Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 2 յունուարին ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեանը:
Դռնփակ հանդիպումը այնուհետեւ շարունակուած է ընդլայնուած կազմով:
Նախագահ Բակօ Սահակեան երախտագիտութիւն յայտնած է Արա Բաբլոյեանին` իր պաշտօնավարման ժամանակաշրջանին Արցախին յատուկ ուշադրութիւն դարձնելու, հայկական երկու հանրապետութիւններուն միջեւ կապերը ամրապնդելու համար եւ անոր մաղթած յաջողութիւն ու ամենայն բարիք:
Նախագահը Արցախի Հանրապետութեան մատուցած ծառայութիւններուն համար Արա Բաբլոյեանը պարգեւատրած է «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով:
Հանդիպումին ներկայ էին Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանը, պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեանը եւ պաշտօնատար այլ անձեր:



