Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մենենտեզ Կը Խոստանայ Ցեղասպանութեան Ճանաչումը Ապահովելու Համար Գործակցիլ Հայաստանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Յաջորդ Դեսպանին Հետ

December 17, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի բարձրաստիճան անդամ Պապ Մենենտեզ յայտարարեց, թէ մօտէն պիտի աշխատի Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու յաջորդ դեսպանին հետ` Միացեալ Նահանգներուն կողմէ «Հայոց ցեղասպանութեան անկեղծ ճանաչումը ապահովելու» համար:

Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը 13 դեկտեմբերին վաւերացուցած էր Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նոր դեսպաններու նշանակումները: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Հայաստանի մէջ դեսպան նշանակած էր Լին Թրէյսին, իսկ Ազրպէյճանի մէջ` Ըրլ Լիցընպըրկըրը:

Կ՛ակնկալուի, որ նշանակումները վաւերացուին նաեւ Ծերակոյտի լիագումար նիստին կողմէ:

Մենենտեզ նաեւ կարեւոր նկատեց Հայաստանի մէջ ժողովրդավարականացման, ինչպէս նաեւ Արցախի տագնապին արդար լուծում մը գտնելու ջանքերուն աջակցութիւն ցուցաբերելը:

Նշենք, որ Թրէյսիի նշանակման վաւերացումին համար կատարուած քննարկումներուն ընթացքին, Մենենտեզ եւ Էտ Մարքի լուսարձակի տակ առած էին Հայոց ցեղասպանութեան նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւններուն թերի կեցուածքը` երաշխիքներ պահանջելով Ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչման վերաբերեալ: Սակայն, Թրէյսի մերժած էր «ցեղասպանութիւն» բառը գործածել:

Միւս կողմէ, Մենենտեզ կոչ ուղղեց Ազրպէյճանի մէջ դեսպանի պաշտօնին թեկնածու Լիցընպըրկըրին, որ պաշտօնը ստանձնելէ ետք Ազրպէյճանի իշխանութեանց վրայ յատկանշական ճնշում բանեցնէ` վերջ տալու համար Պաքուի սպառնական եւ յարձակողական քայլերուն:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան շնորհակալութիւն յայտնեց Մենենտեզին` հայութիւնը յուզող հարցերը լուսարձակի տակ առնելու անոր սկզբունքային կեցուածքին համար:

 

 

Նախորդը

Տաճիկիստանի Նախագահը Կը Զօրակցի ՀԱՊԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Պաշտօնին Պիելոռուսիոյ Թեկնածուին

Յաջորդը

«Իմ Քայլը» Դաշինքը Ստացած Է Քուէներուն 70,42 Առ Հարիւրը, ԲՀԿ-ն` 8,26 Առ Հարիւրը, «Լուսաւոր Հայաստանը»` 6,37 Առ Հարիւրը

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.