ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Զօրաւոր բախտ պիտի ունենաք: Աշխատանքային ճամբորդութիւն մը պիտի կատարէք: Յաջողութիւն եւ զարգացում պիտի արձանագրէք: Յարմար է ժամանակը ձեզ հետաքրքրող հարցերով զբաղելու:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Որոշում տալէ առաջ ձեր կողակիցին կարծիքը առէք: Նիւթական եւ առողջական խնդիրներով պիտի զբաղիք: Մանրամասնութիւններուն հետեւեցէք, զանոնք զանց մի՛ ընէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Պրկուած շրջան մըն է: Վիճաբանութենէ հեռու մնացէք եւ օրէնքները յարգեցէք: Աղթարքը բացասական ազդեցութիւն պիտի ունենայ ձեր վրայ: Մի՛ բարձրացնէք ձեր ձայնը եւ մի՛ գանգատիք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Ձեր ընտանեկան պատասխանատուութիւնները պիտի շատնան: Դասաւորեցէք ձեր ժամանակը եւ մի՛ ուշանաք: Ինքնավստահութիւն ունեցէք ձեր վրայ: Դժուար շրջան մըն է:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Աշխատեցէք ուրախ մնալ ձեր ընտանիքի անդամներուն եւ հարազատներուն հետ: Կարեւոր յաջողութիւն մը պիտի արձանագրէք: Որքան ալ շատնան եւ դժուարանան ձեր պարտականութիւնները, թերացում մի՛ արձանագրէք:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Վիրաւորական խօսքեր մի՛ ուղղէք ձեր շուրջիններուն: Պիտի ծագին ընտանեկան եւ անձնական հարցեր, որոնք նեղութիւն եւ իրարանցում պիտի պատճառեն ձեզի: Նկատի առէք ձեր ընտանեկան պայմանները:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Արտայայտեցէք ձեր կարծիքը եւ տեսակէտը` հանդարտութեամբ, առանց յամառութեան: Կրկնապատկեցէք ձեր ճիգերը, որպէսզի հասնիք յաջողութեան: Անձնական գետնի վրայ փոփոխութիւններ տեղի պիտի ունենան:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Կեդրոնացէք ձեր նիւթական վիճակին վրայ եւ վերատեսութեան ենթարկեցէք ձեր տուած որոշումները: Ձեր յոյսերը ի դերեւ պիտի չելլեն: Պիտի յաջողիք որոշ քննարկումներ կատարել ձեր շուրջիններուն հետ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Պիտի վերագտնէք ձեր աշխուժութիւնը: Ձեր բախտը պիտի զօրանայ: Կը փափաքիք յստակացնել ձեր տեսակէտը եւ հոգ տանիլ ձեր արտաքին տեսքին: Անցեալի էջերը պիտի ծալէք եւ նոր էջ մը պիտի սկսիք: Կարեւոր լուր մը պիտի լսէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Նեղ եւ դժուար կացութեան մէջ պիտի յայտնուիք: Զգուշ եւ իմաստուն եղէք: Վատ խօսքեր մի՛ արտայայտէք: Ձեր առողջութեան հոգ տարէք: Ամսուան դժուար օրերէն մէկն է:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Ձեր կեցուածքը ամրապնդեցէք: Հանգիստ եւ ապահով պիտի զգաք այս օրերուն: Բազմաթիւ հանդիպումներ պիտի ունենաք ձեր ծանօթներուն հետ: Դրական եւ արդիւնաբեր շրջան մըն է:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Ձեզ պիտի սպասէ տագնապեցնող հակադրութիւն մը: Առիթ մի՛ տաք, որ ձեզի յաղթեն: Արկածախնդրութեան մի՛ դիմէք ձեր գործով, որովհետեւ կրնաք զայն կորսնցնել: Աշխատեցէք խաղաղ եւ հանգիստ մնալ:
