7 յունուարին տեղի ունեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Զոհրապ Մնացականեանի հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը Ղազախստանի արտաքին գործոց նախարար Պէյպութ Աթամքուլովին հետ` վերջինիս նախաձեռնութեամբ:
Շնորհաւորելով գործընկերը արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին նշանակուելու առիթով` Զոհրապ Մնացականեան յաջողութիւն մաղթած է Պէյպութ Աթամքուլովին այդ կարեւոր առաքելութեան մէջ: Հայաստանի եւ Ղազախստանի արտաքին գործոց նախարարները արձանագրած են, որ երկու երկիրներուն միջեւ առկայ է արդիւնաւէտ փոխադարձ գործակցութիւն երկկողմանի եւ բազմակողմանի հարթակներու վրայ:
Երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները պատրաստակամութիւն յայտնած են միացեալ քայլեր ձեռնարկելու երկկողմանի օրակարգի աւելի ընդլայնման ուղղութեամբ: Զրուցակիցները կարեւոր նկատած են Ղազախստանի հայ համայնքի դերը` իբրեւ երկրի հասարակութեան անբաժանելի մաս, որ կարեւոր դերակատարութիւն ունի երկկողմանի յարաբերութիւններու ամրապնդման գործին մէջ:
Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին անդրադարձ կատարուած է Քարականտայի մէջ ստեղծուած իրավիճակին, ուր 3 յունուար 2019-ին քաղաքի «Հին Հռոմ» ճաշարանին մօտ հայերու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած էր դանակահարութիւն, որուն պատճառով մահացած էր մէկ հոգի եւ վիրաւորուած` երեք: Դէպքէն ետք կարգ մը հայ երիտասարդներ ձերբակալուած են: Հայաստանի եւ Ղազախստանի արտաքին գործոց նախարարները երկուստեք ընդգծած են կենցաղային հողի վրայ տեղի ունեցած ողբերգութեան` ազգամիջեան ներբերանգ տալու փորձերու անթոյլատրելիութիւնը:
Զրուցակիցները համակարծիք էին, որ ստեղծուած իրավիճակը ունի գերզգայուն բնոյթ` կարեւոր նկատելով հանրային կարծիքը միտումնաւոր շեղելուն եւ լարուածութիւն յառաջացնելուն ուղղուած քայլերու բացառումը: Այդ առնչութեամբ կողմերը ընդգծած են Հայաստանի եւ Ղազախստանի զանազան նախարարութիւններուն միջեւ անմիջական կապի պահպանման կարեւորութիւնը: