Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի հետ:
Լիբանանի վարչապետը շնորհաւորած է Նիկոլ Փաշինեանը խորհրդարանական ընտրութիւններուն «Իմ քայլը» դաշինքի յաղթանակին առիթով եւ վստահութիւն յայտնած, որ յառաջիկայ տարիներուն երկկողմանի համագործակցութիւնը պիտի շարունակուի զարգանալ եւ ամրապնդուիլ, այդ կարգին` տնտեսական ոլորտին մէջ:
Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Նիկոլ Փաշինեանը եւ Սաատ Հարիրին քննարկած են հայ-լիբանանեան յարաբերութիւններու օրակարգային զանազան հարցեր:



