Ռուսիոյ զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետ Վալերի Կերասիմով, որ աշխատանքային այցելութեամբ կը գտնուէր Պաքու, հանդիպում ունեցած է իր ազրպէյճանցի պաշտօնակից Նաճմետին Սատիքովի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը:
Հանդիպումին ընթացքին կողմերը քննարկած են միջազգային եւ շրջանային անվտանգութեան, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ սպառազինական համագործակցութեան առնչուող հարցեր:
«ԵուրԷյժա Տէյլի» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու սպայակոյտի ղեկավարները անդրադարձած են նաեւ շրջանին մէջ տիրող ռազմաքաղաքական իրավիճակին եւ անվտանգութեան: Ազրպէյճանցի պաշտօնեան ընդգծած է, որ ղարաբաղեան տագնապը հիմնական սպառնալիքն է շրջանային անվտանգութեան համար: Միեւնոյն ժամանակ ան շեշտած է տագնապի` միջազգային իրաւունքի սկզբունքներուն եւ արժեչափերուն հիման վրայ լուծման կարեւորութիւնը:
Կը նշուի, որ Վալերի Կերասիմով Պաքուի մէջ հանդիպում ունեցած է նաեւ երկրի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ:



