Նիւթ`
«ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԸ ԵՒ
ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ ՊԱՀԱԿՆԵՐԸ»
Դասախօս`
ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
Տեղի կ՛ունենայ երկուշաբթի, 17 դեկտեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ:
—————————————
ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ԾԱՌԻ
ԵՒ ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ՄՍՈՒՐԻ ԼՈՒՍԱՒՈՐՈՒՄ
Սիրելի՛ լիբանանահայ ծնողներ եւ փոքրիկներ,
Ընդառաջելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի հրաւէրին, կոչ կ՛ուղղենք ձեզի, որ ուրբաթ, 14 դեկտեմբեր 2018-ի երեկոյեան ժամը 5:00-էն սկսեալ, թեմիս Կիրակնօրեայ դպրոցներու ու Ազգային վարժարաններու աշակերտութեան եւ մեզի հետ Անթիլիասի մայրավանք գտնուինք` ստանալու համար ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏի օրհնութիւնը եւ մասնակցելու եկեղեցական արարողութեան ու Նոր տարուան ծառի եւ Ս. Ծննդեան մսուրի լուսաւորման:
Այս առիթով տօնական եզակի մթնոլորտի մէջ, նաեւ Կաղանդ պապան պիտի այցելէ Անթիլիաս եւ ուրախութիւն բերէ բոլորիս:
ՆԱՐԵԿ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ
—————————————
ՆԱԽԱՏՕՆԱԿ Ս. ՅԱԿՈԲ ՄԾԲՆԱՑԻ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ
ԵՒ
ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ԾԱՌԻ ԵՒ ՄՍՈՒՐԻ ԼՈՒՍԱՒՈՐՈՒՄ
Հանդիսապետութեամբ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ
Կազմակերպութեամբ`
ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔԻՆ
Ուրբաթ, 14 դեկտեմբեր 2018-ի երեկոյեան ժամը 5.00-ին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ տեղի պիտի ունենայ Ս. Յակոբ Մծբնացի հայրապետին նուիրուած նախատօնակ, որուն աւարտին պիտի կատարուի հանդիսաւոր անդաստան Ս. Յակոբ Մծբնացի եւ
Ս. Նիկողայոս Սքանչելագործ հայրապետներու աջերով:
Ժամը 6.00-էն սկսեալ, կաթողիկոսարանի շրջափակին մէջ տեղի պիտի ունենայ Նոր տարուան տօնախմբութիւն, ծառի եւ մսուրի լուսաւորում:
Նախաձեռնութիւնը պիտի ընդգրկէ երգ, նուագ, Կաղանդ պապա ու նուէրներ:
Կը հրաւիրենք մեր սիրելի ժողովուրդի բոլոր զաւակները, ստանալու սուրբ հայրապետներուն օրհնութիւնը, գօտեպնդուելու անոնց հաւատքով եւ միասնաբար հաճելի եւ ուրախ պահեր ունենալու:
Նշենք, թէ սուրբ հայրերուն մասունքները մայր տաճարին մէջ պիտի մնան մինչեւ երեկոյեան ժամը 8.30:
—————————————
Լիբանանի Հայ Համայնքի Ընկերային Ծառայողներու Միութեան
«Զուարթնոց» Յատուկ Դաստիարակութեան Կեդրոնը
Հաճոյքով կը հրաւիրէ ձեզ
ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌԻՆ
Հովանաւորութեամբ`
ՏԻԿԻՆ ԱՆԻ ԿԻՏԱՆԵԱՆի
Տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 15 դեկտեմբեր 2018-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 6:00, Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ, Պուրճ Համուտ:
ՀՐԱՒԷՐ
—————————————
ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՂԻՇԷ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ՔՈԼԵՃԻ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ`
ԱՄԱՆՈՐԻ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌ
Բացում` երկուշաբթի, 17 դեկտեմբեր 2018-ին առաւօտեան ժամը 10:00-ին, քոլեճի սրահին մէջ:
Տօնավաճառը բաց կը մնայ մինչեւ հինգշաբթի, 20 դեկտեմբեր 2018, առաւօտեան ժամը 7:30-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 3:30:
ՀՐԱՒԷՐ
—————————————
«ՊԱՏԿԵՐ» Մշակոյթի Տուն-Օճախը
ձեզ կը հրաւիրէ
ՅՈՎՍԷՓ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆի ստեղծագործութեան
ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻՆ
ՄԱՍՆԻԿՆԵՐ
Բացում` հինգշաբթի, 20 դեկտեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 19:30-ին: Ցուցահանդէսին ժամերը, ամէն օր 11:00-19:30, «Պատկեր», «Տէր Մելքոնեան» փողոց, Ա. յարկ:
ՀՐԱՒԷՐ
—————————————
ԾԱԽՈՒ Է
Հայաստանեան դգալ-պատառաքաղի սեթ։
Դիմել՝ հեռ. 01-218259։
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐԵՐ
ՀԲԸՄ – ԼԻԲԱՆԱՆ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԵՐՈՒ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌ
ՈՒՐԲԱԹ, 7 ԵՒ ՇԱԲԱԹ, 8 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018,
ՀԲԸՄ-Ի «ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ» ԿԵԴՐՈՆ
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ Մ. ԵՒ Հ. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ
ՃԵՄԱՐԱՆԻ ԾՆՈՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
ԿԱՂԱՆԴԻ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌ
ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, 13 ԵՒ ՈՒՐԲԱԹ,
14 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018-ԻՆ
ՏՕՆԱՎԱՃԱՌԻՆ ՄԱՍՆԱԿՑԻԼ ՓԱՓԱՔՈՂՆԵՐԸ
ԿՐՆԱՆ ՀԵՌԱՁԱՅՆԵԼ ՀԵՏԵՒԵԱԼ ԹԻՒԵՐՈՒՆ.
03/905441, 70/962747 ԵՒ 03/576334
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՄԸՄ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
100-ԱՄԵԱԿԻ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՄԵԿՆԱՐԿ
15 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
«ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ»
ՅԱՏՈՒԿ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ
ՏԱՐԵԿԱՆ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌ
15 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԲԱՐԵՍԷՐ ՏԻԿՆԱՆՑ
ՄԻՈՒԹԻՒՆ-ԶԱԼՔԱ
BRUNCH
ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ,
7 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2019
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