Ղազախստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւ Ասթանայի մէջ Պիելոռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Սթանիսլաւ Զասի հետ հանդիպումի ընթացքին իր աջակցութիւնը յայտնած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնին անոր թեկնածութեան: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն` յղում կատարելով Նազարպայեւի մամլոյ ծառայութեան:
Ղազախստանի ղեկավարին կարծիքով` Զաս ունի այս պաշտօնը ստանձնելու բոլոր անհրաժշետ յատկանիշներն ու գիտելիքները:
«Դուք զինուորական էք ու համապատասխան կրթութիւն ունիք, աշխատած էք սպայակոյտի մէջ, Պիելոռուսիոյ Հանրապետութեան Անվտանգութեան խորհուրդին մէջ: Դուք ծանօթ էք ՀԱՊԿ-ի աշխատանքին, մասնակցած էք տարբեր հանդիպումներու եւ ժողովներու: Մենք պիտի աջակցինք ձեզի», ըսած է Նազարպայեւ:
Ղազախստանի նախագահը իր խօսքին մէջ աւելցուցած է, որ ՀԱՊԿ-ի անդամ պետութիւնները Ս. Փեթերսպուրկի մէջ որոշած են աջակցիլ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի կողմէ առաջարկուած Զասի թեկնածութեան:
«Դուք արդէն սկսած էք հանդիպիլ կազմակերպութեան անդամ երկիրներու ղեկավարներուն հետ: Եղած էք Պիշքեքի մէջ: Ինչպէս ծանօթ է, Խըրխըզիստանի Հանրապետութիւնը այժմ կը նախագահէ ՀԱՊԿ-ին: Վստահ եմ` ձեր հանդիպումները լաւ անցած են», ըսած է Նազարպայեւ:
Յիշեցնենք, որ ՀԱՊԿ-ի նախկին ընդհանուր քարտուղար Եուրի Խաչատուրով Հայաստանի մէջ յարուցուած քրէական գործի ծիրին մէջ պաշտօնանկ եղած է նոյեմբերի սկիզբը: ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի պարտականութիւնները ստանձնած է Խաչատուրովի տեղակալ Վալերի Սեմերիքովը:
Երեւանի Արձագանգը
Միւս կողմէ, «Երկիր»-ի հետ զրոյցի ընթացքին Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի բանբեր Արման Եղոյեան ըսած է, որ ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի նշանակման հարցը պէտք է լուծուի համախոհութեամբ:



