Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը կը յայտարարէ, թէ դեկտեմբեր 2018-ի համար ելեկտրածին շարժակներէ ելեկտրականութիւն ստանալու սակը` համագործակցութեամբ Լեռնալիբանանի մէջ ելեկտրածին շարժակներու հսկիչ Տանի Օտիշոյի, ժամական մէկ քիլոուաթի համար ճշդուած է 351 լ. ո.:
Այս գինին վրայ կ՛աւելնան`
– Իւրաքանչիւր 5 ամփերի համար 15.000 լ. ո.:
– Իւրաքանչիւր 10 ամփերի համար 23.000 լ. ո.:
– Իւրաքանչիւր 15 ամփերի համար 30.000 լ. ո.:
– Իսկ 15 ամփերին վրայ աւելցող իւրաքանչիւր 5 ամփերի վրայ կ՛աւելնայ 5.000 լ. ո.:
Ինչ կը վերաբերի ելեկտրածին շարժակի սեփականատիրոջ եւ մասնակցողին միջեւ համաձայնութեան հիմամբ տիժանքթէօր ունեցողներուն, քաղաքապետութեան ամբողջ տարածքին իւրաքանչիւր 5 ամփերի համար սակը 40.000 լ. ո. է:
Յաւելեալ մանրամասնութիւններու կամ բողոքներու համար կարելի է դիմել`
– Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, հեռ. 01/266995:
– Լեռնալիբանանի նահանգին մէջ ելեկտրածին շարժակներու հսկիչ Տանի Օտիշոյին, հեռ. 03/550570:
ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ
ՔԱՂԱՔԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ
——————————–
ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Անթուան եւ Արշիկ Թիւֆէնքճի եւ զաւակունք (Քանատա)
Բիւզանդ Արըճեան
Տէր եւ տիկին Նազարեթ եւ Սիլվա Սապունճեան եւ զաւակունք
Տիկին Արփի Մոմճեան եւ դուստրը` Դալար (Միացեալ Նահանգներ)
Թիւֆէնքճի եւ Արըճեան ընտանիքներ
Սապունճեան եւ Մոմճեան ընտանիքներ
Իշխանեան եւ Կիրակոսեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր, քրոջ, մօրաքրոջ, հօրաքրոջ եւ հարազատին`
ՄԵԼԻՆԷ ԱՐԸՃԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ՄՈՄՃԵԱՆ)
մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 7 յունուար 2019-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ երեքշաբթի, 8 յունուարին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին այսօր` չորեքշաբթի, 9 յունուարին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ:
——————————–
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Վերա Ճերիճեան եւ զաւակները` Մհեր եւ Արամ
Տէր եւ տիկին Յարութ եւ Վերա Թահմազեան եւ զաւակները` Ալին եւ Սեդօ
Տէր եւ տիկին Վիգէն եւ Ռուբինա Արսլանեան եւ զաւակները` Սարին եւ Սեւակ
Տէր եւ տիկին Համբարձում եւ Գոհար Պոհջալեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Ժորժ եւ Ժաքլին Ագըլեան եւ զաւակունք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր, քրոջ եւ հարազատին`
ՎԱՐՍԵՆԻԿ ԹԱՀՄԱԶԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ)
մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 19 դեկտեմբեր 2018-ին, Միացեալ Նահանգներու մէջ:
Թաղման արարողութիւնը կատարուեցաւ երեքշաբթի, 8 յունուարին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Զալքայի Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ Պուրճ Համուտի Հայ կաթողիկէ գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին չորեքշաբթի, 9 յունուարին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ:
——————————–
ԱՅՆՃԱՐ
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
128-ԱՄԵԱԿԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ
Կազմակերպութեամբ` ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէին
Խօսք կ՛առնէ`
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ`
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ՅԱԿՈԲ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ
Գեղարուեստական յայտագիր` մասնակցութեամբ
Հայրենի երգիչ` ԱՐՍԷՆ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆի (Մրրօ)
եւ Համազգայինի «Տաւիղ» նուագախումբին
Շաբաթ, 12 յունուար 2019-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ:
ՀՅԴ «ԿԱՐՄԻՐ ԼԵՌ» ԿՈՄԻՏԷԻ
ՔԱՐՈԶՉԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
——————————–
Հայկազեան Համալսարանը
Սիրով կը հրաւիրէ ձեզ ներկայ գտնուելու Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիային կողմէ
ՏՈՔԹ. ԵՂԻԿ ՃԷՐԷՃԵԱՆԻՆ
Պատմական Գիտութիւններու Պատուոյ Դոկտորայի տուչութեան հանդիսութեան
Ձեռամբ Հայաստանի Հանրապետութեան գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկի տնօրէն
ԱԿԱԴԵՄԻԿՈՍ ԱՇՈՏ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆԻ
Հինգշաբթի, 10 յունուար 2019, երեկոյեան ժամը 7:30, Հայկազեան համալսարանի հանդիսասրահ:
——————————–
Ս. ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ-ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑԻ
ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԻՒՆ
Կիրակի, 13 յունուար 2019-ին, Հայաշէնի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան առիթով պիտի մատուցուի հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ պատարագ եւ պիտի կատարուի մատաղօրհնէք:
Այն ուխտաւորները, որոնք կը փափաքին մատաղցու ոչխար կամ փոխան ոչխարի նուիրատուութիւն կատարել, թող բարեհաճին կապ պահել թաղականութեան հետեւեալ թիւերուն. 01-328474 կամ 04-960118:
ԾԱՆՕԹ.- Ոչխարները եկեղեցի պէտք է հասած ըլլան ուրբաթ, 11 յունուար 2019-ին, առաւելագոյնը ժամը 12:00-ին:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Ս. ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
——————————–
ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
2019-Ի Ս. ԾՆՈՒՆԴԻ ՏՆՕՐՀՆԷՔ
Ի գիտութիւն մեր հաւատացեալ ժողովուրդին` կը յայտնենք, թէ 2019-ի Ս. Ծնունդի տնօրհնէքը պիտի կատարուի հետեւեալ տեղաբաշխումով.
1.- Տ. ԽԱՉԻԿ Ա. ՔՀՆՅ. ՄԻՍԻՍԵԱՆ– Նաքքաշ, Տըպպայէ, Տըպպայէ Զուք Խարապ, Ժունիէ, Պալլունէ եւ Մազրաէթ Եաշուհ:
2.- Տ. ՆԱՐԵԿ Ա. ՔՀՆՅ. ՀԷՃԻՆԵԱՆ.– Հաճըն, Պրումմանա, Պաապտաթ, Մանսուրիէ, Հըրշ Թապեթ, Պէյթ Մերի, Պսալիմ, Պընէիա, Մզհեր-Պսալիմ, Ռապուէ յունական պատրիարքարանի շրջան եւ Աթշանէ:
3.- Տ. ՍԵՒԱԿ Ա. ՔՀՆՅ. ՎԱՍԻԼԵԱՆ.– Էհլանի ժողովրդային տուներ, վարի Ռաուտա, Տըքուանէ, Սի Սուիթ, Սեփթիէ եւ Հանքաշ-Մար Եուսեֆ:
4.- Տ. ՄԵՍՐՈՊ Ա. ՔՀՆՅ. ՔԷՐՔԷԶԵԱՆ.- Յունական հիւանդանոցի շրջան եւ հանրային պարտէզ, Ժեհթաուի, Զօրանոց, Ճերմակ տուներ, Քարանթինա, Ճըմմէյզէ եւ Մար Մըխայէլ:
5.- Տ. ՎԱՐԴԱՆ ՔՀՆՅ. ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ.- Հայաշէն, Շահրուրի-Ֆասսուհ, Սիուֆի, Էշրեֆիէ Սասին-Աջինակ, Սոտեքօ-Ռըզք հիւանդանոց, Ֆըրն Շըպպեք, Սիրիանիներու թաղ, Հազմիէ, Կիլիկիա եւ Փոլիկարպոս 1:
6.- Տ. ՅԱԿՈԲ ՔՀՆՅ. ՊԶՏԻԿԵԱՆ.- Սին էլ Ֆիլ, Քաղաքապետարանի ժողովրդային բնակարաններ, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ շրջան եւ Արագած:
