Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Զոհրապ Մնացականեանի հետ 5 դեկտեմբերին իր ունեցած «շատ օգտակար» խորհրդակցութեանց անդրադառնալով, Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով յայտարարած է, թէ 2019-ին պէտք է վճռական քայլեր առնուին Արցախի տագնապի լուծման ջանքերուն մէջ` «աւելցնելու համար շրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու եւ բարգաւաճում ապահովելու կարելիութիւնները»: Այս մասին կը հաղորդէ «ՓանԱրմինիըն»-ը:
Ըստ ազրպէյճանական «Հաքքին» լրատուական կայքին, նախարարը այս հաստատումը կատարած է Միլանոյի մէջ տեղի ունեցած ԵԱՀԿ-ի արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի տարեկան նիստի ընթացքին:
Մամետեարով նաեւ յատկանշական նկատած է այն իրողութիւնը, որ վերջին քանի մը տարիներուն ընթացքին առաջին անգամն ըլլալով կարելի եղած է հանդիպման աւարտին համաձայնեցնել յայտարարութեան գրութիւնը:



