Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա, անդրադառնալով Հայաստանի մէջ արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքներուն, ընդգծած է, որ ռուսական կողմը պատրաստ է կառուցողական երկխօսութեան:
«Մենք պատրաստ ենք կառուցողական երկխօսութիւն վարելու Հայաստանի նոր խորհրդարանին եւ ձեւաւորուելիք կառավարութեան հետ` նպատակ ունենալով աւելի ամրապնդել մեր երկիրներուն միջեւ փոխադարձ գործակցութիւնը, ի միջի այլոց նաեւ ԵՏՄ-ի, ՀԱՊԿ-ի եւ ԱՊՀ-ի ծիրին մէջ», ըսած է Զախարովա:
«Մենք հսկայական ներուժ ունինք, կան բոլոր կարելիութիւնները պահպանելու եւ զարգացնելու այն ընթացքը, որ նախապէս դրուած է մեր յարաբերութիւններուն մէջ: Մենք ունինք տարիներու ընթացքին կառուցուած երկկողմանի յարաբերութիւններու արտակարգ լաւ ընթացք, որ իր նպաստը կը բերէ երկու երկիրներու ժողովուրդներուն: Կը կարծեմ` Հայաստանի մէջ գիտեն, թէ Ռուսիան որքան ներդրում ունի երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման գործին մէջ, թէ՛ քաղաքական կամք, թէ՛ նիւթական ներուժ: Եւ ես կը կրկնեմ` մենք միշտ շահագրգռուած ենք, որ մեր դրացիները, մեր բարեկամ ժողովուրդները բարգաւաճին: Ատիկա նախ եւ առաջ մեր շահերէն կը բխի», ըսաւ Զախարովա` ընդգծելով, որ ընթացքը պէտք է պահպանել եւ թերեւս սերտել համագործակցութեան նոր ուղիներ:
Ան նշեց, որ ըստ դէտերու տուած գնահատականին, Հայաստանի մէջ խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւնները կատարուած են օրէնսդրութեան համապատասխան` առանց քուէարկութեան արդիւնքին վրայ ազդող լուրջ խախտումներու:
Զախարովա մանրամասնած է, որ այդ ընտրութիւններուն ընթացքին հետեւած դէտերու շարքին եղած են նաեւ ռուս մասնագէտներ, Տումայի երեսփոխաններ, Ռուսիոյ Դաշնակցային ժողովի Դաշնակցային խորհուրդի անդամներ:
Միւս կողմէ, Զախարովա մեկնաբանեց Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցով շփումներուն աշխուժութիւնը` պատասխանելով այն հարցումին, թէ այսօր կա՞յ արդեօք երկխօսութիւն:
«Ի հարկէ երկխօսութիւն կայ: Այստեղ որեւէ պաշտօնական յայտարարութիւն պէտք չէ, քանի որ ընդունուած փաստաթուղթերէն եւ վերոյիշեալ շփումներէն ետք ակնյայտ է, որ երկխօսութիւն կայ: Մենք կը մեկնինք այն իրողութենէն, որ ռուսական կողմը, հաշուի առնելով համանախագահի դերը, պիտի աջակցի ուժականութեան` ուղղուած գլխաւոր նպատակի իրագործման», ըսաւ Զախարովա:
Զախարովա անդրադարձաւ նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու յայտարարութեան, թէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի բնակիչները պէտք է նախապատրաստել խաղաղութեան: «Ատիկա յստակ քայլերու ամբողջ համալիր մըն է: Այդ քայլերը պէտք է մշակել: Ատով պէտք է զբաղին կողմերը` ԵԱՀԿ-ի համանախագահներուն օգնութեամբ», նշեց Զախարովա:



