Աւելի քան երեսուն տարիներ առաջ հաստատուած Ամանորեան գեղեցիկ աւանդութիւնը կը շարունակուի Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճին մէջ:
Արդարեւ, քոլեճի Տիկնանց յանձնախումբին կողմէ Ամանորի առիթով ամէն տարի կազմակերպուող տօնավաճառը այս տարի եւս տեղի ունեցաւ` տօնական ուրախ ու գեղեցիկ մթնոլորտի մը մէջ:
Տօնավաճառին բացումը տեղի ունեցաւ երկուշաբթի, 17 դեկտեմբերին, քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ` ներկայութեամբ Տիկնանց յանձնախումբի անդամներուն, խնամակալութեան, տնօրէն խորհուրդին, ծնողներու եւ հրաւիրեալներու:
Տիկնանց յանձնախումբի անունով բարի գալուստի խօսք արտասանեց ատենապետ Ծովիկ Գէորգեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներկայութեամբ կը քաջալերեն այս ձեռնարկը եւ կը նպաստեն անոր յաջողութեան: Ամանորի եւ Սուրբ Ծնունդի առթիւ` Գէորգեան ներկաներուն փոխանցեց Տիկնանց յանձնախումբին բարեմաղթութիւնները:
Ամանորեան այս տօնավաճառի բացումին իրենց մասնակցութիւնը բերին մանկապարտէզի փոքրիկները, որոնք Նոր տարուան ուրախ ու խանդավառ երգերով եւ Ծննդեան շարականներով ուրախացուցին իրենց ծնողներն ու հիւրերը: Ապա ներկաները շրջեցան ու այցելեցին տօնավաճառի բոլոր բաժինները, ուր վաճառքի դրուած էին հայկական չիր ու չամիչ, մրգեղէն ու գինի, անուշեղէն, Կաղանդի զարդեղէն, խաղալիք, ձեռագործ եւ հայկական արուեստի գործեր:
Տօնավաճառը կը շարունակուի մինչեւ հինգշաբթի, 20 դեկտեմբեր, առաւօտեան ժամը 7:30-էն յետմիջօրէի 3:30:




