Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՀԱՊԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Թեկնածութեան Հարցը Կ՛որոշուի Ղեկավարներու Մակարդակի Վրայ» Կ՛ըսէ Քոփիրքին

December 19, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քոփիրքին լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Հայաստան մուտք կը գործէ զարգացման նոր փուլ:

«Ես պիտի ուզէի բարեկամ հայ ժողովուրդին մաղթել, որ զարգացման այս նոր փուլը բերէ կայունութիւն, երկրին առջեւ ծառացած խնդիրներու լուծում», նշեց դեսպանը: Ան յաջողութիւն մաղթեց նաեւ նոր ձեւաւորուած խորհրդարանին եւ ձեւաւորուելիք կառավարութեան` նշելով, որ Ռուսիան խնդիրներու լուծման հարցին մէջ կ՛աջակցի Հայաստանին:

«Մեզմէ կախեալ ամէն բան կ՛ընենք, որպէսզի մեր երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրանան ու զարգանան», ըսաւ ան: Սերկէյ Քոփիրքին գոհունակութիւն յայտնեց, որ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները «պատճառ չդարձան հայ-ռուսական յարաբերութիւններու խորքի փոփոխութեան, որ դաշնակցային եւ գործընկերային է»: Ատոր մասին, դեսպանին համաձայն, կը վկայէ քաղաքական համագործակցութեան աշխուժութիւնը, առեւտրական եւ տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացումը:

«Հայաստանէն Ռուսիա արտածումներու թիւը աճած է 30 առ հարիւրով: Միայն այս տարուան վերջին 9 ամիսներուն` 15 առ հարիւրով: Հայաստանի հետ աշխուժ կերպով կը համագործակցինք ՀԱՊԿ-ի եւ ԵՏՄ-ի շրջանակներուն մէջ», աւելցուց ան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Ռուսիա «փափուկ քաղաքականութիւն» կը կիրարկէ՞ յարաբերութիւնները արդիւնաւէտ դարձնելու համար, դեսպանը յայտնեց, որ իրենք պէտք է աւելի աշխուժ աշխատին քաղաքացիական հասարակութեան եւ մամուլին հետ. «Կը կարծեմ, որ արդիւնաւէտութիւնը «փափուկ քաղաքականութեան» տեսանկիւնէն պէտք է տեսանելի ըլլայ նախ եւ առաջ Հայաստանին:

Հիմնական ներուժը «փափուկ ուժի» կապերն են, որոնք կը միաւորեն մեր ժողովուրդները դարերէ ի վեր: Կայ հսկայական կարողականութիւն կրթութեան եւ մշակոյթի ոլորտներուն մէջ համագործակցելու համար: Բաւարարուիլ անով, ինչ որ կայ, արտօնելի չէ, մենք կ՛աշխատինք»:

Խօսելով ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի հարցին մասին` Ռուսիոյ դեսպանը ըսաւ, թէ այս հարցին մէջ իր երկրին դիրքորոշումը հետեւեալն է` կազմակերպութեան ամրապնդում, անդամ պետութիւններուն միջեւ ներդաշնակութիւն, ՀԱՊԿ-էն բարձր արդիւնաւէտութեան ակնկալութիւն: «ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի թեկնածութեան հարցը կ՛որոշուի ղեկավարներու մակարդակին վրայ: Ես կը կարծեմ, որ մեր բոլորին հետաքրքրութիւնը կազմակերպութեան ամրապնդումն է», նշեց ան:

Ան հաստատեց, որ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ իսկապէս բանակցութիւն տեղի կ՛ունենայ` Հայաստանի մէջ տեղակայուած կենսաբանական տարրալուծարաններուն մէջ օտար երկիրներու զինուորներու բացակայութեան երաշխաւորման մասին:

Այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ Ռուսիան կ՛ուզէ արգիլել, որ Հայաստանի մէջ օտար երկիրներու զինուորներ ներկայացուին, ան պատասխանեց. «Ո՞վ, որո՞ւ, ի՞նչ կրնայ արգիլել: Խօսքը հայ-ռուսական յարաբերութիւններու մասին է, երկու գերիշխան, իրաւահաւասար պետութիւններու մասին է»:

Ան նշեց, որ երկխօսութիւնը կ՛ընթանայ ո՛չ միայն Հայաստանի, այլ նաեւ` յետխորհրդային քանի մը այլ պետութիւններու հետ:

«Հայկական կողմին հետ երկխօսութիւնը բաւական կառուցողական է, կայ փոխըմբռնում: Չեմ բացառեր, որ որեւէ փուլի յանգինք ընդհանուր եզրակացութեան: Թէ ի՛նչ տեսք պիտի ստանան անոնք, չեմ կրնար ըսել: Որեւէ արգելքի մասին խօսք չի կրնար ըլլալ: Հարցը տակաւին կը քննարկուի. թէ ե՛րբ պիտի ըլլան համաձայնութիւնները եւ ի՛նչ տեսք պիտի ստանան, չեմ կրնար ըսել», ըսաւ դեսպանը:

Ան նշեց, որ ՀԱՊԿ-ի ծիրին մէջ ալ կայ համաձայնութիւն, որ երկրորդ երկրի ներկայացուածութիւնը անդամ պետութեան տարածքին մէջ պէտք է քննարկման առարկայ ըլլայ:

Խօսելով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի մասին` Քոփիրքին յայտնեց, որ այդ հարցին մէջ Ռուսիոյ դիրքորոշումը անփոփոխ է. իրենք կ՛աշխատին ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի շրջանակին մէջ:

«Մենք կը մեկնինք անկէ, որ տագնապին խաղաղ լուծումը այլընտրանք չունի: Ատիկա պէտք է տեղի ունենայ երկու կողմերուն համաձայնութեամբ: Մեր աշխատանքին կարեւոր մասն է կողմերուն միջեւ ձեւաւորել ուղիղ երկխօսութիւն ծաւալելու նախապայմաններ», նշեց դեսպանը:

 

Նախորդը

«Տի Էքոնոմիսթ». Հայաստանը Ճանչցուած Է «Տարուան Երկիր»

Յաջորդը

ՀՅԴ-ն Կը Շնորհաւորէ «Արմէնփրես» Լրատու Գործակալութիւնը. «Ազնիւ Ծառայութիւն` Մեր Երկրին Եւ Ժողովուրդին»

RelatedPosts

ՀՅԴ Երիտասարդականը Մասնակցեցաւ Ընկերվար  Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան Պալքանեան  Եւ Սեւծովեան Շրջանային Յանձնախումբի Նիստին
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Երիտասարդականը Մասնակցեցաւ Ընկերվար Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան Պալքանեան Եւ Սեւծովեան Շրջանային Յանձնախումբի Նիստին

October 8, 2026
Ալիեւ. «Ջրային Հարստութիւններու  Պակասը Մեզի Համար Լուրջ Խնդիր Է»
Գլխաւոր լուրեր

Ալիեւ. «Հայաստանը Պէտք Է Անհետ Կորսուած Ազրպէյճանցիներու Ճակատագիրի, Զանգուածային Ու Անհատական Թաղման Վայրերու Վերաբերեալ Ամբողջական Տեղեկութիւն Տրամադրէ»

October 8, 2026
Քոս. «Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանի, Ազրպէյճանի  Եւ Թուրքիոյ Հետ Համագործակցութեան Առաջնային  Ուղղութիւնները Որոշելու Որոշակի  Նախագիծերու Ցանկ Կը Ձեւաւորէ»
Գլխաւոր լուրեր

Քոս. «Հայաստանը Իրապէս Կը Շարժի Եւրոպական Միութեան Ուղղութեամբ»

October 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.