրերէն մէկն է:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Յարմար շրջան է ծանօթութիւններու: Նորութիւններու հետ ճկունութեամբ պիտի վարուիք: Պիտի մեծնայ ձեր ժողովրդականութիւնը եւ պիտի շահիք մարդոց վստահութիւնը: