Ա.- Ընկերային Բարգաւաճման Ծրագիրի Տիկիններու տօնակատարութիւն
Հինգշաբթի, 20 դեկտեմբեր 2018-ին, «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութեան Ընկերային բարգաւաճման ծրագիրին հետեւող անդամներու ամանորեան տօնակատարութեան օրն էր: 350 հայ կիներ, որոնք շաբաթական դրութեամբ կը հետեւին հաստատութեան կազմակերպած դասախօսական շարքերուն, հաւաքուած էին Ազգային առաջնորդարանի « Երջօ Սամուէլեան-եռագոյն» սրահ` միասնաբար տօնելու Ամանորը եւ Ս. Ծննդեան տօնը:
Յայտագիրը սկսաւ ծրագիրի պատասխանատու Քրիստին Սարգիսեանի բացման խօսքով: Ան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ անդրադարձաւ, թէ այս հաւաքը խմբակներու 19 տարիներու վրայ երկարող ծրագիրի մը արդիւնքն է: ներկաներուն մեծ մասը վերջին տարիներուն միացած են խումբին, ուրիշներ 19 տարիներ միասնաբար բաժնեկից դարձած են իրենց ուրախ թէ տխուր ժամերուն` իբրեւ մէկ ընտանիքի անդամներ: Ան շեշտեց, թէ ներկաներէն մաս մը իբրեւ գաղթականներ հասած են Լիբանան` փախուստ տալով Սուրիոյ պատերազմէն. բոլորս ալ իբրեւ մարդ արարածներ ժամանակի գաղթականներ ենք եւ պէտք չէ կառչինք ներկային, այլ այն արժէքներուն, որոնք մեր նախահայրերը փայփայած են իբրեւ սրբութիւններ եւ փոխանցած են մեզի:
Բացման խօսքէն ետք բեմ բարձրացան փոքրիկներ Մարիա-Ճեսիքա Հաշէօլեան եւ Հրակ Մամիկոնեան, որոնք հերթաբար Ս. Ծննդեան նուիրուած երգերով եւ ասմունքներով ներկայացուցին օրուան խորհուրդը: Ապա Լիբանանի հայոց թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան գնահատեց ներկաները, որոնք իբրեւ մէկ մեծ ընտանիքի անդամներ շաբաթական դրութեամբ կը հաւաքուին եւ կը մասնակցին հաստատութեան ծրագիրներուն. ան քաջալերեց, որ անոնք իրենց կեանքի դրական դէպքերուն վրայ կեդրոնանան եւ յառին բարիին եւ գեղեցիկին` անտեսելով անցնող տարիներու ժխտական երեւոյթները: Ան բոլորին մաղթեց առողջութիւն եւ յարատեւ վերելք:
Մթնոլորտը ճոխացուց երգիչ Արարատ Ահարոնեանը, որ իր երգերով ուրախութիւն ներշնչեց բոլորին:
Կաղանդ պապուկին այցելութենէն ետք յայտագիրը վերջ գտաւ Արին Մարգարեանի «Խորհուրդ մեծ» եւ «Այսօր տօն է Ս. Ծննդեան» գեղեցիկ շարականներով:
Բ.- Աշակերտական Տօնակատարութիւններ
1.- «Թաուլէ» ճաշարանի տնօրէնութեան հրաւէրով` ուրբաթ, 14 դեկտեմբեր 2018-ին, Ընկերային բարգաւաճման ծրագիրին հետեւող կիներու 150 փոքրիկները հրաւիրուեցան «Թաուլէ» ճաշարանը եւ ունեցան իրենց ամանորեան ճաշը:
2.- Ուրբաթ, 21 դեկտեմբեր 2018-ին, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան երկրորդական վարժարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Գարակէօզեան» հաստատութեան սերտարանի ծրագիրին աշակերտներուն ամանորեան հաւաքը:
Հաւաքին իրենց մասնակցութիւնը բերին սերտարան յաճախող 70 աշակերտներ` իրենց ուսուցիչներուն ներկայութեամբ:
Տեղի ունեցան ամանորեան կոկիկ յայտագիր, խաղեր, աւարտին այցելեց Կաղանդ պապուկը եւ բաժնեց նուէրներ:
Յայտագիրը վերջ գտաւ հաւաքական ճաշով` տրամադրուած «Ժպիտ» բարեսիրական հաստատութեան տիկիններու կողմէ:
3.- Հինգշաբթի, 27 դեկտեմբեր 2018-ին, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան երկրորդական վարժարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Գարակէօզեան» հաստատութեան Ընկերային բարգաւաճման ծրագիրին հետեւող կիներու փոքրիկներուն ամանորեան հաւաքը:
Հաւքին ներկայ էին 150 փոքրիկներ:
Երգերու, ասմունքներու եւ խաղերու աւարտին Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի կազմակերպութեամբ 50 կաղանդ պապուկներ այցելեցին եւ տօնական երգերով ու պարերով ուրախացուցին մանուկները:
Ապա աշակերտները ունեցան հաւաքական ճաշ` տրամադրուած «Ժպիտ» բարեսիրական հաստատութեան տիկիններու կողմէ:
Յայտագիրը վերջ գտաւ «Գարակէօզեան» հաստատութեան Կաղանդ պապուկի այցելութեամբ եւ նուէրներու բաշխումով:
Գ.-Չորեքշաբթի, 19 դեկտեմբեր 2019-ին, «Դրական կարգապահութիւն-ծնողավարութիւն» ծրագիրի դասընթացքին հետեւող 22 մայրերը եւս ունեցան իրենց ամանորեան տօնակատարութիւնը: