ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ
«Թէաթրոն» թատերախումբը, Սուրէն Խտըշեանի բեմադրութեամբ, երեք ելոյթներով ներկայացուց Արթըր Միլըրի «Կամուրջէն դիտուած» (1955) թատրերգութիւնը: Ելոյթի գրքոյկին մէջ բեմադրիչի խօսքին փոխարէն` կը տեսնենք Վարուժան Խտըշեանի առաջին բեմադրութեան (1985) ներածականը: Այդ կարելի է հասկնալ որպէս կրտսեր Խտըշեանի մեծարանքը իր հօրեղբօր:
Պատմական խորապատկեր.- Բաղդատած եմ Միլըրի(1915-2005) անգլերէն բնագիրը Վ. Խտըշեանի թարգմանութեան հետ, որ հիմնուած է ֆրանսացի գրագէտ Մարսել Այմէի (Marcel Aymé 1902 -67) յարմարեցման (1957) վրայ: Ֆրանսական տարբերակը նկատելի շեղումներ ունի բնագրէն: Կայ, սակայն, կարեւոր համընկնում: Հակառակ իրենց առ երեւոյթ շատ տարբեր հնչող ասքերուն` երկու տարբերակներու վերջաբաններն ալ կը խօսին ոչ թէ տոհմապղծութեան կամ միասեռականութեան մասին, այլ` աննկուն եւ սկզբունքային կեցուածքներու: Ինչպէ՞ս հասկնալ:
Յիսունական թուականներուն Միացեալ Նահանգներու մէջ կը տիրէր «մաքարթիզմը»: «Վհուկներու» որսադաշտերն էին յատկապէս արհեստակցական միութիւնները եւ Հոլիվուտը: «Կամուրջէն» երկու տարի առաջ Միլըր գրած էր մեզի ծանօթ «Սալեմի վհուկները», որ այլաբանական ձեւով կը դատապարտէ այդ հալածանքները:
1947-1950 տարիներուն Միլըր շարժապատկերի համար գրած է «Կարմիր կեռը» (Տե՛ս ելոյթի որմազդները), որ հիմնուած է նաւահանգիստի բանուորներու արհեստակցական միութեան հարցերուն վրայ(1): Հոլիվուտ կը պահանջէ, որ «հակահերոսը» ըլլայ համայնավար մը: Միլըր կը մերժէ: Էլի Քազան, որ ծանօթ էր գործին, կը գրէ եւ կը բեմադրէ «Քարափին» ժապաւէնը (On the Waterfront, 1954), որ Միլըրի բնագրի հոլիվուտեան խեղաթիւրումն էր: Քազանի հերոսը (սկսնակ Մարլոն Պրանտօ) ո՛չ ամերիկեան արարքներու յանձնախումբին (HUAC) կը յանձնէ արհեստակցական միութեան ձախ ղեկավարներ, որոնց շարքին… իր հարազատ եղբայրը: Ասիկա ո՛չ միայն պատեհապաշտութիւն էր, այլեւ` ինքնարդարացման փորձ: Քազան այդ յանձնախումբին մատնած էր շարք մը ձախ ընկերներ: Միլըր բերուած էր յանձնախումբին առջեւ, բայց մերժած էր գործակցիլ(2): «Կամուրջը» Միլըրի պատասխանն է: Հիմնուած է իրական դէպքի մը վրայ: Բանուոր մը, որ մատնած էր իր երկու եղբայրները, վարկաբեկուած էր իբրեւ` «առնետ» ( to rat = մատնել) եւ հետագային` սպաննուած:
«Կամուրջ»-ին մէջ տեղ գտած է նաեւ Միլըրի դառնութիւնը` ծնած Մարլին Մոնրոյին հանդէպ ունեցած սեռային ցանկութենէն, որ կործանած էր իր ամուսնութիւնը, ինչպէս որ ցանկութիւնը խաթարած էր Էտիի՛ ամուսնութիւնը:
Դիպաշար եւ բներգ.- Դէպքերը կը պատահին Պրուքլինի քարափի «Կարմիր կեռ» շրջանին մէջ, որ բնակուած է իտալացիներով: Էտի նաւահանգիստի բեռնակիր մըն է: Որդեգրած է իր կնոջ` Պէաթրիսի քրոջ դուստրը` Քաթրինը, որ արդէն հասուն տարիքի հասած է: Երկու ամուսիններու յարաբերութիւնները (յատկապէս` անկողնի) սառած են: Էտի կը ցանկայ Քաթրինը, որ գիտակցաբար թէ ոչ` կը քաջալերէ Էտին: Իտալիայէն ապօրինի կերպով կը հասնին Պէաթրիսին երկու զարմիկները` ամրակազմ ու լուռ Մարքոն եւ նուրբ , խարտեաշ Ռոտոլֆոն, որ ունի կնոջական շնորհներ: Քաթրինի եւ Ռոտոլֆոյի միջեւ կը սկսի սիրային յարաբերութիւն: Կ’որոշեն արագ ամուսնանալ, որպէսզի Ռոտոլֆօ կարենայ քաղաքացիութիւն ստանալ: Էտի ամէն գնով կը փորձէ արգիլել: Մարքօ կ’ազդարարէ: Էտի կը դիմէ «օրէնքին», կը մատնէ իր քով ապաստանած «սուզանաւերը»: Էտի, որ կ’անարգուի բոլորին կողմէ, կը յարձակի Մարքոյի վրայ եւ կը խոցուի ի՛ր դանակով: Կը գործադրուի համայնքի, իմա` «Կարմիր կեռ»-ի արդարութիւնը, առնետը կը սպաննուի: Բայց, ըստ ամերիկեան օրէնքին, Էտի ոչ թէ ոճրագործ է, այլ` տիպար քաղաքացի, որ կը գործակցի իշխանութեան հետ: Երկու օրէնքներու հակադրութիւնը թատրերգութեան հիմնական բներգներէն մէկն է:
Գեղարուեստական.- Թատրերգութիւնը ունի դասական ողբերգութեան բնոյթ` երկու պատճառներով: Ձեւական առումով, ունինք տիպար մը` փաստաբան Ալֆիերի (= դրօշակակիր), որ կը կատարէ յունական թատրոնի «chorus»-ի (պատմող խումբ) դերը: Ի դէպ, Ալֆիերի բազմաթիւ ակնարկներ կ’ընէ Հին Յունաստանի եւ Հռոմի (զեղչուած): Գլխաւոր հերոսը` Էտի Քարպոնէ (3), ի սկզբանէ դատապարտուած է կործանումի ի՛ր գործած մեղքին համար: Ոչ ոք կրնայ կասեցնել այդ ընթացքը, ինչպէս Ալֆիերի ստեպ կը բացատրէ: Էտի խախտած է տոհմական թապուն եւ կ’ընթանայ դէպի աւելի մահացու խախտում, դէպի դաւաճանութիւն: Ալֆիերի ի սկզբանէ կ’ըսէ` «Ես կը տեսնեմ կործանում»: Այս յոյն դասական «գուշակութիւնը» եւս, ցաւօք, զեղչուած էր ելոյթէն:
Կան բազմաթիւ խորհրդանիշներ: Կամուրջ կրնայ հասկցուիլ որպէս բաժանում կամ անցում: Կարմիր կեռ թաղը մայր Նիւ Եորքէն բաժնուած է կամուրջով: Իտալացիներ անցում կը կատարեն գեղջկական Սիկիլիայէն դէպի մաքարթիական Նիւ Եորք: Քաթրին անցում կը կատարէ անմեղ աղջնակէ դէպի ցանկայարոյց կին…
Առաջին տեսարանին մէջ Էտի դանակով կը կիսէ կարմիր խնձոր մը: Ուշադրութի՛ւն. Էտիի «դանակը» կը խրուի Եւայի «կարմիր խնձորին» մէջ: Կրկնե՞մ: Աւելի ուշ Էտի կը սպաննուի դանակով` նոյն այդ «մեղքի գործիքով»: Այդ աղաղակող խորհրդանիշը եւս զեղչուած էր ելոյթէն:
Ռոտոլֆօ (=գայլ) ոչ թէ աթոռի վրայ կանգնած կը ճչայ հանդիսատեսէն խնդուք կորզելու համար, այլ յուզիչ կ’երգէ պարային «Թուղթէ պուպրիկ»-ը («Paper Doll», Mills Brothers, Jazz, 1943) (4): «Թուղթէ պուպրիկ»-ը դիւրաբեկ խաղալիք մըն է, որ միայն քեզի՛ կը պատկանի, միայն քե՛զ կը սպասէ: Ակնարկը ի հարկէ դիւրաբեկ Քաթրինին է, որու Էտի կ’ուզէր տիրանալ: Այո՛, ելոյթէն զեղչուած:
Բնագրին մէջ Էտի տան մէջ միշտ լրագրով զբաղած է, երբ Քաթրին բացակայ է բեմէն: Հաւանաբար կը կարդայ մարզական լուրեր: Ատիկա դասական խորհրդանիշ է, որ ցոյց կու տայ անտարբերութիւն` իր կնոջ հանդէպ: Զեղչուած: Նման զեղչումներ կը խանգարեն թատրերգութեան լիարժէք ընկալումը:
Բեմայարդարում եւ այլն.- Այստեղ կայ իսկական խոչընդոտ` նիւթականը: Գործադրուածը բաւարար էր ելոյթը իրականացնելու համար: Բարի՛: Կը մնար խորհրդանշական երեսը: Առաստաղէն կախուած նաւահանգիստի բեռնատար տախտակները (pallet) կրնան խորհրդանշել փլուզում: Շա՛տ բարի: Բայց թատրերգութեան մէջ փուլ կու գայ ոչ թէ նաւահանգիստի, այլ Էտիի աշխարհը: Այլ ելոյթներու մէջ աստիճանները կը գտնուին բեմին աջ (բարի՛, ուժեղ) կողմը եւ կ’երկարին դէպի վեր, դէպի (բարի՛, ուժեղ) «սուզանաւ»-երու սենեակը: Ելոյթին մէջ աստիճանները կը գտնուին բեմին ձախ կողմը եւ կ’երկարին դէպի դաւաճանութեան գործիք հեռախօսը եւ ապա ելք` դէպի դուրսի աշխարհ: Արդեօք դուրսի «բարձր» աշխարհը կ’անցնի դաւաճանութեան ճամբէ՞ն: Ձախ կողմ կը գտնուէր նաեւ (անարդար) օրէնքը ներկայացնող եւ առհասարակ մութ իրաւաբանական գրասենեակը: Բարի՛: Բեմի ճակատին փռուած կը տեսնենք ուռկան մը: Ատիկա հաւանաբար ակնարկ է Էտիի, որ խճճուած է իր հիւսած ցանցին մէջ: Ուրեմն հարկ է, որ ունենար խճճուած երեւոյթ: Նոյն ցանցը, առաւել «Կարմիր կեռը» կը տեսնենք որմազդին մէջ: Շա՛տ բարի:
Հագուկապը եւ դիմայարդարումը «ժմմէյզիական» էին: Մինչդեռ այսօրուան Ժմմէյզիի երեկոները ոչ մէկ նմանութիւն ունին յիսունականներու Նիւ Եորքի նաւահանգիստին հետ: Տօնածառ` կը նշանակէ նիւեորքեան սառնամանիք: Յանկարծ փողոցին մէջ կը յայտնուի թեւերը սոթտած ժմմէյզիական երիտասարդ մը` որպէս ներգաղթի գրասենեակի գործակալ… եւ այլն:
Լուսաւորումը հետաքրքրական դեր չունէր: Երբեմն նոյնիսկ անհասկնալի էր: Ինչո՞ւ, օրինակ, վերջին տեսարանին մէջ ամբողջ բեմը լուսաւորուեցաւ, երբ Մարքոն երեւաց: Ի դէպ, «Տէր Մելքոնեան»-ի բեմին վրայ գրեթէ բացառապէս կը տեսնենք կարմիր լոյս: Թերեւս սրահը պէտք է օժտել նաեւ ա՛յլ գոյնի լուսարձակներով: Ասիկա յատկապէս կարեւոր էր հեռաձայնի տեսարանին մէջ, որ կրնար լուսաւորուիլ «պաղ» գոյնով մը, ինչպէս` կապոյտ:
Երաժշտութիւնը եւ ձայնը առհասարակ, տառացի առած, յարիր էին: «Թուղթէ պուպրիկ» խորհրդանշական երգը փոխարինուած էր սերպական կրքոտ երգով մը, որ կը խօսի չմարող սիրոյ մասին: Ի հարկէ` անյարիր, բայց այստեղ կար աւելի կարեւոր հարց: Յաճախ կը հնչէին չարագոյժ նոթեր կամ նաւու ազդանիշ գոռ փողը: Ուրեմն վտանգ կը սպառնար: Բայց միթէ հանդիսատեսը անկարո՞ղ է այդ ջոկելու առանց բեմադրիչի օգնութեան: Հարկ է յարգել հանդիսատեսի ընկալելու կարողութիւնը: Հարկ է պատրաստել «գրագէ՛տ», մտածո՛ղ հանդիսատես:
Լեզուն անընդունելի էր: Հասկնալի է, որ բնագիր մը որոշ փոփոխութիւններ կրէ, երբ կ’անցնի երեք «խողովակներէ» (Այմէ եւ Խտըշեաններ), բայց հարցը այդտեղ չէ: Միլըրի մակարդակով գրողի մը իւրաքանչիւր բառը հարկ է, որ խոր ուսումնասիրուի: Այստեղ կը տեսնենք անփութութիւն: Թարգմանութեան մէջ կան հարիւրաւոր բացթողումներ եւ մինչեւ իսկ հայատառ թրքախօսութիւն: Ես պատասխանատու եմ իմ խօսքերուս: «Կարմիր կեռը» փոխարինուած էր «Կարմիր գիծ»-ով: Այդ ինքնին մօտեցումի ուղեցոյց մըն էր:
Բնագրին մէջ փաստաբան-պատմիչ Ալֆիերի միակն է, որ ճիշդ քերականութեամբ կը խօսի: Պարզ է` իտալական առոգանութեամբ, որ անոր կու տայ յարգելի անձնաւորութեան պատրանք: Էտի, Պէաթրիս, Ռոտոլֆօ եւ այլք կը խօսին Կարմիր կեռի յատուկ բարբառով: Պիտի տամ քանի մը օրինակներ. «Just don’t bring none home» բարեկրթուած է «Միայն զգուշ եղիր, որ տուն չբերես»-ի: Պէտք է մօտաւորապէս ըլլար՝ «Միայն թէ ո՛չ մէկ բան տուն մի՛ բերեր», այսինքն պահուէր կրկնակի ժխտականը, որ կը յատկանշէ բարբառը եւ հնչէր անտաշ: «You can’t take no job» թարգմանուած է` «Գործ չես կրնար գտնել»: Հարկ է, որ մօտաւորապէս ըլլար` «Դուն ոչ մէկ գործ չես առներ»: Թարգմանիչը չ՛անդրադառնար բարբառի իւրայատկութիւններուն:
Առաւել լուրջ հարցը այն յաւելումներն են, որոնք խորթ են Միլըրի մօտեցումին: Ալֆիերի կ’ըսէ, օրինակ. «Ո՞վ գիտէ, թէ մեր բնազդները մեզ ո՛ւր կ’առաջնորդեն»: Միլըր այստեղ թէ այլուր երբեք չէ թելադրած, որ մարդ իր բնազդներուն գերին է:
Կերպարներ եւ խաղարկութիւն.- Էտիի կերպարը (Կարէն Տարագճեան) ակնյայտօրէն կազմուած է Ֆրոյտեան տեսութեան ազդեցութեան տակ: Յստակ չէ, թէ ինչո՛ւ ան հեռացած է իր կնոջմէն: Պարզապէս ա՞յն պատճառով, որ իր առջեւ ունի շատ աւելի ցանկալի աղջիկ մը, թէ՞ որովհետեւ ունի ճնշուած միասեռական հակումներ: Էտի կը համբուրէ ե՛ւ Քաթրինը, ե՛ւ Ռոտոլֆոն: Էտի թերեւս կ’ատէր Ռոտոլֆոն, որովհետեւ կը վախնար: Կը վախնար, որ ան կրնար ի յայտ բերել իր թաքուն միասեռականութիւնը: Բան մը, որ զինք հիմնովին պիտի վարկաբեկէր նաւահանգիստի աշխարհին մէջ: Էտիի կացութիւնը աւելի կը բարդանայ, երբ իր հեղինակութիւնը կը վտանգուի Ռոտոլֆոյի եւ յատկապէս Մարքոյի ներկայութեամբ:
Էտի ունի արտայայտուելու դժուարութիւն, ոչ պարզապէս, որովհետեւ անգլերէնի լաւ չի տիրապետեր (այդ կարելի պիտի ըլլար շրջանցել մասամբ խօսելով իտալերէն), այլ որովհետեւ ունի «անասելի» թապու զգացումներ : Այս պատճառով Էտիի «մարմնի լեզուն» կը ստանայ մեծ կարեւորութիւն: Կողքի նկարին մէջ Ալֆիերի կ’ըսէ, որ օրէնքը լուծում չունի: Էտիի մատները հանգուցուած են, Ատիկա կը թարգմանուի, որ ան յուսախաբ է, դժգոհ, բայց կը փորձէ զսպել ինքզինք: Նստած է սրունքները բաց: Ատիկա կը նշանակէ, որ կ’ուզէ ցուցադրել կասկածի տակ առնուած իր ® առնական յատկանիշը: Դիմախաղը եւս յարիր է այդ հոգեվիճակին: Շա՛տ բարի: Արտայայտիչ հնարք էր այն պահը, երբ հեռաձայնելէ առաջ մետաղադրամները գետին թափեցան իր դողացող ափէն: Բայց միշտ չէ, որ իր շարժուձեւերը կարելի էր մեկնաբանել: Ի դէպ, Տարագճեանը յաճախ ձեռքերը կը պահէր գրպաններուն մէջ, բայց ինչո՞ւ:
Յարութ Թորոսեանը որոշ չափով դուրս եկած էր իր սովորական շարժուձեւերէն: Ողջունելի քայլ: Այստեղ, սակայն, կար ա՛յլ հարց: Ալֆիերի ե՛ւ «քորուս» էր, ե՛ւ իրաւաբան: Առաջինը կը պատմէ մարդկային ողբերգութիւնը, երկրորդը սահմանափակուած է օրէնքի գիրով: Փաստաբանը նոյնիսկ ամերիկեան օրէնսգիրքը կը համարէ «բնութեան օրէնք», իմա` անխախտ եւ յաւիտեան: Պարզ է, որ այդ Միլըրի սեւ ձաղկն է: Իրե՛նց ձեւակերպած օրէնքին «բնական» կամ աստուածատուր հանգամանք տալը պահպանողական կուսակցութիւններու ստոր հնարքն է: Ալֆիերի Էտիի աջը բռնած` կ’ըսէ. «Այս Աստծու աջը չէ՛»: Այո՛, կռահեցիք, այդ եւս ջնջուած էր ելոյթէն: Ինչեւիցէ: Հարկ էր, որ Ալֆիերի կերպարի «երկուութիւնը» կամ երկփեղումը արտայայտուէր խաղարկութեան մէջ:
Պէաթրիս «Աստուածային կատակերգութեան» մէջ Տանթէն առաջնորդող իտէալ կինն է: Սեդա Լեփեճեանը փորձառու դերասանուհի է, տուաւ այն, ինչ պահանջուած էր իրմէ:
Մարքօ իր տունը լքած է կարճ ժամանակով, մտադիր չէ ամերիկացուելու: Սակաւախօս կերպար է: Ուրեմն մարմնի լեզուն է առաջնակարգ: Սիմոն Եափուճեանը եւս փորձառու դերասան է: Կողքի պատկերին մէջ Մարքօ բռունցքը պահած է միւս ձեռքով, այս կը նշանակէ, որ կը պատրաստուի կարեւոր քայլ մը առնելու: Իմա` կասեցնել Էտին: Շա՛տ բարի: Եափուճեանը այս կերպարին աւելի արհեստավարժ մօտեցած էր, քան` «Անակնկալ հիւր»-ը թատրերգութեան մէջ, ուր առիթ ունեցած էի զինք դիտելու:
Քաթրինի կերպարը համոզիչ չէր: Կարելի չէ հաւատալ, որ ամուսնութեան տարիքի հասած աղջիկ մը չանդրադառնար, որ կրնայ ցանկութիւն յառաջացնել, եթէ ստեպ-ստեպ նետուի առողջ տղամարդու մը գիրկը: Քաթրին գիտէ, որ երիտասարդ տղաք իրեն հանդէպ անտարբեր չեն, նոյնիսկ երբ պարզապէս կ’անցնի անոնց կողքէն: Բնագրին մէջ Քաթրին մտերմութիւն ցոյց կու տայ Էտիի, բայց չի քսկռտուիր անոր: Ատիկա բեմադրիչին «ներդրումն» է: Այս մեկնաբանութեամբ, Քաթրին գործօն մեղսակից է (թէկուզ՝ մտային) տոհմապղծութեան: Այդ մեղսակցութիւնը պէտք էր, որ ունենար իր տրամաբանական հետեւանքները: Բայց ելոյթի մէջ այդ չտեսանք: Կաէլ Թորոսեանը ունի համարձակութիւն եւ շնորհ , բայց ատիկա ճամբու միայն սկզբնաւորութիւնն է: Հարկ է յատկապէս, որ մարզուի բեմական ձայնը զարգացնելու համար:
Ռոտոլֆօ համեմատաբար պարզ կերպար մըն է: Ամերիկա եկած է լաւ ապրելու համար: Ընկերային է, զուարճախօս, իգական ըլլալու աստիճան դիւրաբեկ: Ցաւօք Ռոտոլֆոյի լաւ յատկութիւններուն մասին հատուածները ջնջուած են, որովհետեւ ջնջուած կամ սղուած են այն դերակատարները (Լուիս, Մայք եւ «սուզանաւ»-երու ազգական դրացիներ), որոնք կը պատմեն այդ մասին: Ջնջուած են նաեւ Ռոտոլֆոյի շնորհները. ան լաւ, զգայուն երգիչ է, ոչ խեղկատակ: Մենք բեմի վրայ կը տեսնենք անճարակ կերպար մը: Բացի այդ` դերակատարի արտաքինը ամենեւին դիւրաբեկ տեսք չունէր: Մելանքթոն Պետրոսեանը աւելի համակրելի էր` որպէս «Happy», «Վաճառորդի մը մահը» թատրերգութեան մէջ: Պետրոսեանը շնորհալի, ընդունակ երիտասարդ է, ունի նաեւ բեմական ձայն: Պէտք է աշխատի առոգանութեան վրայ: Գնահատելի է, որ ի սէր թատրոնի` յօժարած է ընդունիլ նման կերպարանք եւ դեր: Յաջողութի՛ւն:
