ՄԱՀԱԶԴ
ԼՕԽ-ի «Նայիրի» մասնաճիւղի վարչութիւնը կը գուժէ իր շրջանի վաստակաշատ անդամուհիներէն
ՎԱՐՍԵՆԻԿ ԹԱՀՄԱԶԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 19 դեկտեմբեր 2018-ին, Միացեալ Նահանգներու մէջ:
——————————–
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Վերա Ճերիճեան եւ զաւակները` Մհեր եւ Արամ
Տէր եւ տիկին Յարութ եւ Վերա Թահմազեան եւ զաւակները` Ալին եւ Սեդօ
Տէր եւ տիկին Վիգէն եւ Ռուբինա Արսլանեան եւ զաւակները` Սարին եւ Սեւակ
Տէր եւ տիկին Համբարձում եւ Գոհար Պոհջալեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Ժորժ եւ Ժաքլին Ագըլեան եւ զաւակունք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր, քրոջ եւ հարազատին`
ՎԱՐՍԵՆԻԿ ԹԱՀՄԱԶԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ)
մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 19 դեկտեմբեր 2018-ին, Միացեալ Նահանգներու մէջ:
Թաղման արարողութիւնը պիտի կատարուի երեքշաբթի, 8 յունուարին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Զալքայի Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Հայ կաթողիկէ գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին երեքշաբթի, 8 եւ չորեքշաբթի, 9 յունուարին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ:
——————————–
ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ
Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ` ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ
Կիրակի, 6 յունուար 2019-ին, Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով, հայրապետական հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ պատարագ պիտի մատուցուի Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ:
Պիտի պատարագէ եւ հայրապետական իր պատգամը փոխանցէ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
| Ժամերգութիւն` | ժամը 8:00-ին | 
| Ս. պատարագ` | ժամը 10:00-ին | 
| Ջրօրհնէք` | ժամը 11:00-ին | 
| Քարոզ` | ժամը 11:30-ին | 
Սուրբ պատարագի երգեցողութիւնը պիտի կատարուի կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբին կողմէ` ղեկավարութեամբ ՀՈԳՇ. Տ. ԶԱՒԷՆ ԱԲՂՅ. ՆԱՃԱՐԵԱՆի:
Սիրով կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդի զաւակները` ներկայ գտնուելու Ս. պատարագին, լսելու վեհափառ հայրապետին պատգամը եւ հաղորդուելու Ս. Ծնունդի խորհուրդով:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
ԾԱՆՕԹ.- Սուրբ պատարագէն ետք, վեհափառ հայրապետը շնորհաւորութիւններ պիտի ընդունի վեհարանի դահլիճին մէջ, մինչեւ ժամը 1:30, եւ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-7:00: Իսկ յաջորդ օր` երկուշաբթի առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 1:00:
Յայտնենք, որ երկուշաբթի, 7 յունուարին, ՄԵՌԵԼՈՑԻ ՅԻՇԱՏԱԿին, դարձեալ Ս. պատարագ պիտի մատուցուի Անթիլիասի մայր տաճարին մէջ, առաւօտեան ժամը 10:00-ին:
——————————–
Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՃՐԱԳԱԼՈՅՑԻ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ`
Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Շաբաթ, 5 յունուար 2019-ի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Ս. Ծննդեան ճրագալոյցի Ս. պատարագին պիտի նախագահէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՆԱՐԵԿ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց Թեմին
Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու Ս. եւ անմահ պատարագին եւ Ս. Ծննդեան նախատօնակի արարողութեան:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
——————————–
Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑԻ
(Էշրեֆիէ)
ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ
ՃՐԱԳԱԼՈՅՑԻ ԵՒ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ
ՇԱԲԱԹ, 5 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2019. ՃՐԱԳԱԼՈՅՑ
| – Առաւօտեան ժամերգութիւն` | ժամը 7:30-ին | 
| – Կէսօրէ ետք, սկիզբ ժամերգութեան` | ժամը 3:00-ին | 
| – Ընթերցուածներու ընթերցում` | ժամը 3:30-ին | 
| – Ճրագալոյցի Ս. պատարագ` | ժամը 4:00-ին | 
ԿԻՐԱԿԻ, 6 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2019. Ս. ԾՆՈՒՆԴ ԵՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ 
ՄԵՐ ՏԻՐՈՋ` ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍԻ
| – Առաւօտեան ժամերգութիւն` | ժամը 7:30-ին | 
| – Ս. պատարագ` | ժամը 9:30-ին | 
| – Քարոզ` | ժամը 11:00-ին | 
| – ՋՐՕՐՀՆԷՔ` | ժամը 11:30-ին | 
Ս. Ծննդեան պատարագը կը մատուցէ, կը քարոզէ եւ ջրօրհնէքին կը նախագահէ`
ՀՈԳՇ. Տ. ԱՐՏԱԿ ՎՐԴ. ԱՐԱՊԵԱՆ
Սիրով կը հրաւիրենք մեր հայորդիները` հաղորդուելու Ս. Ծննդեան խորհուրդով:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
——————————–
ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ
ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Ս. Ծննդեան տօնին առիթով կիրակի, 6 յունուար 2019-ին, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ արքեպիսկոպոսն ու Ազգային վարչութիւնը շնորհաւորութիւններ պիտի ընդունին.