7.- Տ. ՄԿՐՏԻՉ ՔՀՆՅ. ՔԷՇԻՇԵԱՆ.- Պէյրութ, Պատարօ, Այն Ռըմմանէ, Հարաւային արուարձաններ, Հատեթ, Պաապտա-Ժամհուր-Քահալէ, Ուատի Շահրուր-Քֆարշիմա, Սայտա-Մաղտուշէ, Այն Ընուպ-Պէյթէտտին, Զալքայի ծովեզերեայ շրջան եւ Նահր էլ Մոթ:
8.- Տ. ՍԱՐԳԻՍ ՔՀՆՅ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ.- Անթիլիաս, Մզհեր, Ռապուէ եւ Ռապիէ, Մթայլեպ, Պայատա եւ Էլիսար:
9.- Տ. ՇՆՈՐՀՔ ՔՀՆՅ. ՏԷՐ ԱՐԹԻՆԵԱՆ.- Գետաշէն, Արագածի Ազգային խորհուրդի շէնքեր, Մարաշ եւ Արաքս:
10.- Տ. ՍԻՄԷՈՆ ՔՀՆՅ. ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ.- Զալքա, Պըննէյա-Ժէլ էլ Տիպ եւ Պիաքութ:
11.- Տ. ՌՈՒԲԷՆ ՔՀՆՅ. ՄԻՍԻՍԵԱՆ.- Զահլէ, Ժալալա, Ապլահ եւ Ռայաք:
12.- Տ. ՂԵՒՈՆԴ ՔՀՆՅ. ԼՕՇԽԱՃԵԱՆ.- Խալիլ Պատաուի, Քուպէյէթ, «Սեփեթ Տուրմազ», Անթիլիաս, Աուքար, Պէյթ Շաար:
13.- Տ. ՄԻՒՌՈՆ ՔՀՆՅ. ԱՒԵՏԻՍԵԱՆ.– Այնճար:
14.- Տ. ՄԻՔԱՅԷԼ ՔՀՆՅ. ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.– Ֆանարի ազգային բնակարաններ, Ռումիէ, Սապթիէ, Ժտէյտի, Վերի Ֆանար եւ Պաուշրիէ:
15.- Տ. ԱՌԱՔԵԼ ՔՀՆՅ. ՏՄՏՄԵԱՆ.- Ժտէյտի եւ Ամանոս-Իտալական թաղ:
16.- Տ. ԴԱՆԻԷԼ ՔՀՆՅ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ.- Արմենիա փողոց, Փոլիկարպոս 2, Տորա, Նորաշէն, Հարպոյեան շէնքեր, Միմոզա եւ Քաղաքապետարանի ժողովրդային բնակարաններ:
17.- Տ. ՍԱՄՈՒԷԼ ՔՀՆՅ. ԱՃԷՄԵԱՆ.- Թրիփոլի, Էնֆէ, Շըքքա, Պաթրուն, Ժիպէյլ, Զղարթա եւ Մըզիարա:
Ծանօթ.- Յաւելեալ մանրամասնութիւններու եւ մտահոգութիւններու համար հաճեցէք կապուիլ Ազգային առաջնորդարանի 70-258301 թիւին:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
3 յունուար 2019
Պէյրութ-Լիբանան
——————————–
ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Մխիթարեան միաբանութեան Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի մեծաւոր գերյարգելի հայր Մեսրոպ Ծ. վրդ. Սիւլահեանի մօր մահուան առիթով, գերյարգելի վարդապետը ցաւակցութիւններ պիտի ընդունի երեքշաբթի, 8 եւ չորեքշաբթի, 9 յունուար 2019-ին, յետմիջօրէի ժամը 4:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, Ռաուտայի Մխիթարեան վարժարանի սրահին մէջ, 2-րդ յարկ:
Միեւնոյն ժամանակ, մեծաւոր հայրը պիտի ընդունի նաեւ բարեմաղթութիւններ Նոր տարուան եւ Աստուածայայտնութեան զոյգ տօներուն առիթով:
ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԵՒ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՄԵԾԱՒՈՐ
ԳԵՐ. Հ. ՄԵՍՐՈՊ Ծ. ՎՐԴ. ՍԻՒԼԱՀԵԱՆ
——————————–
ԳՈՐԾ ԿԸ ՓՆՏՌԷ
Տարեցներու եւ հիւանդներու հոգատարութիւն:
Դիմել` հեռ. 76-695869:
——————————–
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԲԱՐԵՍԷՐ ՏԻԿՆԱՆՑ
ՄԻՈՒԹԻՒՆ-ԶԱԼՔԱ
BRUNCH
ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ,
7 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2019
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ
ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ
2 ՄԱՐՏ 2019
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ՔՆԱՐ» ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԻ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՕԺԱՆԴԱԿ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ
14 ՄԱՐՏ 2019-ԻՆ
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՅԴ «ՆԻԿՈԼ ԱՂԲԱԼԵԱՆ» ԿՈՄԻՏԷ