Միլըր բնագրին մէջ նշած է ուժգնութեան ելեւէջներ, ինչպէս եւ` լուռ դադարներ, որոնք հանդիսատեսը խորհրդածելու կը մղեն: Ատիկա նկատելի չէր ելոյթի ընթացքին: Կային նաեւ մանր թերութիւններ (ինչպէս կանգնիլ ձայնի ընկալուչի ուղղակի ներքեւ կամ շարժումի մը համար ակնյայտօրէն պատրաստուիլ), որոնք վստահաբար կարելի պիտի ըլլար շրջանցել, եթէ յաւելեալ փորձեր կատարուէին յարդարուած բեմին վրայ:
Մեկնաբանական.- «Կամուրջ»-ը Միլըրի ամէնէն խորունկ թատրերգութիւնը չէ: Տուրք տուած է ժամանակավրէպ Ֆրոյտեան տեսութեան: Վերջին տասնամեակներուն հոգեբանութիւնը աւելի հիմնաւորուած եւ շատ աւելի զգուշ դրոյթներ կը ձեւաւորէ, որովհետեւ արդի արհեստագիտութեան շնորհիւ` այժմ կարելի է հետեւիլ ուղեղի աշխատանքին: Միլըր ունի անհամեմատ աւելի արժէքաւոր գործեր, ինչպէս, մեզի ծանօթ «Գինը» եւ «Վաճառորդի մը մահը»:
Ելոյթի գրքոյկին մէջ տեղ գտած «յաւիտենական բներգներու» դրոյթը (սէր, ագահութիւն եւ այլն) յաճախ գործածուող եւ դիւրին պատճառաբանութիւն է ներկայացնելու համար ժամանակավրէպ գործեր:
Թարգմանութեան մէջ «Կարմիր կեռ»-ի փոխարինումը «կարմիր գիծ»- կը թուի նշանակալից ըլլալ: Կարմիր կեռը նաւահանգիստի բանուորներու աշխարհն է, մինչդեռ «կարմիր գիծը» այն թապուն է, որ Էտի կը խախտէ: Ելոյթին մէջ յետնագիծ աքսորուած էր կեռի աշխարհը: Այդ աշխարհը ներկայացնող 6 կերպարներէն 5-ը ջնջուած էին, իսկ վեցերորդը` անճանաչելիօրէն սղուած: Անտեսուած էր թատրերգութեան տուն տուող բներգը: Կողքի որմազդին մէջ, օրինակ, կը տեսնենք կամուրջը, կեռը եւ նաւահանգիստի բանուորները, ոչ` Քաթրինը կամ Ռուտոլֆոն:
Վարուժան Խտըշեանին ելոյթը չեմ դիտած: Կ’իմանամ, որ բեմ ելած են բոլոր կերպարները: Ուրեմն Կարմիր կեռ թաղամասը թերեւս աւելի լայն ներկայացուած էր: Սուրէն Խտըշեանը ուռճացուած էր Էտի-Քաթրին յարաբերութիւնը: Ներկայացուցած էր կրճատ եւ հիւանդագին պատկեր մը: Թերեւս նաեւ այդպէս էր, որովհետեւ կրտսեր Խտըշեանի ժամանակը աւելի անբարեհամբոյր եւ յոռետես է, քան` աւագ Խտըշեանի: Այսօր ընկերային հարցերը տակաւ կը մղուին յետնագիծ…
Յարատեւութիւն կը մաղթեմ իր ըսելիքը ունեցող բեմադրիչին եւ թատերախումբի նուիրեալ անդամներուն:
22 նոյ. 2018
——————–
- Peter Dreier, Arthur Miller’s «A View From The Bridge», 2017
- Առ ցնորքն աշխարհի նորայայտ. Ա. բներգ եւ յարակից հարցեր, «Ազդակ», 7 մայիս 2016
- Սիկիլիոյ մէջ մականուններ չկային, Քարպօնէ առաջին մականուններէն մէկն է, կը նշանակէ ածխանման, թուխ
- Ֆրանք Սինաթրայի կատարումը www.youtube.com/watch?v=86-w4MCncbw