– Պէյրութի առաջնորդարանի դահլիճին մէջ, Ս. պատարագէն անմիջապէս ետք, մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 2:00:
– Պուրճ Համուտի առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, յետմիջօրէի ժամը 3:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
——————————–
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՍՈՒՐԲ ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ`
ՄԵՐ ՏԻՐՈՋ ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԾՆՆԴԵԱՆ ԵՒ
ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԱՅՏՆՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
Այս շնորհաբեր տօնին առիթով` կիրակի, 6 յունուար 2019-ին, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ պիտի պատարագէ եւ յաւուր պատշաճի քարոզէ`
ՀՈԳՇ. Տ. ԱՆԱՆԻԱ Ծ. ՎՐԴ. ԳՈՒՃԱՆԵԱՆ
| Սկիզբ ժամերգութեան` | ժամը 7:30-ին | 
| Ս. պատարագ` | ժամը 9:30-ին | 
| Քարոզ` | ժամը 11:00-ին | 
Սուրբ եւ անմահ պատարագի աւարտին տեղի պիտի ունենայ ջրօրհնէք:
Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը` հաղորդակից դառնալու սոյն հոգեպարար արարողութեան եւ օրուան պատգամին:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
——————————–
Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԸ`
Ս. ՆՇԱՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի Ծննդեան տօնին առիթով կիրակի, 6 յունուար 2019-ին, հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ պատարագ պիտի մատուցուի Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ:
Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՆԱՐԵԿ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց Թեմին
| Սկիզբ ժամերգութեան` | ժամը 7:00-ին | 
| Պատարագ` | ժամը 9:30-ին | 
| Քարոզ` | ժամը 10:30-ին | 
| Ջրօրհնէք` | ժամը 11:30-ին | 
Սիրով կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը ներկայ գտնուելու սուրբ պատարագին` վերանորոգուելու Ս. Ծննդեան խորհուրդով եւ լսելու առաջնորդ սրբազան հօր պատգամը:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
——————————–
Ս. ԾՆՈՒՆԴԸ
Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Կիրակի, 6 յունուար 2019-ին, Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօներուն առիթով Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ պիտի պատարագէ եւ քարոզէ`
ՀՈԳՇ. Տ. ՎԻԳԷՆ ՎՐԴ. ՏԱԼԳԼԸՃԵԱՆ
| Սկիզբ ժամերգութեան | ժամը 8:00-ին | 
| Ս. պատարագ` | ժամը 9:30-ին | 
| Քարոզ` | ժամը 10:30-ին | 
| Ջրօրհնէք` | ժամը 11:00-ին | 
Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու սուրբ եւ անմահ պատարագին, լսելու հայր սուրբին պատգամը եւ հաղորդուելու Ս. Ծնունդի խորհուրդով:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
——————————–
Ս. ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑԻ
ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ Ս. ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ
Կիրակի, 6 յունուար 2019-ին, Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ պատարագ պիտի մատուցուի Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ:
Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ`
ՀՈԳՇ. Տ. ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԱԲՂՅ. ՔԻՒՐԻՒՄԵԱՆ
| Սկիզբ ժամերգութեան` | ժամը 8:00-ին | 
| Ս. պատարագ` | ժամը 9:30-ին | 
| Քարոզ` | ժամը 10:30-ին | 
| Ջրօրհնէք` | ժամը 11:30-ին | 
Սիրով կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու սոյն հոգեպարար արարողութեան եւ հաղորդուելու Ս. Ծննդեան խորհուրդով, նաեւ կը յիշեցնենք մեր փոքրիկներուն, թէ «Փոքրերու Աշխարհ» խումբը ժամը 11:00-ին ներկայ պիտի ըլլայ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ ուրախացնելու մեր փոքրիկները:
ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
——————————–
Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԸ`
ԺՈՒՆԻԷԻ Ս. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
Ուրախութեամբ կը յայտարարենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, թէ 6 յունուար 2019-ին, Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի Ս. Ծննդեան տօնին առիթով պիտի մատուցուի Ս. եւ անմահ պատարագ: Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ`
ՀՈԳՇ. Տ. ՇՆՈՐՀՔ ՎՐԴ. ԱՇԸԳԵԱՆ
| Սկիզբ ժամերգութեան` | ժամը 8:00-ին | 
| Ս. պատարագ` | ժամը 9:30-ին | 
| Քարոզ` | ժամը 11:00-ին | 
| Ջրօրհնէք` | ժամը 11:30-ին | 
Սիրով կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու հոգեպարար Ս. արարողութեան եւ հաղորդուելու օրուան խորհուրդով:
ԾԱՆՕԹ.- Ս. պատարագէն ետք, ընկերակցութեամբ «Փոքրերու ծիածան» խումբին, եկեղեցւոյս տիկնանց միութիւնը փոքրիկներուն պիտի բաժնէ նուէրներ, եւ տեղի պիտի ունենայ ճաշի տօնավաճառ` եկեղեցւոյ բակը:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ ԺՈՒՆԻԷԻ, ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ 
ԵՒ ԶԱԼՔԱՅԻ Ս. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
——————————–
ՏՕՆ ԾՆՆԴԵԱՆ ԵՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԱՅՏՆՈՒԹԵԱՆ
ՏԵԱՌՆ ՄԵՐՈՅ ՅԻՍՈՒՍԻ ՔՐԻՍՏՈՍԻ
Այս շնորհաբեր առիթով` կիրակի, 6 յունուար 2019-ին, Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ պիտի պատարագէ եւ քարոզէ`
ՀՈԳՇ. Տ. ԱՒԵՏԻՔ ԱԲՂՅ. ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ
| Սկիզբ ժամերգութեան` | ժամը 8:00-ին | 
| Ս. պատարագ` | ժամը 9:30-ին | 
| Քարոզ` | ժամը 11:00-ին | 
| Ջրօրհնէք | ժամը 12:00-ին | 
Սիրով կը հրաւիրենք մեր բարեպաշտ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու սոյն հոգեպարար արարողութեան եւ հաղորդուելու Ս. Ծնունդի խորհուրդով:
Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
——————————–
ՏՕՆ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ
ԵՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԱՅՏՆՈՒԹԵԱՆ ՏԵԱՌՆ ՄԵՐՈՅ ՅԻՍՈՒՍԻ ՔՐԻՍՏՈՍԻ
Ս. ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Ուրախութեամբ կը յայտնենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, որ Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով, կիրակի, 6 յունուար 2019-ին, հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ պատարագ պիտի մատուցուի Հայաշէնի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ:
Պիտի պատարագէ, քարոզէ եւ ջրօրհնէքը կատարէ`
ՀՈԳՇ. Տ. ՎԱՂԻՆԱԿ Ծ. ՎՐԴ. ՄԵԼՈՅԵԱՆ
| Սկիզբ ժամերգութեան` | ժամը 7:30-ին | 
| Ս. պատարագ` | ժամը 9:30-ին | 
| Քարոզ` | ժամը 10:30-ին | 
| Ջրօրհնէք յաւարտ Ս. պատարագի | 
Կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները` մասնակցելու սոյն հոգեպարար արարողութեան եւ հաղորդուելու օրուան խորհուրդով:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Ս. ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
——————————–
ՄԵՐՁԱՒՈՐ ԱՐԵՒԵԼՔԻ
ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
Ս. Ծննդեան տօնին առիթով, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահն ու Կեդրոնական մարմինը շնորհաւորութիւններ պիտի ընդունին կիրակի, 6 յունուար 2019, կէսօրուան ժամը 12:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 2:00, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ ընդունելութեանց դահլիճին մէջ, Մեքսիք փողոց, Պէյրութ:
ՄԱՀԱԵ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ
ԴԻՒԱՆ
——————————–
ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
2019-Ի Ս. ԾՆՈՒՆԴԻ ՏՆՕՐՀՆԷՔ
Ի գիտութիւն մեր հաւատացեալ ժողովուրդին` կը յայտնենք, թէ 2019-ի Ս. Ծնունդի տնօրհնէքը պիտի կատարուի հետեւեալ տեղաբաշխումով.
1.- զ– Նաքքաշ, Տըպպայէ, Տըպպայէ Զուք Խարապ, Ժունիէ, Պալլունէ եւ Մազրաէթ Եաշուհ:
2.- Տ. ՆԱՐԵԿ Ա. ՔՀՆՅ. ՀԷՃԻՆԵԱՆ.– Հաճըն, Պրումմանա, Պաապտաթ, Մանսուրիէ, Հըրշ Թապեթ, Պէյթ Մերի, Պսալիմ, Պընէիա, Մզհեր-Պսալիմ, Ռապուէ յունական պատրիարքարանի շրջան եւ Աթշանէ:
3.- Տ. ՍԵՒԱԿ Ա. ՔՀՆՅ. ՎԱՍԻԼԵԱՆ.– Էհլանի ժողովրդային տուներ, վարի Ռաուտա, Տըքուանէ, Սի Սուիթ, Սեփթիէ եւ Հանքաշ-Մար Եուսեֆ:
4.- Տ. ՄԵՍՐՈՊ Ա. ՔՀՆՅ. ՔԷՐՔԷԶԵԱՆ.- Յունական հիւանդանոցի շրջան եւ հանրային պարտէզ, Ժեհթաուի, Զօրանոց, Ճերմակ տուներ, Քարանթինա, Ճըմմէյզէ եւ Մար Մըխայէլ:
5.- Տ. ՎԱՐԴԱՆ ՔՀՆՅ. ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ.- Հայաշէն, Շահրուրի-Ֆասսուհ, Սիուֆի, Էշրեֆիէ Սասին-Աջինակ, Սոտեքօ-Ռըզք հիւանդանոց, Ֆըրն Շըպպեք, Սիրիանիներու թաղ, Հազմիէ, Կիլիկիա եւ Փոլիկարպոս 1:
6.- Տ. ՅԱԿՈԲ ՔՀՆՅ. ՊԶՏԻԿԵԱՆ.- Սին էլ Ֆիլ, Քաղաքապետարանի ժողովրդային բնակարաններ, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ շրջան եւ Արագած:
7.- Տ. ՄԿՐՏԻՉ ՔՀՆՅ. ՔԷՇԻՇԵԱՆ.- Պէյրութ, Պատարօ, Այն Ռըմմանէ, Հարաւային արուարձաններ, Հատեթ, Պաապտա-Ժամհուր-Քահալէ, Ուատի Շահրուր-Քֆարշիմա, Սայտա-Մաղտուշէ, Այն Ընուպ-Պէյթէտտին, Զալքայի ծովեզերեայ շրջան եւ Նահր էլ Մոթ:
8.- Տ. ՍԱՐԳԻՍ ՔՀՆՅ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ.- Անթիլիաս, Մզհեր, Ռապուէ եւ Ռապիէ, Մթայլեպ, Պայատա եւ Էլիսար:
9.- Տ. ՇՆՈՐՀՔ ՔՀՆՅ. ՏԷՐ ԱՐԹԻՆԵԱՆ.- Գետաշէն, Արագածի Ազգային խորհուրդի շէնքեր, Մարաշ եւ Արաքս:
10.- Տ. ՍԻՄԷՈՆ ՔՀՆՅ. ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ.- Զալքա, Պըննէյա-Ժէլ էլ Տիպ եւ Պիաքութ:
11.- Տ. ՌՈՒԲԷՆ ՔՀՆՅ. ՄԻՍԻՍԵԱՆ.- Զահլէ, Ժալալա, Ապլահ եւ Ռայաք:
12.- Տ. ՂԵՒՈՆԴ ՔՀՆՅ. ԼՕՇԽԱՃԵԱՆ.- Խալիլ Պատաուի, Քուպէյէթ, «Սեփեթ Տուրմազ», Անթիլիաս, Աուքար, Պէյթ Շաար:
13.- Տ. ՄԻՒՌՈՆ ՔՀՆՅ. ԱՒԵՏԻՍԵԱՆ.– Այնճար:
14.- Տ. ՄԻՔԱՅԷԼ ՔՀՆՅ. ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.– Ֆանարի ազգային բնակարաններ, Ռումիէ, Սապթիէ, Ժտէյտի, Վերի Ֆանար եւ Պաուշրիէ:
15.- Տ. ԱՌԱՔԵԼ ՔՀՆՅ. ՏՄՏՄԵԱՆ.- Ժտէյտի եւ Ամանոս-Իտալական թաղ:
16.- Տ. ԴԱՆԻԷԼ ՔՀՆՅ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ.- Արմենիա փողոց, Փոլիկարպոս 2, Տորա, Նորաշէն, Հարպոյեան շէնքեր, Միմոզա եւ Քաղաքապետարանի ժողովրդային բնակարաններ:
17.- Տ. ՍԱՄՈՒԷԼ ՔՀՆՅ. ԱՃԷՄԵԱՆ.- Թրիփոլի, Էնֆէ, Շըքքա, Պաթրուն, Ժիպէյլ, Զղարթա եւ Մըզիարա:
Ծանօթ.- Յաւելեալ մանրամասնութիւններու եւ մտահոգութիւններու համար հաճեցէք կապուիլ Ազգային առաջնորդարանի 70-258301 թիւին:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
3 յունուար 2019
Պէյրութ-Լիբանան
——————————–
ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Մխիթարեան միաբանութեան Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի մեծաւոր գերյարգելի հայր Մեսրոպ Ծ. վրդ. Սիւլահեանի մօր մահուան առիթով, գերյարգելի վարդապետը ցաւակցութիւններ պիտի ընդունի երեքշաբթի, 8 եւ չորեքշաբթի, 9 յունուար 2019-ին, յետմիջօրէի ժամը 4:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, Ռաուտայի Մխիթարեան վարժարանի սրահին մէջ, 2-րդ յարկ:
Միեւնոյն ժամանակ, մեծաւոր հայրը պիտի ընդունի նաեւ բարեմաղթութիւններ Նոր տարուան եւ Աստուածայայտնութեան զոյգ տօներուն առիթով:
ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԵՒ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՄԵԾԱՒՈՐ
ԳԵՐ. Հ. ՄԵՍՐՈՊ Ծ. ՎՐԴ. ՍԻՒԼԱՀԵԱՆ
——————————–
ԼՕԽ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
ԴԱՍԱԽՕՍԱԿԱՆ ՇԱՐՔ
Դասախօսութիւնները տեղի կ՛ունենան չորեքշաբթի օրերը, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ:
Շարքին չորորդ դասախօսութիւնը տեղի պիտի ունենայ չորեքշաբթի, 9 յունուար 2019-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին:
Նիւթ`
«ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ԿԱՐԳ ՄԸ ՀԱՐՑԵՐՈՒ
ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ԳՆԱՀԱՏԱԿԱՆԸ»
Դասախօս`
ՍՕՍԻ ՊԱԼԵԱՆ
(Հիւանդապահուհի)
——————————–
ԾԱԽՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Պուրճ Համուտ, մայր ճամբուն վրայ, 52 քառ. մեթր, 4-րդ յարկ, ամբողջութեամբ վերանորոգուած եւ կահաւորուած: Գին` 80.000$: Դիմել` հեռ. 03-924918:
——————————–
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԲԱՐԵՍԷՐ ՏԻԿՆԱՆՑ
ՄԻՈՒԹԻՒՆ-ԶԱԼՔԱ
BRUNCH
ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ,
7 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2019
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ
ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ
2 ՄԱՐՏ 2019
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ՔՆԱՐ» ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԻ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՕԺԱՆԴԱԿ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ
14 ՄԱՐՏ 2019-ԻՆ
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՅԴ «ՆԻԿՈԼ ԱՂԲԱԼԵԱՆ» ԿՈՄԻՏԷ
 
			
