ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Ձեր տրամադրութիւնը պիտի բարձրանայ, եւ դուք պիտի վերատիրանաք ձեր աշխուժութեան: Այս շրջանին բախտը ձեր կողքին պիտի ըլլայ: Յաջողութիւն մը պիտի արձանագրէք: Ձեր վարուելակերպով ուրիշներուն ուշադրութիւնը պիտի գրաւէք:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Նոր գործի մի՛ սկսիք: Լոյսերէ եւ աղմուկէ հեռու մնացէք այս օրերուն: Մի՛ աճապարէք որոշում տալու մէջ: Յուսահատեցնող պայմաններ պիտի ունենաք: Ձեր միտքերը տարտղնուած պիտի ըլլան:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Ձեր մասին տպաւորութիւնները շտկեցէք: Մի՛ վարանիք օգնելու անոր, որ կարիքը ունի օգնութեան: Կը փափաքիք անդամակցիլ միութեան մը կամ կազմակերպութեան մը:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Դէպքերը արագօրէն իրարու պիտի յաջորդեն: Յաջողութիւն արձանագրելու լաւ առիթ մը պիտի ունենաք: Ճնշուած շրջան մըն է, յոգնութիւն եւ մեծ պատասխանատուութիւն պիտի զգաք:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Ուրախ պահեր պիտի ապրիք: Բախտը ձեզի պիտի ժպտի: Ճշդեցէք ձեր նպատակները: Ձախողեցնելու համար ձեր փորձերը կրկնեցէք: Ճամբորդութիւն մը պիտի կատարէք կամ ձեր ուսումը պիտի շարունակէք:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Ապահովագրական ընկերութեամբ մը պիտի հետաքրքրուիք ձեր ծերութիւնը ապահովելու համար: Եթէ պէտք ըլլայ, զիջումներ կատարեցէք: Հաւասարակշռութիւնը պահեցէք ձեր գործին եւ տան միջեւ:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Հին հաշիւներ վերատեսութեան պիտի ենթարկէք: Նոր քայլ մը պիտի առնէք: Ձեր միտքը պիտի հանգստանայ, եւ ձեր կարծիքին կողմնակիցներ պիտի գտնէք: Մինակ մի՛ մնաք, ձեր ընկերներուն հետ ժամանակ անցուցէք:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Ձեր պարտականութիւնները պիտի շատնան, եւ դուք ժամանակի կարճութիւնը պիտի զգաք: Ձեր առողջութեան հոգ տարէք: Ձեզի եղած դիտողութիւնները եւ տրուած ցուցմունքները նկատի առէք: Հարցերէն հեռու մնացէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Բախտը պիտի զօրանայ այս օրերուն: Յարմար շրջան է` հաշտութիւն կնքելու: Համարձակ եղէք ձեր կարծիքը արտայայտելու մէջ: Ամսուան լաւ օրերէն մէկն է:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Մթնոլորտը տագնապեցնող է: Պիտի ծագին ընտանեկան հարցեր, որոնք ձեզի նեղութիւն պիտի պատճառեն: Հանդարտ եւ հասկցող եղէք: Իմացէք, որ աւելորդ ջղայնութեամբ հարցեր չեն լուծուիր:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Դրական շրջան մը պիտի ունենաք: Ամէն բան իր բնականոն ընթացքը պիտի գտնէ: Մի՛ առանձնանաք ձեր կարծիքով, այլ նկատի առէք նաեւ ուրիշներուն կարծիքները:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Վերատեսութեան պիտի ենթարկէք ձեր հաշիւները: Վիճաբանութենէ եւ արկածախնդրութենէ հեռու մնացէք: Հաւասարակշռուած ծախսեցէք եւ արագ որոշում մի՛ տաք: Պայմանագիրները մանրամասնօրէն սերտեցէք: