Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տաճիկիստանի Նախագահը Կը Զօրակցի ՀԱՊԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Պաշտօնին Պիելոռուսիոյ Թեկնածուին

December 17, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) անդամ Տաճիկիստանի նախագահը զօրակցած է կառոյցի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնին Պիելոռուսիոյ առաջադրած թեկնածուին` Սթանիսլաւ Զասի նշանակման: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:

Պաշտօնական հաղորդագրութեան համաձայն, նախագահ Էմոմալի Ռահմոն ուրբաթ օր ընդունած է Զասը, որ ներկայիս Պիելոռուսիոյ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարն է, եւ քննարկած ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի նշանակման ու կառոյցի արդիւնաւէտութեան բարձրացման վերաբերող հարցեր:

«Նախագահ Էմոմալի Ռահմոն պատրաստակամութիւն յայտնած է աջակցելու Պիելոռուսիոյ առաջադրած թեկնածուին` այդ պատասխանատու պաշտօնին», ըսուած է Տաճիկիստանի նախագահական պալատի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:

Անցեալ շաբաթասկիզբին ՀԱՊԿ-ի անդամ Ղազախստանի նախագահը իր կարգին հրապարակաւ աջակցութիւն յայտնած էր Զասի նշանակման, Պիելոռուսիոյ նախագահն ալ Երեւանին յորդորած էր հետեւիլ անոնց օրինակին:

Յիշեցնենք, որ ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնը թափուր է 2 նոյեմբերէն ի վեր: Մինչ այդ, այդ պաշտօնը կը վարէր Հայաստանի զինեալ ուժերու սպայակոյտի նախկին պետ Եուրի Խաչատուրովը, որ վաղաժամ ետ կանչուեցաւ «Մարտ 1»-ի գործով անոր մեղադրանք յառաջադրուելէն ետք:

 

Նախորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Պըրրիի Հետ Քննարկեց Կառավարութեան Կազմութեան Հարցը

Յաջորդը

Մենենտեզ Կը Խոստանայ Ցեղասպանութեան Ճանաչումը Ապահովելու Համար Գործակցիլ Հայաստանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Յաջորդ Դեսպանին Հետ

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.