Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը ամփոփած է 9 դեկտեմբերին տեղի ունեցած արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքները, որոնք նիստի ընթացքին ներկայացուցած է Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի նախագահ Տիգրան Մուկուչեանը:
Մշակուած են բոլոր 2010 ընտրատեղամասերէն ստացուած տուեալները. ըստ այդմ` առաջին տեղը «Իմ քայլը» դաշինքն է` 70,42 առ հարիւր ձայներով: Դաշինքի օգտին քուէարկած է 884.864 ընտրող:
Ընտրողներուն ձայները բաշխուած են հետեւեալ ձեւով.
Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւն- 59.083 ընտրող կամ 4,70 առ հարիւր:
«Քաղաքացու որոշում» ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութիւն- 8.514 ընտրող կամ 0,68 առ հարիւր:
«Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն» կուսակցութիւն- 48.816 ընտրող կամ 3,88 առ հարիւր:
«Իմ քայլը» դաշինք- 884.864 ընտրող կամ 70,42 առ հարիւր:
«Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութիւն- 80.047 ընտրող կամ 6,37 առ հարիւր:
«Քրիստոնեայ-ժողովրդական վերածնունդ» կուսակցութիւն- 6.458 ընտրող կամ 0,51 առ հարիւր:
«Ազգային առաջընթաց» կուսակցութիւն- 4.121 ընտրող կամ 0,33 առ հարիւր:
«Մենք» դաշինք- 25.176 ընտրող կամ 2 առ հարիւր:
«Օրինաց երկիր» կուսակցութիւն- 12.393 ընտրող կամ 0,99 առ հարիւր:
«Սասնայ Ծռեր» համահայկական կուսակցութիւն- 22.868 ընտրող կամ 1,82 առ հարիւր:
«Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւն- 103.801 ընտրող կամ 8,26 առ հարիւր:
Ազգային ժողովի արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն կը մասնակցէր 11 քաղաքական ուժ` 9 կուսակցութիւն եւ 2 դաշինք: Կուսակցութիւններու համար անցողիկ շեմն էր 5 առ հարիւրը, դաշինքներու համար` 7-ը:
Ազգային ժողովի արտակարգ ընտրութիւններու քուէարկութեան մասնակցած է 1.261.105 քաղաքացի կամ ընտրողներու 48,63 առ հարիւրը, ինչ որ 2017-ի ընտրութիւններէն շուրջ 314.000-ով պակաս է:
«Իմ քայլը» դաշինքը Ազգային ժողովի 9 դեկտեմբերին տեղի ունեցած արտահերթ ընտրութիւններու արդիւնքով կը ստանայ 88 պատգամաւորական աթոռ, «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը` 26, իսկ «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութիւնը` 18: «Իմ քայլը» դաշինքի չորս աթոռները կը ստանայ Հայաստանի եզիտի, ռուս, ասորի եւ քիւրտ ազգային փոքրամասնութիւններու մէկական ներկայացուցիչ: Համապատասխան որոշումը հաստատուած է Հայաստանի Հանրապետութեան Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի 16 դեկտեմբերի նիստին:
Այլ որոշումով մը յանձնախումբը ընդունած է վերոնշեալ ընտրութիւններու արդիւնքներոը` նշելով, որ «Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի 9 դեկտեմբեր 2018-ին տեղի ունեցած արտակարգ ընտրութիւններու նախապատրաստութեան եւ քուէարկութեան ընթացքին տեղի չեն ունեցած Հայաստանի Հանրապետութեան ընտրական օրէնսգիրքի այնպիսի խախտումներ, որոնք կրնային ազդել ընտրութեան արդիւնքին վրայ»: